Հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Դ. Հսկումի՝ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւն, ապա Նախատօնակ՝ «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» տօնին առթիւ:
Օրուան յատուկ շարականի երգեցողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ Ատեանին մէջ, պիտի վառուին քառասուն լապտերներ:
Սիրելի հայորդիներ, եկէք միասնաբար աղօթենք եւ լիցքաւորուինք Նահատակ Սուրբերու հաւատքի զօրութեամբ:
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, պիտի յաջորդէ Միջինքի առթիւ պահքի յատուկ նախընթրիք, պատրաստուած եկեղեցասէր Տիկնանց Մարմնոյ Կողմէ:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ