ՄԻՆՍԱՐ

­Ներ­կայ յօ­դո­ւա­ծա­շար­քին (թիւ 5) «ՄԵՐ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ը…» պի­տի ձօ­նենք յու­նա­հայ մա­մու­լին խո­նարհ ծա­ռա­նե­րէն, մին­չեւ իր մա­հը պար­կեշ­տօ­րէն ու պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ սպա­սար­կած, նոր սե­րուն­դին ոչ այն­քան ալ ծա­նօթ դէմ­քե­րէն, մե­զի շա՜տ սի­րե­լի, տպա­րա­նա­պետ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի քաղցր յի­շա­տա­կին…
Մարդս այս աշ­խար­հէն կը մեկ­նի, սո­վո­րա­բար իր ե­տե­ւը պա­րա­պու­թիւն մը ձգե­լով, որ ուշ կամ կա­նուխ, ընդ­հան­րա­պէս կը լրա­ցո­ւի ու­րի­շի մը կող­մէ…
Հա­մո­զումս այն ե­ղած է, որ ո­ղոր­մած Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի պա­րա­գա­յին, մին­չեւ այ­սօր, այդ պա­րա­պու­թիւ­նը լրացնող ար­ժա­նի անձ մը չէ գտնո­ւած տա­կա­ւին…
­Բախ­տը ու­նե­ցայ ի­րեն ճանչ­նա­լու աս­կէ մօ­տա­ւո­րա­պէս յի­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ ես ալ ըն­դու­նո­ւե­ցայ «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քէն ներս, որ­պէս ա­նոր ա­մե­նակրտսեր ան­դա­մը…
Ա­ռա­ւօտ-կա­նու­խէն տպա­րան կու­գար, եւ ճիշդ դի­մացս իր «սե­փա­կան» ա­թո­ռին վրայ կը նստէր…
­Միայն թէ գիտ­նար թէ իր բա­ցա­կա­յու­թեան, ես քա­նի՜ ան­գամ  գաղտ­նօ­րէն կ­՚եր­թա­յի ու կը նստէի այդ ա­թո­ռին վրայ… տա­րի­քի չո­ճու­խու­թիւն­ներ…  
­Սուր­ճը կը խմէր, սի­կա­րե­թը կը ծխէր, եւ յա­ջոր­դա­բար ուղ­ղա­կի աշ­խա­տան­քի կ’անց­նէր, մին­չեւ յետ­կէ­սօ­րեայ ժա­մե­րուն…
Այդ տա­րի­նե­րուն գործ կը բռնէինք ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 06:30ին, եւ կ­’ար­ձա­կուէինք… երբ որ Աս­տո­ւած ու­զէր…
Մին­չեւ այ­սօր ա­կանջ­նե­րուս կը հնչեն իր հա­զը, հե­տե­ւանք՝ չա­փա­զանց ծխե­լուն, ու իր կէս-հեգ­նա­կան խնդու­քը…
Ե­թէ պա­տա­հէր որ «լի­նօ­թիբ» մե­քե­նա­յին առ­ջե­ւը ժա­մե­րով նստե­լէս ետք բռնուէի, եւ գրա­շա­րու­թիւ­նը ձգե­լով քիչ մը ոտ­քի ել­լէի, ան­մի­ջա­պէս վրաս կը բար­կա­նար…
«Տ­ղայ, սա ը­նե­լիք զը­խըմ գործդ վեր­ջա­ցուր, որ մենք ալ օր մը մար­դու պէս մեր տու­նը եր­թանք»…
Ա­հա­րո­նը գրե­լու, եւ իր գրու­թիւն­նե­րը հիւ­թեղ ու հե­տաքրք­րա­կան դարձ­նե­լու յա­տուկ ձիրք մը ու­նէր…
­Չեմ կրնար ը­սել որ յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը գրէր, սա­կայն երբ գրե­լու ըլ­լար, իր յօ­դո­ւած­նե­րուն մէջ միտք ու հո­գի կը դնէր…
Եր­կար կը մտա­ծէր, ու ա­պա ա­րագ մը թուղ­թին կը յանձ­նէր իր մշա­կած գա­ղա­փար­նե­րը եւ նիւ­թե­րը…
Բո­լոր գրու­թիւն­ներն ալ, շատ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ու հա­ճոյ­քով կը կար­դա­ցո­ւէին ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ, ու նաեւ յա­ճախ կ­՚ար­տատ­պո­ւէին ար­տա­սահ­մա­նի մնա­ցեալ հայ մա­մու­լէն եւս…
­Յօ­դո­ւած­նե­րը կը շա­րէի, յա­ճախ ի­րեն գան­գա­տե­լով իր մանր, ու ին­ծի հա­մար ան­հասկ­նա­լի գի­րե­րուն հա­մար…
«Տ­ղայ», կ­՚ը­սէր խնդա­լով, «յան­ցա­ւո­րը ես չեմ, ա­մէն ան­գամ որ մա­տի­տը», ա­յո, շի­տակ կար­դա­ցիք, «մա­տի­տը»… կը տես­նեք Ա­հա­րո­նը բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րէ բա­ցի, իր յօ­դո­ւած­նե­րը միշտ մա­տի­տով կը գրէր, «ձեռքս կ­՚առ­նեմ բան մը գրե­լու հա­մար, բա­ռե­րը մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ա­րա­գօ­րէն կու­գան մտքիս մէջ, ու ա­սան­կով ձեռքս ալ նոյն ա­րա­գու­թեամբ կը սա­հի-կ՚եր­թայ գրած թուղ­թիս վրայ»…
­Յօ­դո­ւա­ծա­գիր էր Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նը, բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով՝ «ար­տադ­րող» գրող մըն էր…
­Շա­րու­նակ հե­տը կը վի­ճա­բա­նէի, ու այն տա­րի­քիս զին­քը ա­նի­րա­ւօ­րէն կը մե­ղադրէի, կար­ծե­լով որ իր գրած կարգ մը գրու­թիւն­նե­րով, կը նա­խա­տէր սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը…
«Տ­ղայ», կ­՚ը­սէր հետս համ­բե­րու­թեամբ խօ­սե­լով, «ինչ­պէ՞ս կրնամ  հան­դուր­ժել եւ չմատ­նան­շել սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէկ բա­ւա­կան լուրջ թի­ւին ան­տար­բե­րու­թիւ­նը հայ լե­զո­ւին, հայ գիր­քին, հայ եր­գին, ու հայ մա­մու­լին հան­դէպ… չե՞ս հասկ­նար որ ե­թէ ա­սանկ շա­րու­նա­կէք պի­տի կոր­սո­ւինք»…
Կար­ծեմ սո­վո­րա­կան ­Հինգ­շաբ­թի օր մըն էր որ տպա­րան ի­ջայ, աշ­խա­տան­քի ան­ցայ, եւ սպա­սե­ցի որ պա­րոն Ա­հա­րոնն ալ գայ… ի զո՜ւր…  
Ան­բա­ցատ­րե­լիօ­րէն գէշ նա­խազ­գա­ցում մը ու­նե­ցայ…
Այդ ե­ղաւ…
Ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք խմբագ­րա­տուն հե­ռա­ձայ­նե­ցի…
— ­Բա­րի­լոյս պա­րոն ­Կա­րօ, գի­տէ՞ք, պա­րոն Ա­հա­րո­նը տա­կա­ւին չէ ե­կած…
«Ա­յո, գի­տեմ փա­շաս… նա­յէ, մի նե­ղուիր… բայց Ա­հա­րո­նը…»…
Ա­հա­րո՞­նը…
Ա­հա­րո­նը եւս ան­ցաւ ան­մա­հու­թեան..
Այ­սօր, երբ գրա­սե­ղա­նիս հա­մա­կար­գի­չին առ­ջե­ւը նստած, կը ջա­նամ իր մա­սին քա­նի մը տող գրել… մտո­վի կ­՚ե­րե­ւա­կա­յեմ որ ան­ցեա­լի նման պա­րոն Ա­հա­րո­նը, դար­ձեալ դի­մացս նստած է, ու սիկա­րէ­թը ծխե­լով սուր­ճը կը խմէ…
Եւ ե­թէ պա­հու մը, այս ան­գամ սա­կայն ոչ թէ յոգ­նու­թեանս, այլ յու­զու­միս պատ­ճա­ռով, ոտ­քի ել­լեմ ու հե­ռա­նամ գրա­սե­ղա­նիս առ­ջե­ւէն, իր ձայնն է դար­ձեալ որ կը հնչէ ա­կանջ­նե­րուս…
«Տ­ղայ, սա ը­նե­լիք զը­խըմ գործդ վեր­ջա­ցուր, որ մենք ալ օր մը մար­դու պէս մեր տու­նը եր­թանք»…
Ն­ման իր սե­րուն­դի բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեանն ալ մեկ­նե­ցաւ այս աշ­խար­հէն, մե­զի ձգե­լով հսկայ ու ան­պա­տաս­խան հար­ցա­կա­նի մը առ­ջեւ…
Ին­չո՞ւ անոր նման ազ­գօ­գուտ ու անձ­նա­զոհ հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք տա­կա­ւին այն­քա՜ն տա­լիք­ներ ու­նին մեր գա­ղու­թին, ա­սանկ ա­րագ կը մեկ­նին…
Հար­ցա­կան մը ո­րուն կար­ծես ին­քը եւս՝ շա՜տ պի­տի դժո­ւա­րա­նար պա­տաս­խա­նե­լու…
***

(*)  «­Մեր» բա­ռը յօ­դո­ւած­նե­րուն խո­րա­գիր­նե­րուն սկիզ­բը, գոր­ծա­ծած ենք ան­վե­րա­դար­ձօ­րէն ան­ցած, այդ հի՜ն տա­րի­նե­րուն քաղցր յի­շա­տա­կին: ­Նաեւ ը­սենք որ յօ­դո­ւա­ծա­շար­քը կը  վե­րա­բե­րի 1969էն — 1985 տա­րի­նե­րուն եր­կա­րող, «Ա­զատ Օր»ի պատ­մու­թեան մէկ չա­փա­զանց փոքր շրջա­նին:
15/06/2003
minsar55@gmail.com