Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերը հայրենիք բերած են մօտ 1250 մասնակիցներ, իսկ խաղերը նուիրուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակին:
«Խաղերը Յուլիս 21ի առաւօտէն մեկնարկած են: Սա երրորդ անգամն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խաղերը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ, սակայն այս տարին յոբելեանական է, քանի որ Հ.Մ.Ը.Մ. 10րդ մարզախաղերն են: Այս խաղերը նուիրուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակին»,- ըստ «Երկիր մեդիա»ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսելեան: Կազմակերպող կոմիտէի անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ. -Հ.Ա.Ս.Կ. ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանի խօսքով` խաղերը Հայաստանի մէջ կազմակերպելը մեծ խորհուրդ ունի: «Անկախութենէն ետք բոլոր համահայկական կառոյցները իրենց միջոցառումները կը փորձեն իրականացնել հայրենիքի մէջ»,- շեշտած է Յակոբեան:
Հ.Մ.Ը.Մ. 10րդ մարզախաղերուն կը մասնակցին մարզիկներ 19 երկրի 21 մասնաճիւղերէ: Ամենամեծ մասնակցութիւնը ունի Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան թեւը: Մասնակիցներուն տարիքը 14-35 է:
Մարզիկները պիտի մրցին 9 մարզաձեւերու մէջ` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլէյպոլ, ֆուտզալ, թենիս, մարզախաղ, սեղանի թենիս, լող, ճատրակ:
Հ.Մ.Ը.Մ. խաղերու մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:
Մարզախաղերը պաշտօնապէս պիտի մեկնարկեն Յուլիս 22ին եւ պիտի աւարտին Յուլիս 29ին:
Աւելցնենք նաեւ, որ մեկնարկի հետ կապուած` Յուլիս 22ին, ժամը 16.00էն պիտի սահմանափակուի Հանրապետութեան հրապարակի ու յարակից տարածքներու երթեւեկութիւնը:
Մեկնարկած են Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերը
Մեկնարկած են Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերը Հայաստանի մէջ նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակին