ՄԻՆՍԱՐ
Սիրելի «Ազատ Օր»ս…
Որոշեցի այս յօդուածաշարքը գրել, պարզապէս որովհետեւ քեզի որպէս իմ մէկ մտերիմ ընկերս կը զգամ, կը սիրեմ ու կը յարգեմ…
Այսքան տարիներ ետք, դուն ոչ միայն իմ, այլ նաեւ քու բոլոր ընթերցողներուդ հարազատ մէկ ընկերը եղած ես այլեւս…
Կեանք առիր, քեզի վստահուած այս ծանր պարտականութիւնը, հայ մամուլին ծառայելու հոգեմաշ պարտականութիւնը, առանց երբեք տրտնջալու, ամէն օր քայլ մը առաջ տանելու համար: Ու թէեւ բաւական տասնամեակներ կը կրես, քու ալեւոր բայց առնական ուսերուդ վրայ, այս բոլոր տասնամեակները, որեւէ ժամանակ պատճառ չդարձան, որ դուն մեր բոլորին պարտաճանաչ, ու ժամադրութիւնը յարգող օրաթերթ-ընկերը չըլլաս…
Կարծես օր մը նոյնիսկ անցած չըլլայ վրայէդ, եւ դուն նոյն ժրաջան քայլերով կը շարունակես բարձրանալ, հայ մամուլին ծառայելու դասուած, դժուարանցանելի այս լերան զառիվերի գագաթը…
Տասնամեակներդ յիշատակելով, չկարծեր որ քեզի ծերացնելու նպատակ ունիմ…
Ընդհակառակը…
Կ’ուզեմ քեզի վստահեցնել, թէ քանի տարիներ ալ անցնին, դուն պիտի շարունակես մնալ Եւրոպայի ամէնաերիտասարդ հայ օրաթերթը…
Կը ներես, սխալ արտայայտուեցայ…
Եւրոպայի միա՛կ հայկական օրաթերթը…
Նախանցելի տիտղոս, ու մեծագոյն պատիւ մը մեր գաղութին նման, փոքր գաղութի մը համար…
Չեմ կրնար նոյնիսկ կատակի համար մտածել, որ կրնայ գալ օր մը, երբ չես գիտեր որ չար բախտի բերմամբ, դուն նաեւ պիտի «արժանանաս» քու «անբախտ գործընկերներուդ» սեւ ճակատագրին…
Այսինքն նախապէս ըլլալ երրորեայ, յետոյ շաբաթօրեայ, աւելի ետք երկշաբաթեայ, յաջորդաբար ամսաթերթ, ու վերջաւորութեան…
«Կը յիշէ՞ք ընկերներ, ժամանակին մենք ալ «Ազատ Օր» անունով օրաթերթ մը ունէինք, բայց…
դժբախտաբար գոցուեցաւ»…
Ս Խ Ա՛ Լ… չի՛ գոցուեցաւ… Մ Ե՛ Ն Ք Գ Ո Ց Ե Ց Ի Ն Ք…
Եւ ինչպէս կ’ըսէ ժողովրդային իմաստուն ասացուածքն ալ… «Գնա՜ մեռիր… եկուր սիրեմ»…:
Վերջապէ՜ս… չեմ ուզեր այսպիսի սեւ մտածումներով, քեզի նեղացնել ու վէրքերդ գերել…
Կը յիշեմ մանկութիւնդ, երբ Հին Փլաքայի ստորնայարկ տպարանին մէջ, «Սուրբ Երրորդութեան», այսինքն՝ Վազգէն Եսայեանին, Ահարոն Ստեփանեանին, Արմէն Ստեփանեանին, տպարանի անձնակազմին, ու անձնազոհ ցրուիչներուն ջանքերուն շնորհիւ, կը տքնէիր որ ժամ առաջ, ասանկ ըսուած՝ տաք-տաք հասնիս, քեզի անհամբերութեամբ սպասող քու բոլոր ընթերցողներուդ…
Որքա՜ն խանդավառուեցանք, երբ Ամերիկայէն քեզի նուիրեցին առաջին linotype, — («լինոդայբ»-տողաշար), — մեքենան…
Վերջապէս «աղջիկներդ» պիտի ազատէին, այդ «անիծեալ» մելանին պատճառած արատներէն…
Խեղճերը… ժամերով կը լուացուէին, բայց այդ «անպիտան սեւ մելանը» իրենցմէ չէր բաժնուէր:
Նման ամուսնացեալներու ոսկի մատանիներուն, որոնց միջոցաւ կ’ուզեն բոլորին տեղեկացնել, «որ մենք երկուքս այլեւս իրար կը պատկանինք, եւ Աստուծմէ զատ, ուրիշ ոեւէ մէկը մեզի չի կրնար բաժնել»…
Կ’երեւայ թէ դուն ալ, երբ այդ «մելանեայ մատանիները» կ’անցընէիր անձնակազմի «աղջիկներուդ» ազնիւ, փափուկ, ու բարակ մատներուն… կ’ուզէիր նոյն բանը ազդարարել բոլորիս…«Մտիկ ըրէք խնդրեմ… այս աղջիկները ի՛մս են… միայն ինծի՛ կը պատկանին, եւ Աստուծմէ զատ ուրիշ ոեւէ մէկը չի կրնար բաժնել մեզի»…
Տարիները անցան, հասակ նետեցիր, ու այլեւս դարձար վայելուչ ու շնորհալի երիտասարդ մը…
Արդէն անցեալի «Սուրբ Երրորդութիւնը», փոխարինուած էր երիտասարդ երրորդութեամբ մը…
Տպարանին մէջ բաւական բաներ փոխուած էին, սակայն դուն կը շարունակէիր մնալ փայլուն ու նախանձելի: Կարծեմ այդ թուականներուն էր, երբ տեղի ունեցաւ քու առաջին փոխադրութիւնդ, ու Հին Փլաքայի ստորնայարկ տպարանէն, տեղափոխուեցար Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանին մօտ գտնուող, «նոր ու աւելի արդիական» տպարան մը…
Արդէն Ամերիկայի «Հայրե-նիքէն»էն քեզի դարձեալ նուէր եկած էր, աւելի արդիական երկրորդ գրաշար մեքենայ մը, ու ծախու առնուած էր նաեւ «Խայտէմպէրկ» ինքնագործ ճնշիչ մեքենայ մը…
Քու առաջին գրաշար մեքենադ, կարծեմ ղրկեցիր Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին… Տպարանի բոլոր «աղջիկներդ», կարծես յաջողած էին քեզմէ բոլորովին «ձերբազատիլ» այլեւս…
Բոլորովի՞ն…
Բայց… միթէ կարելի՞ է քեզմէ բոլորովին «ձերբազատիլ»…
Ո՛չ, կարելի չէ…
«Նոր ու արդիական» տպարանն ալ շատ չդիմացար… ու օրին մէկը ելլար գացիր, նոյն շրջանի Ռաֆթօբուլու ճամբուն վրայ գտնուող, աւելի «կոկիկ տպարան» մը…
Կարծես հոն ալ շատ մնալի՞ք էիր..
Այդ «կոկիկ տպարան»էն ալ փախար, այս անգամ բարձրանալու համար, Նէոս Գօզմոսի (Ֆիքսի) շրջանի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ զանգակատունին կից գտնուող սենեակը…
Բախտի բերմամբ… ողջմտութիւնը միացաւ… սուրբ հոգիին…
Արիացած ու եղած էիր գիտակից միջահասակ մը…
Տպարանը որպէս տպարան, արդէն շատոնց կորսնցուցած էր «իսկական տպարանի» մը իմաստը…
Կրնամ ըսել Ռաֆթօբուլուի «տպարանէն» սկսեալ…
Պաշտօնէութեան տարիներու երազը, վերջապէս իրականացած էր, ու ձերբազատելով կապարէն ու մելանի դրոշմումէն, այլեւս անցած էր համակարգիչներու այժմէական ժամնակաշրջանին…
Քեզի բան մը պիտի ըսեմ, եւ հաւատայ որ ճշմարիտ կը խօսիմ…
Ով որ այցելած ու շնչած է, քու ծննդավայր ստորնայարկ Հին Փլաքայի տպարանիդ, մելանին ու կապարին հոտը, քանի տարի ալ անցնի, այդ հոտը երբե՛ք չ՝երդար իր ռունգերէն…
Բախտը ունեցած եմ այդ հոտը ես ալ շնչելու, եւ Աստուած վկայ այդ «թունաւոր» հոտը, մինչեւ այսօր…որպէս թանկագին անուշահոտ, տակաւին մնացած է ռունգերուս մէջ…
Քանի մը տարիներ եւս սահեցան, ու կարծես բոլորովին մոռնալով քու ստորնայարկ ծննդավայրդ, իբրեւ առծիւ աւելի բարձր սուրալով, հասար Սինկրու Պողոտայի շէնքին վրայ գտնուող նստավայրդ…
Մտածեցինք որ այս մէկը քու վերջին տեղափոխութիւնդ էր…
Գոնէ սկիզբը անանկ կարծեցինք…
Եկուր տես որ ճակատագիրդ քեզի, վերջին տեղափոխութիւն մը եւս ծրագրած էր եղեր…
Բարեբախտաբար սակայն, այս մէկը իսկապէս վերջինդ եղաւ, ու այդ օրէն սկսեալ այլեւս մեզի կը հասնիս, քու անձնական արծուաբոյնէդ, ու վստահ եմ որ պիտի շարունակես հասնիլ այնքան ժամանակ, որքան ժամանակ քու ընթերցող-ընկերներդ, անհամբերութեամբ կը սպասենք քեզի…
Մի՛ուշանար… Քեզի միշտ փնտռող
Փանոս Փանոսեան
Աթէնք, 5 Մարտ 2003
minsar55@gmail.com
(*) «Մեր» բառը յօդուածաշարքի խորագրին սկիզբը, գործածուած է անվերադարձօրէն անցած, այդ հի՜ն տարիներուն գաղցր յիշատակին:
Նաեւ ըսեմ որ շարքին որոշ յօդուածները կը վերաբերին 1969էն — 1985 տարիներուն երկարող, «Ազատ Օր»ի պատմութեան մէկ չափազանց փոքր շրջանին: