ՄԻՆՍԱՐ
Անցեալներս պատահմամբ Գաբրիէլին հանդիպեցայ…
Գաբրիէլը «Ազատ Օր»ի ցրուիչ է…
Մեր երկարամեայ բարեկամութենէն օգտուելով հարցուցի…
-Ինչպէ՞ս ես Գաբրիէլ, գործերը ինչպէ՞ս են…
Կանգնեցաւ, նախ խորունկ շունչ մը քաշեց, ապա ըսաւ…
-Հէ՛չ մի հարցներ ընկեր, այլեւս օրէ-օր գործս մէկ աւելի դժուար կ՚ըլլայ կոր: Ամէն մարդ կը կարծէ որ ցրուիչութիւնը խաղալիք է… ժամանց է… հաւատայ որ կը սխալին:
Ցրուիչ ըլլալը, նամանաւանդ հայկական օրաթերթի մը ցրուիչը ըլլալը, ոչ թէ խաղալիք, այլ ընդհակառակը… դաժանային աշխատանք է…
-Ինչո՞ւ ասանկ կ՚ըսես Գաբրիէլ…
-Բացատրեմ… նախ եւ առաջ, պէտք է որ ամառ, ձմեռ, տաքին, ձուրտին, արեւուն, անձրեւին, թերթը ժամը-ժամուն բաժնես: Յետոյ, պէտք է, որ ամէն բաժանորդին, ասանկ ըսուած՝ «ջուրերուն հետ» քալես: Բաժանորդ կայ՝ թերթը կանուխ կ՚ուզէ, ուրիշ մը՝ թերթը շիտակ ծալլուած կ՚ուզէ… վայ եկեր է քեզի եթէ սխալմամբ իրեն ծուռ ծալլուած թերթ մը տաս… երկու ժամ գլխուդ գայլի աւետարան կը կարդայ… երրորդ մը, որ իր բնակած շէնքին չորրորդ յարկը կը բնակի, ա՞ն ալ, դժբախտաբար առանց վերելակի, կ՚ակնկալէ, որ թերթը ճիշտ իր յարկաբաժինին դուռին առջեւը տանիս դնես… վերջապէս կան նաեւ կարգ մը բաժանորդներ, որոնք կը պահանջէն, որ նոյնիսկ չափազանց տաք, պաղ կամ անձրեւոտ օրերուն, իրենց բնակարաններուն սեմին առջեւը սպասես, նշանածին սպասող սիրահարուած երիտասարդի նման…մինչեւ որ իրենք բարեհաճին մօտդ գալ եւ թերթը անձամբ առնել: Հաւատայ որ անգամ-անգամ այնքան կը ջղայնանամ, որ կատակելու նպատակով իրենց կը հարցնեմ… «Միթէ կ’ուզէի՞ք թերթն ալ ես կարդամ ձեզի»…
Հետդ չե՞ն նեղուիր…
-Նայած… բաժանորդէն կախում ունի… կան՝ որ կը խնդան, անշուշտ եթէ կատակ վերցնողներ են, ուրիշներ ալ կան, որ երեսնին կը կախեն…
-Գոնէ գանձումները կանոնաւոր կ՚ընե՞ս…
-Անշո՜ւշտ… հիմա քեզի ըսեմ չես հաւատար… գիտե՞ս ինչ կը քաշեմ եթէ պատահի, եւ շաբաթ մը բաժանորդագրութիւնը գանձելու մոռնամ… ծօ մինչեւ ճամբուն ծայրը ետեւես կը վազէն…
Կատա՞կ կ՚ընես…
- Յանցաւորը ես չեմ, առաջին դուն սկսար…
Ուրեմն գանձումներն ալ կանոնաւոր ըրած չունիս…
Չես կրնար երեւակայել թէ գանձումներուն ժամանակ, որքա՜ն կը հոգնիմ: Եղբայր, բոլորն ալ գիտեն որ Շաբաթ օրը, գանձումի օր է, բայց եւ այնպէս հազուագիւտ բացառութիւններէ զատ, երբե՛ք պատրաստ չեն ըլլար վճարելու…
-Այսինքն ի՞նչ կ՚ըսեն…
-Մտիկ ըրէ, օրինակ մը տամ քեզի, որ լաւ հասկնաս: Ուրեմն գանձումին օրը, դէմքիս վրայ իմ ամենաքաղցր ժպիտս հագած, կը մօտենամ թերթին բաժանորդներուն, ստացագիրները տալու եւ բաժանորդագինը ստանալու համար…
-«Հրամմեցէք ձեր ստացագիրը, պարոն Այսինչեան», — կ՚ըսեմ…
-«Շատ անյարմար ժամու մը եկեր ես ղուրպան, վրաս մանրուք դրամ հէչ չէ մնացած… ոչինչ-ոչինչ… քեզի բան մը ըսեմ մը, ձգէ եկող շաբաթ երկուքը միասին կը վճարեմ»…
-«Եթէ կ՚ուզէք, ես ձեր «հաստ» դրամը կրնամ մանրել, պարոն Այսինչեան», — կ’ըսեմ…
-Աման Ալլա՜հ… դո՞ւն ես մը եղեր այդ բանը ըսողը… – կը պոռթկայ, կը բարկանայ, եւ ուղղակի հետդ վիճաբանիլ կը սկսի…
-«Եղբայր ինչո՞ւ ասանկ կ՚ընես կոր եա՜… դրամդ պիտի չուտենք եա՜… շուկայի մարդ ենք եա՜…
ճակատնիս մաքուր է եա՜… մեզի մէկ բարանոց մի՚ներ եա՜…
ամօթ է եա՜… եթէ մեզի բաժանորդ չէք ուզեր կոր բացէ ի բաց ըսէք, որ մենք ալ գիտնանք եա՜»…
Իրեն կը ջանաս բացատրել, թէ ինքն էր՝ «…վրաս մանրուք դրամ հէչ չունիմ…» ըսողը, անօգուտ…
չի համոզուիր… «եա, եա, եա»ի մը պոչը բռներ կ՚երթայ կոր…
-Գոնէ ընթերցողները «Ազատ Օր»ը կը փնտռեն…
-Այո՜… անկասկա՜ծ… խօսք չո՜ւզեր… ես գոնէ այս բանը առիթը ունեցած եմ քանի մը անգամ, անձնապէս հաստատելու: Վերջինը՝ քանի մը շաբաթ առաջ: Ընթերցող մը կէս լուրջ — կէս կատակ խօսելով ըսաւ, որ եթէ օրին մէկը թերթը հրատարակուելէ դադրի, ինքը թէեւ պիտի զրկուի հայկական օրաթերթէ մը, սակայն պիտի «զրկուի» նաեւ տարեկան բաւական լուրջ ծախսէ մը:
Քեզի կը վստահեցնեմ որ նոյն այս ընթերցողը, եթէ պատահի եւ օր մը թերթը քիչ մը ուշանամ իրեն տանելու, նոյն օրը խմբագրատուն կը հեռաձայնէ, ու խե՜ղճ Վազգէնին գլուխը վերէն-վար աղուորիկ մը կ՚արդուկէ, ըսելով…
-«Ես պարոն Վազգէն, թերթը ժամը-ժամուն կը վճարեմ կոր, բայց դժբախտաբար թերթը երբե՛ք ինծի ժամը-ժամուն չի գար կոր»…
-Ի՞նչ ըսեմ Գաբրիէլ…
-Տակաւին լեցուն ուրիշ պատմուելիքներ ալ կան, բայց այսօրուան համար այսքան… կարճի կապենք որպէսզի հասնիմ այս բոլոր թերթերը ժամը-ժամուն բաժնել…
Նկատեցի որ ուսէն կախուած պայուսակը, լեբ-լեցուն էր ցրուուելիք թերթերով…
Համբերութիւն մաղթեցի ընկերոջս, եւ իրարմէ հրաժեշտ առինք… Ձեզի բան մը ըսե՞մ… գոնէ ես բոլորովին համոզուած եմ այլեւս, որ Գաբրիէլը Յիսուսի նման խաչը կրած, ամէն օր կը բարձրանայ իր Գողգոթան…
Մէկ տարբերութեամբ սակայն…Տէր մեր Յիսուս-Քրիստոսը, մէկ անգամ Գողգոթա բարձրացաւ եւ խաչուեցաւ, բայց գոնէ վերջաւորութեան յարութիւն առաւ…
Իսկ խե՜ղճ Գաբրիէլը, թէեւ ամէն օր իր Գողգոթան կը բարձրանայ ու կը «խաչուի», սակայն եւ այնպէս, «յարութիւն» առնելու բնաւ յոյս չունի…
(*)«Մեր» բառը յօդուածներուն խորագիրներուն սկիզբը, գործածած ենք անվերադարձօրէն անցած, այդ հի՜ն տարիներուն քաղցր յիշատակին: Նաեւ ըսենք, որ յօդուածաշարքը կը վերաբերի 1969 — 1985 տարիներուն երկարող, «Ազատ Օր»ի պատմութեան մէկ չափազանց փոքր շրջանին:
Ծանօթ.- Այս յօդուածաշարքի առաջին երեք մասերը լոյս տեսան վերջին շաբաթներուն՝ տպագիր թերթի ստիպողական առժամեայ դադրեցման շրջանին։ Անոնք կարելի է կարդալ «Ազատ Օր»ի կայքէջին վրայ։
15/06/2003
minsar55@gmail.com