Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարենք անարդարութեան դէմ: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»ի, Ազգային ժողովի յատուկ նիստին իր ելոյթին ընթացքին նշեց Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Ըստ անոր՝ յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիքի հիմքը երեք փաստաթուղթեր են. նոր սահմանադրութիւնը, այս գումարման խորհրդարանի առաջին նիստին Հայաստանի նախագահի ելոյթը եւ Հ.Հ.Կ.ի ու Հ.Յ.Դ.ի երկու համաձայնագիրները՝ համատեղ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մասին: «Ոչ իմ ձեւակերպումով, նոր սահմանադրութեամբ, պիտի ըլլայ միասնական գործադիր իշխանութիւն՝ վարչապետի գլխաւորութեամբ: Նախագահը նոր լիազօրութիւններով պիտի ըլլայ անաչառ իրաւարար, խստօրէն պիտի նուազի անձնաւորումը, պիտի չըլլայ իշխանութեան գերկեդրոնացում գործադիր իշխանութեան ղեկավարի ձեռքին, իսկ կառավարութեան քաղաքական պատասխանատուութիւնը Ազգային ժողովին դիմաց պիտի նպաստէ համատեղ կառավարման, պիտի բարձրանայ Ազգային ժողովի վերահսկողական դերը, երկրին մէջ աստիճանաբար պիտի ձեւաւորուի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկբեւեռ դասական համակարգ, երկիրը պիտի կարենայ աւելի ճկուն ըլլալ արտաքին մարտահրաւէրներուն»,- ըսաւ Վարդանեան: Ան ընդգծեց, որ այսօր պայքարի երկու թշնամի ունինք՝ ներքին եւ արտաքին.- «Արտաքին թշնամին լաւ կը ճանչնանք, գիտենք անոր դէմ պայքարելու ձեւերը, բայց ոչ պակաս կարեւոր է ներքին թշնամին: Անոնցմէ ամենավտանգաւորը անարդարութիւնն է: Անիկա չարիք է, հիւանդութիւն, որ կը վերացնէ պետութեան հանդէպ սէրը, կը տկարացնէ երկիրը: Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարենք անարդարութեան դէմ: Պետութիւնը կը շարունակէ արմատաւորել կաշառակերութեան դէմ զերօ անհանդուրժողականութեան մշակոյթը: Ազնուութիւն առաւել մտարուեստութիւն նուազ կաշառակերութիւն: Ասիկա ցանկալի յաջողութեան բանաձեւն է: Էական նշանակութիւն ունի եկամուտներու արդարացի բաշխումը»,- ըսաւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը:
«Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարենք անարդարութեան դէմ»
«Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ կը յայտարարենք անարդարութեան դէմ»