Դպրոցական վերամուտին առիթով, ներկայ թիւին մէջ կը հրատարակենք Հ.Կ.Խաչի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգային միջնակարգ վարժարանի աշակերտութեան գրութիւնները, թերթիկի մը ձեւին տակ, որ կը կրէ «Մենք» խորագիրը։
Աշակերտներու յօդուածներուն գաղափարը ծնաւ երբ անցեալ կրթական տարեշրջանին, միջնակարգի աշակերտները՝ իրենց տնօրէնուհիին առաջնորդութեամբ, այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը եւ մօտէն ծանօթացան թերթի պատմութեան ու հրատարակութեան աշխատանքներուն։
Տղոց հետ զրոյցը յառաջ բերաւ անոնց մտածումները, հոգեկան աշխարհը, պատանեկան պրիսմակէն դիտուած խոհերը գրի առնելու եւ թերթիկի մը ձեւաչափին տակ հրատարակելու գաղափարը մեր օրաթերթի էջերուն մէջ։
Դպրոցական տարուան ընթացքին, աշակերտները գրի առին զանազան նիւթեր՝ անձնական ապրումներէն մինչեւ հայրենի աշխարհը նկարագրող նիւթեր, պատանեկան երեւակայութեան արտայայտութիւններ, նոյնիսկ իրենց թերթիկի վերնագիրն ու ձեւը, որոնց համար միայն քաջալերանք կ՚արժէ ցոյց տալ, գնահատել հայերէն գրելու իրենց հանրային փորձը՝ ներկայանալու մեր ընթերցողին առջեւ, թէկուզ պարզունակ լեզուով։
Արեւմտահայերէնի նահանջին առջեւ, պէտք է խրախուսուիլ նման փորձերով, չձգել որ այս աշխատանքը պատահականութեան գիրկը իյնայ, յաճախակի դրդումներով հետամուտ ըլլալ, որպէսզի հայերէն լեզուի գրաւոր զարգացումը առաջնակարգ տեղ ու նշանակութիւն ունենայ գաղութի կրթական եւ հանրային կեանքին մէջ։ Հոս՝ ուսուցիչներու, վարչական միաւորներու, մամուլին, ինչպէս նաեւ հայ լեզուին հետ տագնապող իւրաքանչիւր անհատի համակարգուած գործն է, որ կրնայ սպասուած արդիւնքի պտուղը տալ։
Զմիւռնիոյ ջարդը
Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք 1922 շատ կարեւոր թուական մըն է հայերուս համար, որովհետեւ թուրքերը այրեցին հայերուն տուները եւ հալածեցին Զմիւռնիա բնակող բոլոր քրիստոնեաները։
Ուրեմն հայերը ստիպուեցան ձգել իրենց հայրենիքը եւ փնտռել ուրիշ տեղ բնակելու համար։
Առաջին տարիները շատ դժուար էին հայերուս համար, որովհետեւ մեր նախնիները տեղափոխուեցան տեղ մը, ուր բան մըն ալ չկար։ Հայերու մեծ մասը կրցած չէին ապրանքներ պահել իրենց տուներէն։ Ունէին միայն ջուր մը կամ պզտիկ ուտելիք մը։ Ուրեմն հասկնալի է, որ կ՚ապրէին շատ վատ վիճակի մէջ։ Հոն ուր գացին պէտք էր մինակնին փնտռէին ճաշ ու ուրիշ կարեւոր իրեր։
Բայց երբ տարիները կ՚անցնէին կացութիւնը աւելի լաւ կ՚ըլլար, ու հայերը շատ նոր բաներ կը շինէին։ Ամենակարեւոր բանն էր, որ իրենց յոյսը չկորսնցուցին եւ հակառակ որ պայմանները գէշ էին, անոնք շարունակեցին փնտռել խնդիրներուն լուծումները։
Վերջապէս, կը հասկնանք, որ հայերը, հակառակ իրենց դժուարութիւններուն, շատ անգամ պատմութեան մէջ շարունակեցին ապրիլ իրենց կեանքը։
Ալեքս Բարսեղեան
Գ. Միջնակարգ
Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր
Սարդարապատի ճակատամարտի վայրում կանգնեցուած ճարտարապետական քանդակագործական համալիր, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, որը նուիրուած է 1918 թուականին թուրքական կանոնաւոր բանակի դէմ հայ ժողովրդի տարած յաղթանակին։ Գտնւում է Հայաստանի Հանրապետութեան Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի մօտ՝ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Արմաւիրից 10 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ 1918 թուականին Արմաւիր քաղաքի անունը Սարդարապատ էր, որի հետ էլ կապուած է յուշահամալիրի անուանումը։
Համալիրի հանդիսաւոր բացումը կատարուել է Սարդարապատի ճակատամարտում հայ ժողովրդի յաղթանակի 50-ամեակի կապակցութեամբ՝ 1968 թուականի Մայիսին։ Հեղինակները կարողացան միաւորել պատմութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ բազմադարեայ ազգային մշակոյթը, յուշահամալիրին ոչ միայն պատմական, այլեւ մշակութային նշանակութիւն հաղորդելով։
Այդպիսով պահպանուեց ու հետագայ սերունդներին փոխանցուեց հայրենիքի փրկութեան գործում Սարդարապատի հերոսամարտի պատմական նշանակութիւնը եւ Հայոց հնագոյն մշակոյթը։
Հայաստանի նախարարների խորհրդի 1978 թուականի Փետրուարի 16-ի թիւ 82 որոշմամբ ստեղծուեց Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի պետական թանգարան, որը այցելուների առաջ իր դռները բացեց 1978 թուականի Սեպտեմբերի 13-ին։
Աննա Մարիա Սքարցիլաքի
Գ. Միջնակարգ
Մեր այցելութիւնը Նիքեայի պատկերասրահը
Անցեալ Երեքշաբթի գացինք Նիքեայի պատկերասրահը, ուր 100 տարուան առաջ նկարներ կային հայ գաղթականներէն: Նկարները ցոյց կու տային Յունաստանի զանազան վայրերու մէջ հայ ժողովուրդը, որ Զմիւռնիայէն եկած էր եւ ինչպէս էր իրենց կեանքը 1922-էն առաջ եւ ետք:
Նախ, տեսանք քանի մը նկարներ հին հայկական գաղութէն՝ Զմիւռնիոյ մէջ:
Տեսանք աղուոր շինուած տուներ, շէնքեր եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին: Այն ատեն կեանքը աւելի աղուոր ու հանդարտ էր: Ասկէ զատ, մարդիկ զանազան ձեւեր ունէին իրենց ժամանակը անցընելու ինչպէս՝ մարզուիլը, եկեղեցի երթալ եւ այլն…
Ապա տեսանք նկարներ փոքր Ասիոյ աւերումէն յետոյ: Հազարաւոր մարդիկ ամէն միջոցներով կը փորձէին հասնիլ Յունաստան, որպէսզի թուրքի սուրէն ազատին:
Հոս՝ Յունաստանի մէջ, շինեցին շատ պարզ վրաններ եւ անմիջապէս սկսան աշխատիլ ու դպրոցներ շինել: Իրենց հետ բան չառին, բացի շատ քիչ ապրանքներէ:
Յետոյ, նոր նկարներ տեսանք, քանի մը տարի ետքը, որ քիչ մը աւելի դիւրին եղած էր կեանքը գաղութի մէջ: Տեսանք զանազան աշխատողներ, իրենց գործերը, եւ իրենց առօրեայ կեանքը: Տուները աւելի լաւ կացութեան մէջ էին եւ մարդիկ աւելի ուրախ էին: Տեսանք պզտիկներ, որոնք կը խաղային ծովու մէջ, մարզանք կ՚ընէին, դպրոց կ՚երթային եւ այլն… Կային նաեւ եւ ուրիշ նկարներ պզտիկ տղոցմով, որ այդքան ուրախ-զուարթ չէին: Քանի մը հայ պզտիկներ, որբանոցներու մէջ կ‘ապրէին եւ ամէն մէկը իր տխուր պատմութիւնը ունէր: Այս պատմութիւններէն քանի մը հատը գիտենք, քանի մը՝ ոչ, եւ քանի մը հատը՝ երբեք պիտի չիմանանք:
Վերջապէս, պէտք է ըսենք, որ այդ պատկերասրահը շատ հետաքրքրական էր, նկատի առնելով նաեւ, որ այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ, հայ ժողովուրդը միշտ ձեւ մը պիտի գտնէ ապրելու եւ շարունակելու:
Ալքինոոս Մանիատաքիս
Գ. Միջնակարգ
Աշխարհի չորս թագաւորները
10-րդ դարուն, աշխարհի չորս ծագերուն կային չորս թագաւորներ, որոնց թագաւորական անուններն էին՝ Հիւսիս, Հարաւ, Արեւելք, Արեւմուտք:
Հիւսիսը ունէր գեղեցիկ աղջիկ մը, որ տիւ ու գիշեր կը պարէր եւ կ՚երգէր:
Հարաւը ունէր շատ նուրբ եւ բարի տղայ մը, իսկ Արեւելքը եւ Արեւմուտքը ունէին գէշ զաւակներ:
Օր մը հիւսիսը լուր ղրկեց Հարաւին, որ կը փափաքի իրենց զաւակները ամուսնանան: Հարաւը մերժեց, որովհետեւ զիրար լաւ չէին ճանչնար: Երկու երիտասարդները սկսան իրարու ծանօթանալ, բայց Արեւելքի եւ Արեւմուտքի զաւակները փորձեցին խանգարել իրենց ամուսնութիւնը: Զինուորները բռնեցին չարագործները եւ բանտը նետեցին:
Այսպէս, Հարաւի եւ Հիւսիսի ընտանիքները ցնծութեամբ ապրեցան…
Կարէն Խաչերեան
Ա. Միջնակարգ
Յունական դպրոցի մը մէջ
Երեքշաբթի, 16 Մայիսին, մեր դպրոցի ուսուցիչները եւ աշակերտներս այցելեցինք Ղլիֆատայի 8-րդ Միջնակարգը։
Ղլիֆատայի աշակերտները շատ ազնիւ էին եւ մեզ դիմաւորեցին դրան առջեւ։ Մեր այցելութիւնը սկսաւ յունական եւ հայկական դրօշակներու արարողութեամբ եւ յետոյ սրահ մտանք։ Սրահին մէջ ներկայացուցինք հայկական մշակոյթը, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները։ Յետոյ զբօսանք ըրինք, եւ հոն՝ բակին մէջ, յոյն ու հայ աշակերտներ սկսան հարցնել մեր անունները եւ բադեկամանալ մեզի հետ: Ապա ընկերացանք եւ խօսեցանք զանազան բաներու մասին։ Քիչ ետք մտանք սրահը, ուր Ղլիֆատայի դպրոցական յանձնախումբին կողմէ հիւրասիրութիւն կար մեզի համար։
Այդ դպրոցը ունէր հայ աշակերտ մը եւ մենք ըսինք որ ան մեզի հետ երգէ երկու հայկական երգեր։ Երգերէն ետք, մեր պարողները պարեցին երկու աւանդական պարեր։ Յետոյ երկու տնօրէնները խօսեցան հայ-յոյն բարեկամութեան մասին եւ Ղլիֆատայի աշակերտները մեզի նուէրներ տուին: Մենք ալ լաւաշ հաց տարած էինք։
Սրահէն դուրս ելլելով, յունական դպրոցի աշակերտները բակին մէջ յունական պարեր պարեցին եւ մենք ալ միացանք իրենց:
Վերջաւորութեան միասնաբար ձիթենի մը տնկեցինք, իբրեւ բարեկամութեան խորհրդանիշ:
Վերադարձանք դպրոց, յոյս ունենալով, թէ օր մը անոնք ալ մե՛ր դպրոցը կ՚այցելեն։
Արիս Գարճեան
Բ. Միջնակարգ
Գիւղի պատմութիւն
Կար ու չկար, գիւղ մը կար, ուր կը բնակէր թագաւոր մըն ալ՝ իր ճրագով:
Գեղջուկները իրենց թագաւորը շատ կը սիրէին: Ամէն Կիրակի գիշեր կը հաւաքուէին պալատին պարտէզը: Հոն հուր կը վառէին եւ կը սպասէին թագաւորին ճրագէն Ալլատինը ելլէ: Ան ամէն Կիրակի կ՚իրականացնէր գեղջուկներուն մաղթանքները: Մէկը ղրկեց աշխարհի չորս ծագերը, իսկ միւսը տարաւ անհուն աստղերը եւ մոլորակները տեսնելու: Երրորդն ալ նախկին կեանքին ղրկեց:
Այսպիսով գեղջուկները ցնծութեան մէջ էին:
Վանա Պարղուտեան
Ա. Միջնակարգ
Դպրոց
Ես շատ ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ մեր դպրոցը ճաշարան ունենար: Նաեւ պիտի ուզէի ունենայինք թատերախումբ, երգչախումբ, պարախումբ, հեռատեսիլ, օդափոխիչ:
Պիտի ուզէի մեր տնօրէնուհին ձգէր մեզի, մեր հեռաձայնները դպրոց բերենք:
Պիտի ուզէի ձմեռը գոց տեղ մը զբօսանքի ելլէինք, որ չպաղինք:
Մէկ երկու ժամ հանգիստի ժամ ունենայինք…
Լաւ կ՚ըլլար եթէ մեծ գրադարան մը ունենայինք, որ հոն մեր տունի պարտականութիւնները ընէինք: Ամէն աշակերտ իր պահարանը ունենար, որ իր ապրանքները դնէր եւ 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններ ալ ունենայինք: Այսպիսով աւելի երկար ատեն մեր դպրոցը պիտի մնայինք:
Ծիլա Թութուշեան
Ա. Միջնակարգ
Բնութեան մէջ արշաւ մը
Այսօր դպրոցով գացի անտառ արշաւի։ Ես եւ ընկերներս շատ ուրախ էինք որ հոն գացինք։ Տեղը շատ աղուոր էր: Երբ առջեւ կը նայէիր, շատ մեծ աղուոր ծառեր կը տեսնէիր։ Ամէն տեղ կանաչութիւն կար եւ պզտիկ կենդանիներ։ Նաեւ շատ մրջիւններ կային: Ձախ կողմս պզտիկ լճակ նը կար, որուն վրայ տերեւներ ինկած էին ծառերէն։ ժամանակը անցաւ խօսելով անտառի գեղեցիկ ծառերու ու կանաչութեան մասին։
Յանկարծ աղջիկ մը տեսայ որ մեր դպրոցէն չէր եւ տարիքով փոքրիկ կ՚երեւէր։
Շուրջս նայեցայ եւ հասկցայ, որ ան միս մինակ էր առանց իր ծնողքին։ Անմիջապէս իմ մտերիմ ընկերոջս ըսի, եւ ան ըսաւ որ կորսուածի պէս շուրջը կը նայէր։
Իր քովը գացի եւ իրեն հարցուցի, եթէ գիտէր ուր էր իր ծնողքը։ Ան ինծի ըսաւ, որ մեծ մարդ մը, որ չէր ճանչնար եւ գէշ կ՚երեւէր իրեն պուպրիկ մը տուաւ եւ երբ ան մօտեցաւ իրեն, մարդը զայն բռնեց եւ փորձեց իր ինքնաշարժին մէջ դնել։ Ան հրեց մարդը եւ սկսաւ արագ վազել։ Այնքան վազեց որ մարդը զայն կորսնցուց։ Ես ուսուցիչիս գացի եւ ըսի ինչ պատահած էր, եւ ան ոստիկանութեան լուր տուաւ։ Աղջիկը մեզի պատմեց ինչպէս էր մարդը եւ ոստիկանութիւնը զինք բռնեց։ Ոստիկանութիւնը աղջիկին ծնողները գտաւ եւ աղջիկը մեզի շնորհակալութիւն ըսաւ։
Երկու օր անցան եւ իր ծնողները շնորհակալութեան համար մեր դպրոցին երկու հազար եւրօ տուին, որպէսզի աշակերտները արշաւներու երթան։
Այս արշաւը իմ մտքիս մէջ անմոռանալի պիտի մնայ։ Ես շատ ուրախ եմ որ այս աղջիկին օգնեցի։
Քրիստին Եորղանճեան
Գ. Միջնակարգ
Իմ անուշ թաղամասս
Այսօր Կիրակի է։ Դասերս ըրած եմ եւ ազատ եմ ինչ որ ուզեմ ընելու։ Օդը մաքուր է, արեւոտ եւ թռչուններու ձայները… ինչ անուշ ձայն։
Կը հագուիմ, որպէսզի դուրս ելլեմ քալելու։ Ի՜նչ աղուոր ծառեր. բոլորը կանաչ, խոտը բոլորովին գոյնզգոյն ծաղիկներով, անուշ հոտով։ Կը քալեմ դէպի հրապարակ, ուր իմ ամբողջ մանկութիւնս անցուցի։ Շատրուանի անուշ ձայնով եւ երեխաներու խնդուքը լսելով, կը քալեմ դէպի պարտէզ մը, ուր շատ մեծ թուփեր կան եւ ամէն տեսակ ծաղիկներ։ Ահա իմ հին ընկերներս կը տեսնեմ. երթամ, խօսիմ, շատ կարօտցած եմ իրենց։
Գիշեր է արդէն։ Տուն պէտք է երթամ։ Հիմա որ կը քալեմ, նորէն կը յիշեմ ինչպէս գիշերները հեծանիւս կը քշէի իմ եղբօրս հետ։ Ա՜խ, շատրուանը։ Լոյսերը վառեցան, կարմիր, կանաչ, դեղին7 ամէն գոյն։ Ծաղիկներու անուշ բոյրը դեռ կու գայ։ Ինչ հանդարտ7 շատ կը սիրեմ։ Այս տաք օդը ինծի շատ արթուն եւ ուրախ կը պահէ։ Հրապարակը պարապ, բայց լեցուն անմոռանալի յիշատակներով ։ Տուն կը հասնիմ։ Մայրս ինծի կը սպասէ։ Կը հարցնէ ինչ ըրի եւ ինչպէս եմ։
Ուրախ եմ։ Հանդարտ եւ հանգիստ։ Տետրակս կը հանեմ եւ կը սկսիմ գրել ինչ որ ըրի, սիրով եւ ուրախ։
Ռիթա Մահտեսեան
Գ. Միջնակարգ
Մեր ծանօթութիւնը թերթին հետ
Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ին, մեր դպրոցին երկրորդ եւ երկրորդ միջնակարգի աշակերտներս, առիթը ունեցանք այցելելու «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագրատունը: Հոն պատասխանատուները տեղեկացուցին մեզ թերթին երկրամեայ պատմութեան մասին: Գրեթէ հարիւր տարիներուն ընթացքին շատ դէպքեր տեղի ունեցան: 1923-ին լոյս տեսաւ առաջին թերթը «Նոր Օր» անունով, որ շարունակեց հրատարակուիլ մինչեւ 1940, երբ դադրեցաւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատճառով:
1945-ին թերթը վերսկսաւ հրատարակուիլ, այս անգամ «Ազատ Օր» անունով: Սկիզբը երկօրեայ ու ապա ամէնօրեայ տպուելով: Նաեւ սորվեցանք ձեւը, ըստ որուն կը գրուի, եւ ինչպէս կը կարգաւորուին յօդուածները: Մեզի համար այդ այցելութիւնը շատ հետաքրքրական դաստիարակչական փորձառութիւն մըն էր: Շատ շնորհակալ ենք ջերմ հիւրասիրութեան համար:
Նաթալի Գույումճեան
Բ. Միջնակարգ
Ճարտարապետը
12-րդ դարուն հանճար մը կար, որ գիւղի մը մէջ կ՚ապրէր: Այդ գեղջուկը շատ կ՚ուզէր գիտնական ըլլալ:
Սկիզբը սկսաւ աշխատիլ իբրեւ ճարտարապետ: Ան կ՚աշխատէր տիւ ու գիշեր, բուքին ու բորեանին:
Մարդը կրցաւ գիտնական ըլլալ: Ան հնարեց օճախը: Ժողովուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ ջերմութիւն ունեցան տուներուն մէջ:
Աթպեր Մարտիկեան
Ա. Միջնակարգ
Ճամբորդութիւն մը դէպի հին Յունաստան
Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2022-ին, մեր դպրոցին՝ Միջնակարգի աշակերտներս, առիթը ունեցանք այցելելու Ակրոպոլիսին թանգարանը: Հոն տեղեկացուցին մեզ, տաճարի երկարամեայ պատմութեան եւ անոր բազմաթիւ փոփոխութիւններուն մասին: Մեր այցելութիւնը շարունակեցինք տեսնելով տաճարի տանիքին վրայ, դիցաբանութեան տեսարանները (աէթոմաթա):
Նշանաւոր տեսարան մըն է` Զեւսի գլուխէն Աթէնային ծնունդը, բոլոր աստուածներու ներկայութեամբ։ Նաեւ ծանօթացանք հին մարդոց առօրեայ իրերուն, մասնաւորաբար` ամաններուն, գաւաթներուն: Ամենամեծ հիացումը ստացանք արձաններէն (քուրի, քորես), իրենց դէմքերուն մանրամասնութիւններէն` իրենց ջերմ ժպիտներէն: Հին յոյները շատ կը սիրէին իրենց տաճարներուն վրայ նկարագրել ճակատամարտներու տեսարաններ ըստ որոնց, աստուածները եւ ուժեղ մարդիկ կը յաղթեն տիտանները ու բարբարոսները:
Այս այցելութիւնը, շատ տպաւորիչ էր մեզի համար, որովհետեւ առիթը ունեցանք սորվելու հետաքրքրական տեղեկութիւններ, հին յոյներուն արուեստներուն ու իրենց կեանքին մասին:
Նաթալի Գույումճեան
Բ. Միջնակարգ
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը
Հայաստանի զինանշանի մասին օրէնքն ընդունուել է Հայաստանի Գերագոյն Խորհրդի կողմից 1992 թուականի Ապրիլի 19-ին: Վերականգնուել է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան (1918-1920 թ.) զինանշանը, որի հեղինակներն են Ռուսաստանի գեղարուեստի Ակատեմիայի ակադեմիկոս, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:
Հայաստանի պետական զինանշանի կեդրոնական մասում, վահանի վրայ, պատկերուած են հայկական չորս թագաւորական տոհմերը՝ Արտաշիսեանների, Արշակունիների, Բագրատունիների եւ Ռուբինեանների (Կիլիկեան թագաւորութեան) զինանշանները: Դրանք պատկերուած են Արարատ լերան շուրջը, որի գագաթին ուրուագծւում է Նոյան տապանը: Վահանի երկու կողմից պատկերուած են առիւծ եւ արծիւ, որոնք խորհրդանշում են ոգու իշխանութեան, անկախութեան եւ արիութեան ուժը: Ներքեւում պատկերուած սուրը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի պայքարը յանուն ազատութեան եւ անկախութեան. փետուրն ու հասկերը՝ ժողովրդի ստեղծարար տաղանդն ու խաղաղութիւնը:
Մեր օրհներգի մասին
«Մեր Հայրենիք» Հայաստանի ազգային օրհներգն է: Ընդունուել է 1991 թուականին Յուլիս 1-ին եւ հիմնուած է Առաջին Հանրապետութեան օրհներգի վրայ՝ տեքստի չնչին փոփոխութիւններով:
Օրհներգի տեքստը վերցուած է Միքայէլ Նալբանդեանի «Իտալացի աղջկայ երգը» բանաստեղծութիւնից:
Այն առաջին անգամ հնչել է 1885 թուականի Մարտի 19-ին, որպէս Թիֆլիսի «Արծրունի» թատրոնի հայկական առաջին քառաձայն համերգի առաջին երգը: Հետագայում այն մշակած է Բարսեղ Կանաչեանը 20-րդ դարի սկիզբը:
Մարիամ Վարդանեան
Գ. Միջնակարգ
Օրուան րոսթը
Թաղի մէջ կէնկ մը կար. բոլորը լկտի էին: Միայն տղայ մը կար, որ սիրահարուած էր իր դպրոցէն աղջկան մը հետ:
Այդ տղան այնքան սիրահարուած էր, որ կը կարծէր թէ իր սիրած աղջիկը իրեն աչքով ունքով կ՚ընէր: Այնքան մեծ էր իր գորովը այդ այդ աղջկան հանդէպ, որ կ՚ուզէր ամէն վայրկեան տեսնել այդ աղջիկը:
Օր մը տղան որոշեց բոլորը միասին րոսթ ընեն իր պարտէզին մէջ:Բայց ծնողները մտահոգ էին, որ յանկարծ հրդեհ չծագէր: Մայրը ամէն վայրկեան կը հարցնէր հօրը. «ի՞նչ բանի են»: Հայրը կը պատասխանէր. « Կը փորձեն կրակ վառել»: Մայրը աւելի մտահոգուեցաւ…
Յանկարծ դուռը զարկին: Մայրը դուռը բացաւ եւ տեսաւ տղաքը, րոսթը իրենց ձեռքը, ներս մտան ու սկսան համով համով ուտել: Այդ աղջիկն ալ հիացած էր այս արդիւնքով:
Մելինա Պուտուրեան
Ա. Միջնակարգ
Ուրկէ՞ սկսաւ թէյի գործածութիւնը
Թէյի պատմութիւնը սկսաւ Չինաստանի մէջ:
Ըստ աւանդավէպի՝ Ք.ա. 2737 թուականին Չինաստանի կայսր Շէն Նունքը նստած էր ծառի տակ, մինչ իր ծառան կը խմէր իր ջուրը, երբ ծառի մի քանի տերեւներ հովէն ինկան ջրի մէջ: Յայտնի բուսաբան Շէն Նունքը որոշեց փորձել թրջոցը, որ պատահաբար ստեղծել էր իր ծառան:
Մարթա Գաէ
Ա. Միջնակարգ