ՄԻՆՍԱՐ
Սրտնեղած կը դիտեմ մայթին մէկ ծայրը պատռտուած վիճակի մէջ նետուած «Ազատ Օր»ը, որ փչող խենթ գամին, կ’առնէ կը բերէ ուղղակի ոտքերուս առջեւը…
Արդեօք բաժանորդը հասա՞ւ կարդալու…
Արդեօք բաժանորդը… ընթերցո՞ղ է…
Արդեօք «Ազատ Օր»ի բաժանորդները, Եւրոպայի այս միակ հայկական օրաթերթը կը կարդա՞ն…
Կ՚ենթադրեմ սիրելի ընթերցողներ, թէ այս հարցումներուն պատասխանները, որոշ չափով բոլորիս ալ յայտնի են…
Այո… յայտնի՜ են…
Բայց կարծես… աւելի մենք մեզի համոզելու նպատակով, չենք ուզեր հաշտուիլ ներկայ գոյավիճակին հետ, եւ ընդունիլ… որ օրաթերթը ստացողներուս մեծամասնութիւնը, ասանկ ըսուած՝ «աչք մը» նոյնիսկ չե՛նք «նետեր» անոր վրայ…:
Կը յիշեմ 1968ի բաւական տաք օր մըն էր, — (մօտաւորապէս ասկէ… հաշիւն ալ կորսնցուցեր ենք այլեւս), — երբ կարճ տաբատ մը հագած, առաջին անգամ ըլլալով գացի ու կանգնեցայ Աթէնքի Հին Փլաքայի շրջանը գտնուող, — (Նաւարխու Նիքոտիմու եւ Անտրիանու փողոցներուն անկիւնը), — եւ «Ազատ Օր»ի գետնայարկ տպարանը իջեցնող, ժամանակէն մաշած, մարմարեայ այդ 17 սանդուխներուն սանդուխագլխին առջեւ…
Ահարոն Ստեփանեանի ըսելուն… «դէպի դժոխք տանող, անիծեալ 17 սանդուխները»…
Փոքրիկ գրասեղանիկի մը ետեւը նստած էր պարոն Վազգէնը (Վազգէն Եսայեան): — Հայ գրականութեան ծառայելու կոչուած այդ համեստ ու հանդարտ անձը: Հայորդի մը, որ կարծես աւելի բանաստեղծ էր, քան խմբագիր…
Գրասեղանին ձախ կողմը, երկար ու փայտաշէն սեղանի մը վրայ յարմարցուած ճերմակ մարմարի մը առջեւ, կանգնած էր պարոն Ահարոնը (Ահարոն Ստեփանեան): — «Ազատ Օր»ի տպարանապետը…
Գրասեղանին աջ կողմը կը գտնուէր պարոն Խրիսթօս Սերասիսին աշխատցուցած ճնշան, — (տպագրիչ) — մեքենան…
Թող Աստուած այդ խարխուլ բանը մեքենայ ընէր…
Երեւակայեցէք որ պարոն Խրիսթօսին հայրը այդ նոյն մեքենայով, 2րդ Համաշխարհային պատերազմէն առաջ, կը տպէր «Ազատ Օր»ի նախահայր՝ «Նոր Օր»ը…
Նախ կը տպուէր թերթին «սալոնը»… այսինքն ներսի 2րդ եւ 3րդ էջը, ու յաջորդաբար, դուրսի 3րդ եւ 4րորդ էջը: Եւ այս բոլոր աշխատանքը կ‘ըլլար, թերթին մեծութեամբ սպիտակ թուղթի էջէրը, ձեռքով մէկ առ մէկ ճնշան մէքէնային մէջ քշել-զետեղելով…
Այդ տարիներուն օրաթերթը լոյս կը տեսնէր մեծածաւալ չորս էջերով…
Չորորդ էջը դիտմամբ քիչ մը կ’ուշանար էջադրուելու, որովհետեւ մեզմէ հեռու, անգամ-անգամ կը պատահէր, ու վերջին ժամուն մահազդ մը, հոգեհանգիստ մը, նուիրատուութիւն մը, Միութենական յայտարարութիւն մը, եւ կամ ալ բացառիկ ու շատ կարեւոր բան մը կը հասնէր տպարան, նոյն օրը հրատարակուելու համար…
Այսպիսի պարագաներու լաւ կ՚ըլլար, որ սաստիկ զայրացաց պարոն Ահարոնէն, որոշ… «ապահով» հեռաւորութեան վրայ մնայիր…
Խեղճ մարդը կը ստիպուէր 4րդ էջը ամբողջութեամբ աւրել ու դարձեալ սկիզբէն էջադրել…
Բաւական ժամավաճառ ու հոգնեցուցիչ աշխատանք մը, միշտ նկատի ունենալով որ այդ տարիներուն ամբողջ թերթը տպարանապետին կողմէ կը կազմուեր…
Տպարանին յետնամասը — (պարոն Վազգէնին գրասենեակին ճիշտ ետեւի բաժինը) — ամբողջութեամբ կը պատկաներ պարոն Արմէնին: — (Արմէն մանուկեան): — Մարդու մը, որ իսկապէս կը տանէր թերթին ամենադժուարին ու ամենասեւ աշխատանքը…
Այդ տարիներուն թերթը ամբողջութեամբ կը պատրաստուեր «ձեռքերով»…
Այսինքն հատիկ-հատիկ ու քով-քովի շարուած կապարէ տարերով նախ կը գրաշարուէր, ապա կ‘էջադրուէր, կը կազմուէր, կը տպուէր, կը ծալլուէր, ու վերջաւորութեան ցրուիչներուն կը հասնէր, բաժնուելու համար…
Տարիներ ետք է միայն, որ Ամերիկայի «Հայրենիք» օրաթերթէն «Ազատ Օր» ղրկեցին առաջին «լինօթիբ» մէքէնան…
Արդէն այդ «լինօթիբ» մեքէնային պատճառով էր, որ ես ալ անդամագրուեցայ «Ազատ Օր»ի ընտանիքին…
Թերթի օրական տպաքանակը մօտաւորապէս 1.500 թերթ էր, եւ կը յիշեմ որ այդ «Սուրբ Երրորդութիւնը» կը գանգատէր ըսելով, որ «իրենց տարիներուն» բաղդատած, «թիրաժ»ը շա՜տ ինկած էր…
Աղէկ, որ այսօր երեքն ալ «ճամբորդած» են, եւ ասանկով չեն տեսներ թերթին այսօրուայ դիմագրաւած դժուարութիւնները…
Վերջապէս… շարունակենք…
Ուրեմն, երբ իրենց իմացուցի այցելութեանս նպատակը, պարոն Վազգէնը անուշ ժպիտով մը, ինծի բարի գալուստ մաղթեց…
Պարոն Ահարոնը, նախ վերէն-վար ինծի աղուոր մը չափեց, ու ապա հարցուց…Դուն տղաս ընտանիք կազմելու նպատակ ունի՞ս…
Կանքնած տեղս քարացած մնացի, առանց կարենալ հասկնալու իր ըրած հարցումին նպատակը: Զարմացած երեսին նայեցայ…
Նորէն հարցուց…
Դուն տղաս ամուսնանալ կ՚ուզե՞ս…
Երբ որ մեծնամ կ‘ուզեմ ամուսնանալ պարոն, բայց տակաւին շատ պզտիկ եմ, — (ըսի կաս-կարմիր դարձած):
Ուրեմն քանի տակաւին պզտիկ ես, ժամ առաջ ելլիր փախէ աստեղէն, հոս մնացողը միայն թերթին հետ կ’ամուսնանայ տղաս: Մեզի կը տեսնե՞ս, մենք երեքս ալ ամուրի ենք, ոչ կին, ոչ զաւակ, ոչ ալ «մեր» ընտանիքը ունինք…: Մենք ամուսնացեր ենք «Ազատ Օր»ին հետ, եւ հոգը ունինք ամէն օր աշխարհ գալիք 1.500 «նորածիններու»: — (Ըսաւ պարոն Ահարոնը)…
Այդ փոքր տարիքիս, չկրցայ հասկնալ պարոն Ահարոնին ինծի ըսած խօսքերուն նպատակը…
Տարիներ ետք միայն, երբ սկսայ հասկնալ օրաթերթ մը, նա մանաւանդ հայկական օրաթերթ մը ամէն օր հրատարակելու դժուարութիւնը, այդ ժամանակ հասկցայ նաեւ այդ խօսքերուն իմաստը…
Իսկապէս, այդ երեք «հերոսներն» ալ, մինչեւ իրենց կեանքի վերջին շունջը, իրենց ամբողջ էութեամբ ծառայեցին «Ազատ Օր»ին, եւ այս թափուր աշխարհէն մեկնեցան, ետեւնին ձգելով նկատելի պարապութիւն մը…
Շատ պիտի երազե՞ս տակաւին…Ո՞վ է խօսողը, հա դո՞ւն ես, ի՞նչ ընենք, ժամանակները փոխուեր են այլեւս: Ամէն մարդ իր կեանքը բարելաւելու մասին կը մտածէ միայն: Աշխարհի տէրն ու տիրականը անձնական շահը եղեր է: Հայրենասիրութիւնը, հայասիրութիւնը, անձնազոհութիւնը, ինքնանուիրումը, ու ասոնց նման իմաստները, այլեւս եղեր են անիրատես ութոփիաներ…
Բայց կը կորսուինք, մեր գաղութը հսկայ ճգնաժամի մը առջեւը կը գտնուի, ու մենք միմիայն ախտաճանաչումներ ընելով կը գոհանանք, առանց որեւէ դարմանում առաջարկելու: Հայ լեզուն եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնը, պաշտօնապէս մեռեալ լեզու հռչակուեր է… հայ երգ լսողները հազուագիւտ են, հայկական գիրք կամ թերթ կարդացողները սակաւաթիւ են… մեր վարժարաններէն ներս յունարէն լեզուն կը գերազանցէ հայերէնին… մանկապարտէզի մատղաշ փոքրիկները նոյնիսկ, իրարու հետ պլպուլի պէս յունարէն կը խօսին: Ու այս բոլորը դիմագրաւելու համար, մենք ի՞նչ կ‘ընենք… բացարձակապէս՝ ՈՉԻ՛ՆՉ…:
Մեր պոչը կը քաշենք, ու ամէն բան մեր «պատասխանատուներէն» կը սպասենք…
Գլխուս գայլի աւետարա՞ն պիտի կարդաս հիմա…
Ո՛չ, անանկ նպատակ չունիմ, պարզապէս պիտի ուզէի մատնանշել բան մը, որ գոնէ այդ մէկը շա՜տ յաջող կերպով կ‘ընէք…
Ի՞նչ բան է եղեր անի…
Քննադատութիւնը… թէեւ ձեր զանազան գործերուն երեսէն, երբեք ժամանակ չէք ունենար գաղութային որեւէ աշխատանքի մասնակցելու, սակայն եւ այնպէս բաւական մեծ դիւրութեամբ ժամանակ կը գտնէք, շարունակ ժխտական ձեւով քննադատելու, ձեր «պատասխանատուներուն» տարած բոլոր աշխատանքները, նոյնիսկ մէկ հատ դրական գործունէութիւն չգտնելով…
Աս ըսածդ ճիշտ է, շատ մեծ իրաւունք ունիս… չէ… ծուռ նստինք շիտակ խօսինք…
Իրաւունք ունենալս գիտեմ, բայց ինծի ըսէ նայիմ, այդ իրաւունքս ո՞ւր պիտի գտնամ… կը տեսնե՞ս ինծի… քիչ առաջ երբ տպարանէն թարմ-թարմ դուրս ելլայ, հայկական յօդուածներով ու լուրերով լեցուն օրաթերթ մըն էի… բայց վիճակս հիմա նայիր, կը տեսնե՞ս… քամին փչեց ու առաւ տարաւ նման պատռտուած քուրջի կտորի…
Ձեզմէ ոեւէ մէկը մտածեց թէ ես ինչեր քաշեցի, ինչ հանգրուաններէ անցայ, քանի հոգիներու քրտինքով թրջուեցայ, մինչեւ ձեր ձեռքը հասնիլս…
Ոտքերուս առջեւը եկած «Ազատ Օր»ի տառերը, ինծի կը դիտէն սեւ աչքերու նման…
Անոնց մէջ նշմարեցի արցունքի խոշոր կաթիլներ…
ՄՈՌԱՑՈՒՄ…
() Այսքան տեղափոխութիւններէ ետք, անպայման հատ մը պիտի մոռնայինք: Ուրեմն «ՄԵՐ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ը» յօդուածաշարքի թիւ 1ին մէջ գրուած էր, որ Ռաֆթոբուլուի «տպարանէն», թերթը Ֆիքսի «Սրբ. Կարապետ» եկեղեցւոյ զանգակատունին կից գտնուող սենեակը փոխադրուեցաւ: Դժբախտաբար սակայն, այս փոխադրութենէն առաջ հատ մը եւս եղաւ, այս անգամ Նէոս Գոզմոսի «Սֆիկոս» ճամբուն վրայ գտնուող «տպարանի» մը մէջ, ու անկէ յետոյ է միայն որ թերթը փոխադրուեցաւ «Սրբ. Կարապետ» եկեղեցւոյ զանգակատունին կից գտնուող սենեակը… () «Մեր» բառը յօդուածներու խորագրին սկիզբը, գործածած ենք անվերադարձօրէն անցած, այդ հի՜ն տարիներու քաղցր յիշատակին: Նաեւ ըսենք որ յօդուածաշարքը, կը վերաբերի 1969էն — 1985 տարիներուն երկարող, «Ազատ Օր»ի պատմութեան մէկ չափազանց փոքր շրջանին:
15/06/2003
minsar55@gmail.com