«­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Միու­թիւն» բա­րե­գոր­ծա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ յատ­կա­ցո­ւող դրա­մաշ­նոր­հի եւ ­­Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Հիմ­նադ­րա­մի յայ­տա­րա­րած մրցոյ­թի ծի­րէն ներս, այ­ցե­լած է Ար­ցա­խի զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կը։
«­­Մենք ու­ժեղ ենք, երբ միա­սին ենք» խո­րա­գի­րով ծրա­գի­րը մեկ­նար­կեց ­­Քար­վա­ճա­ռի այն տա­րած­քին մէջ, ուր զո­հո­ւած էր ­­Շու­շիի գու­մար­տա­կի փոխ-հրա­մա­նա­տար ­­Պետ­րոս ­­Ղե­ւոն­դեա­նը` ­­Պե­տօ: Այս­տեղ ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րը ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հե­ցին ­­Պե­տո­յի յի­շա­տա­կին կա­ռու­ցուած յու­շա­քա­րին:
­­Յա­ջորդ կան­գա­ռը Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­յին զօ­րա­մասն էր: Այս­տեղ հայ­րե­նի­քի հա­մար նա­հա­տա­կո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ ­­Վա­հէ ­­Բաղ­դա­սա­րեա­նի ա­նու­նը կրող պա­հա­կա­կէտ­նե­րուն մէջ բա­ցո­ւե­ցան ­­Վա­հէի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­տախ­տակ­ներ, զին­ծա­ռա­յող­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն բա­ժա­նո­ւե­ցան ­­Վա­հէ ­­Բաղ­դա­սա­րեա­նի մա­սին պատ­մող թեր­թիկ­ներ:
Հ.Օ.Մ.ի ­­Հա­յաս­տա­նի շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­­Դիա­նա ­­Յով­սէ­փեան նշեց, որ իւ­րա­քան­չիւր զո­հո­ւա­ծի յի­շա­տա­կը մե­զի հա­մար սուրբ է, եւ մենք եր­բեք ի­րա­ւունք չու­նինք մոռ­նա­լու, որ մեր կող­քին ապ­րած են լուռ, ան­խօս հե­րոս­ներ: Ծ­րա­գի­րի ծի­րէն ներս բա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ լու­սան­կա­րիչ ­­Յա­կոբ ­­Պօ­ղո­սեա­նի «25 տա­րի անց» խո­րա­գի­րով լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: ­­Լու­սան­կար­նե­րը կը պատ­մէին 1992-93 թո­ւա­կան­նե­րու Ար­ցա­խեան եւ 2016ի Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազմ­նե­րու ու ա­տոնց մաս­նա­կից հե­րոս­նե­րու մա­սին: