Սերժ Սարգսեան հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Արցախի Հանրապետութիւն:
Նախագահ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է աւանդաբար կազմակերպուող տարեվերջեան խորհրդակցութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարներու եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: Խորհրդակցութեան մասնակիցները լսած են պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին զեկուցումը:
Երկրորդ օրը` 2 Դեկտեմբերին, հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմերու ներկայացուցիչներուն հետ դիտած է Արցախի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ պաշտպանութեան բանակի համահաւաք զօրախումբին կողմէ կազմակերպուած ռազմափորձերը, խրախուսած զինուորները: Նոյն օրը, հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է զօրամասերէն մէկուն մէջ նորակառոյց ճաշարանի, այլ զօրամասի մը զօրանոցի եւ զինուորներու համար բազմաբնակարանանոց բնակելի շէնքի բացման արարողութիւններուն, բարեխիղճ եւ գերազանց ծառայութեան համար պարգեւատրած զօրամասի լաւագոյն սպաները, պայմանագրային եւ ժամկէտային զինուորները:
«Ամուր պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ջանք, եռանդ, քրտնաջան աշխատանք, որոնք ի վերջոյ եւ իւրաքանչիւրս կը հասցնեն բարձր արհեստավարժութեան: Ժամանակակից զինուած ուժեր` չեն նշանակեր միայն արդիական սպառազինութիւն, այլ նաեւ կը նշանակեն ունակութիւն, որ թոյլ կու տայ այդ սպառազինութիւնը կիրարկելու ժամանակին եւ ամբողջ հզօրութեամբ: Շնորհակալ եմ ձեզի: Այսօրուան ռազմափորձերը ապացուցեցին ձեր ունակութիւնը: Հաւատացէ՛ք, որ դուք այսպիսով կը պատասխանէք բոլոր անոնց, որոնք ցանկութիւնը ունին մեր հայրենիքը մեզմէ խլելու, որոնք կը փորձեն իրենք զիրենք հզօր ցոյց տալու եւ բան մը պոկելու մեզմէ: Ժողովուրդները կրնան իրենց հայրենիքը պաշտպանել, եթէ անոնց մէջ ձեր տեսակը կը գերակշռէ: Մենք կրնանք պաշտպանել եւ պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը, մենք կրնանք պաշտպանել եւ պիտի պաշտպանենք մեր հայրենիքը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ծնողներուն, ձեր ուսուցիչներուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են ձեր կայացման գործին մէջ»,- ըսած է նախագահ Սարգսեանը` մաղթելով զինուորներուն բարի ծառայութիւն եւ հպարտ կեցուածք:
«Մենք կրնանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը»
«Մենք կրնանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը»