Միհրան Քիւրտօղլեան
Ուսանողական ընթերցումներուս մէջէն զիս տպաւորած էր Գրիգոր Զոհրապի «Կոտրելէն ետք» խորագրով գրութիւնը, ուր ան կը նկարագրէ, թէ ծանօթէ մը իրեն նուիրուած մէկ հատիկ սուրճի գաւաթ մը, իբրեւ անգործածելի առարկայ, ինք լքած էր իր գրասենեակին անտեսուած մէկ անկիւնը: Ժամանակ մը վերջ, գաւաթին գոյութիւնն իսկ մոռցած, թուղթերը կարգի դնելու պահու մը իր անզգուշութենէն գաւաթը կ՚իյնայ, կը կոտրի: Կտորուանքը հաւաքելու ընթացքին միայն կը նկատէ, թէ անիկա շա՜տ թանկարժէք, թագաւորական հնաւանդ գաւաթ մըն է, որուն վրայ ինք ուշադրութիւն չէր դարձուցած…:
Տարօրինակօրէն ծանօթ այս գրութիւնը յիշած էի կաթողիկէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին մէջ, շուրջ քառասուն օրեր առաջ, երբ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ու յաւերժին յանձնուած տիկին Ովսաննա Գարապաճագեանի դագաղին վերեւ՝ թաղման կարգը կատարող գերապատիւ վարդապետը պարզ, այլ հոգեշունչ քարոզով վեր կ’առնէր ննջեցեալին բարեմասնութիւնները:
Անցնող՝ 21 Յուլիսի Կիրակին, միեւնոյն վայրին մէջ, յաւէտ ննջեցեալի յիշատակին ի յարգանս համագումարեալ յորդող բազմութեան մը ներկայութեան կատարուող քառասունքի արարողութեան, վերստին յիշեցի նոյն գրութիւնը՝
Կոտրելէն ետք…:
Յուզումի այդ պահուն, մտածումի զուգորդութիւն մը մուրճի պէս կը հարուածէր ուղեղս: Ոչ իմաստի, այլ բառերու փոքր փոփոխութեամբ մը՝ թանկարժէք այդ կոտրած գաւաթին միեւնոյն ճակատագրին ենթակայ չե՞ն նաեւ մարդիկ՝
Մեռնելէ ետք…
Անոնք, որոնք ի կենդանութեան պարզակեաց, համեստ, բարի ու ազնիւ կենցաղով մարդիկ եղած են, որոնք իբրեւ հասարակութեան մէկ անդամը ոչինչով տարբերած են միւսներէն, բացառութիւն չեն եղած, հանրային «ծանօթ» դէմք չեն եղած, հեղինակութիւն չեն, հարուստ ալ չեն եղած, որ բարերարութեամբ «անուն» դարձած ըլլան, ընդհանրապէս անոնք իրենց ողջութեան շուքի մէջ ու աննկատ կը մնան, որպէս մարդ-արժէք յաճախ նոյնիսկ կ՚անտեսուին: Բայց ահաւասիկ, որ մահէն ետք անոնք իրենց ամբողջ վեհութեամբ ու բարեմասնութիւններով կը ներկայանան մեզի:
Մեռնելէ ետքն է, որ կ՚անդրադառնանք, թէ անոնք իրենց «աննշմար» ներկայութեանը մէջն իսկ եղած են իւրովի բացառիկներ, տուած են իրենց շրջապատին այն, ինչ որ միայն կրնային տալ՝ ազնուութիւն, գուրգուրանք, սէր, հոգածութիւն…:
«Կոտրելէ ետք», մեռնելէ ե՛տքնէ, որ անոնց ճշմարտութիւնը կը ճառագայթէ:
Այդպիսիներէն էր սիրեցեալն տիկին Ովսաննան, իր անունին իմաստը մարմնաւորող արժանաւոր ու եզակի բնաւորութեամբ: Համակ ազնուութի՜ւն ու գուրգուրանք:
Ընտանեօք Աթէնք փոխադրուելնուս, առաջիններէն էր, որ ճանչցանք Գարապաճագեանները՝ ննջեցեալին վաղամեռիկ ամուսինը՝ Անդրանիկը, դուստրը՝ Կիւլա եւ մանչը՝ Պաղտիկ (նախակրթարանի 6րդ կարգի աշակերտ), որոնք գրկեցին մեզ անկեղծ սիրով, հոգածութեամբ ու յարգանքով, որոնց այնքան պէտքը ունէինք յատկապէս հարազատներէ նոր բաժնուած սկզբնական այդ ամիսներուն:
Չարքաշ աշխատանքով կ՚ապահովուէր քառանդամ ընտանեկան բոյնին օրապահիկը, բայց որեւէ օր եւ որեւէ պատճառով իրենց վիճակի մասին դժգոհանք չեմ լսած, չէ լսուած: Ընդհակառակը. միշտ հիւրասէր ու գոհ՝ իրենց վիճակէն, կեանքէն:
Ամուսնին անժամանակ մահէն ետք, երկու անչափահաս զաւակներու հոգածութիւնը նպատակ դարձուց տիկին Ովսաննան: Բախտին դէմ լուռ ու անտրտունչ դժխեմ մաքառում մը եղաւ կեանքը: Թէ ինչպէ՞ս սեփական պայքարով իր սեփական բախտը կրանեց, միա՛յն ինք գիտէ եւ մենք՝ զինք ճանչցողներս միա՛յն կրնանք կռահել, թէ մայրական ինչպիսի նուիրուածութեամբ յաջողեցաւ ան զաւակները չափահաս տարիքի հասցնել եւ զանոնք կրթեց այնպէս, որ անոնք մինչեւ օրս պարկեշտօրէն ծառայեն հանրային գործերու ու նպաստեն ազգային ու կազմակերպական ճիգերու:
Հոս եւս, իբրեւ միութենական, հաւատարմօրէն մասնակից դարձած է իր սիրած ու պատկանած կազմակերպութեան՝ Հայ Կապոյտ Խաչի աշխատանքներուն, օրինակ դառնալով նախ իր զաւակներուն, ապա նաեւ ուրիշներու: Հաւանաբար իր կեանքի ելեւէջները չէին արտօներ, որ վարչական պաշտօններ ստանձնէ, բայց եւ այնպէս ժողովական մասնկացութեան մէջ ցոյց տուած է օրինակելի հետեւողականութիւն՝ մշտական ներկայութեամբ:
Քառասունքին՝ կը մօտենամ աղջկան՝ Կիւլային, կը մօտենամ զաւկին՝ Պաղտիկին եւ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» ըսելէ ետք. «օրինակելի ու նուիրեալ մայր եղաւ, օրինակելի մեծ մայր եղաւ եւ բոլորիս համար ալ՝ ազնուութեան տիպար հայուհի մը», եւ կ՚աւելցնեմ. «արդարներուն յիշատակը միշտ օրհնեալ է…»:
Կողքէս հարսն է. «օրինակելի կէսուր մամա էր նաեւ…»:
Ահա մեռնելէ ետք, ամբողջ փայլով ճառագայթեց տիկին Ովսաննային ճշմարտութիւնը. Մաքառող ու հոգածու նուիրեալ մայր, մեծմայր ու կէսուր մամա եւ տիպար հայուհի…:
Հողը թեթեւ տիկին Ովսաննա, յիշատակդ անմոռաց…: