ՍԵՐԳԷՅ ԲԱԲԼՈՒՄԵԱՆ

Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ այս­պէս կո­չո­ւած «­Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազմ»ին, մաս­նակ­ցած է 500 հա­զար հայ, ո­րոնց­մէ 300 հա­զա­րը ե­ղած է ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նէն, իսկ մնա­ցեալ 200 հա­զա­րը` ­Խորհրդա­յին ­Միու­թեան այլ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րէ:
1939 թո­ւա­կա­նի տո­ւեալ­նե­րով՝ հա­յե­րու թի­ւը ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մէջ մօտ 2 մի­լիոն էր, այ­սինքն` հա­յե­րու 25 տո­կո­սը մար­տի դաշ­տին վրայ էր:
200 հա­զար հայ հե­րո­սա­բար ին­կած է ռազ­մա­դաշ­տին վրայ:
1941 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նի­սի 22ին ­Մեծ ­Հայ­րե­նա­կա­նը մտաւ հա­յե­րու տու­նե­րը։ Ե­րեք հա­րիւր հա­զար հայ կռո­ւե­լու գա­ցին ­Հա­յաս­տա­նէն (1941 թո­ւա­կա­նին հան­րա­պե­տու­թեան բնակ­չու­թիւ­նը մէկ մի­լիոն ե­րեք հա­րիւր հա­զար էր), մնա­ցած մար­դիկ, ո­րոնք տու­նը ձգե­ցին հայ­րե­րը, մայ­րե­րը, ե­րե­խա­նե­րը (ո­մանք չորս տա­րիով, ո­մանք ալ՝ ընդ­միշտ), ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան այլ եր­կիր­նե­րէ էին։ Չ­վե­րա­դար­ձան մօտ եր­կու հա­րիւր հա­զար հայ զի­նո­ւոր­ներ, եւ ե­թէ տու­նը մնա­ցեր էին մեծ եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, այդ կը նշա­նա­կէր, որ ըն­տա­նի­քը բախ­տա­ւոր է։
­Մուտ­քի դուռն ու բարձ­րա­խօ­սի սեւ շրջա­նա­կը. ա­հա այն եր­կու կէ­տե­րը, զորս գի­շեր ու ցե­րեկ, ան­հանգս­տու­թեամբ եւ յոյ­սով կը դի­տէին թի­կուն­քին յայտ­նո­ւած մար­դիկ։ ­Կը նա­յէին դրան, քա­նի որ ճա­կա­տէն նա­մակ­ներ բե­րող նա­մա­կա­բե­րը կը թա­կէր զայն (ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ ծա­լո­ւած է­ջեր` ա­ռանց նա­մա­կա­նի­շի եւծ­րա­րի), եւ ամ­բողջ օ­րը ձայ­նաս­փիւ­ռը մտիկ կ’ը­նէին, քա­նի որ ռազ­մա­ճա­կա­տէն նո­րու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէր։
­Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ձայ­նաս­փիւ­ռը ոչ մէկ լաւ բան կը յայտ­նէր։
Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը հա­յե­րուն հա­մար այն էր, ինչ որ կը յայտ­նէին ձայ­նաս­փիւ­ռի լրա­տո­ւա­կան յայ­տա­գիր­նե­րը։
«­Վեց հայ­կա­կան հրաձ­գա­յին զօ­րա­բա­ժին ձե­ւա­ւո­րո­ւեր էր (№ 76, 89, 309, 409, 408 եւ 261), ո­րոնք կը գտնո­ւէին­Կով­կա­սի նա­խա­լեռ­նե­րէն մին­չեւ ­Պեր­լին եւ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զի, բայց ա­ւե­լի շատ աչ­քի կը զար­նէր, կը յայտ­նէր ձայ­նաս­փիւ­ռը, 89րդ ­զօ­րա­բա­ժի­նը, ո­րուն «­Թա­մա­նեան» ա­նո­ւա­նու­մը տրո­ւած էր ­Թա­մա­նի թե­րակղ­զիին ա­զա­տագր­ման պատ­ճա­ռով։
­Պեր­լին հա­սած ֆա­շա­կան ­Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քի գրո­հին մաս­նակ­ցած զօ­րա­բա­ժի­նի հրա­մա­նա­տա­րը զօ­րա­վար ­Նո­ւէր ­Սա­ֆա­րեանն էր։ ­Զօ­րա­բա­ժի­նը իր հաշ­ւոյն ու­նի ա­ւե­լի քան ի­նը հա­զար սպան­նո­ւած եւ տասն­մէկ հա­զար գե­րե­վա­րո­ւած հիթ­լե­րա­կան։
­Նո­ւէր ­Սա­ֆա­րեա­նը, ի հար­կէ, միակ հայ հրա­մա­նա­տա­րը չէր, որ զօ­րա­վա­րի կո­չում ու­նէր։ Ա­նոնք մի քա­նի տաս­նեակ էին, իսկ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մար­շալ (մա­րա­ջախտ), ռազ­մօ­դա­յին մար­շալ եւ Զ­րա­հա­տան­կա­յին զօր­քե­րու մար­շալ կո­չում­նե­րուն ար­ժա­նա­ցան միայն ­Յով­հան­նէս ­Բաղ­րա­մեա­նը, ­Սեր­գէյ ­Խու­դիա­կովն ու ­Հա­մա­զասպ ­Բա­բա­ջա­նեա­նը։
­Բաղ­րա­մեանն ու ­Բա­բա­ջա­նեա­նը` եր­կուսն էլ Ար­ցա­խի ­Չար­դախ­լու գիւ­ղէն էին։ ­Միայն այդ գիւ­ղէն պա­տե­րազ­մի մեկ­նած է 1250 հո­գի, ա­նոնց­մէ 12ը զօ­րա­վար դար­ձած են, 57ն` գնդա­պետ, իսկ 7 չար­դախ­լե­ցի ար­ժա­նա­ցեր են ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան հե­րո­սի կոչ­ման։ Ա­հա թէ ինչ­պի­սի՛ գիւղ է։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան հե­րո­սի աստ­ղին ար­ժա­նա­ցեր է 106 հայ, իսկ ծո­վա­յին օ­դա­չու ­Նել­սոն Ս­տե­փա­նեա­նը եր­կու ան­գամ ար­ժա­նա­ցեր է ա­նոր։
…Ե­րե­ւա­նը, ի հար­կէ, եր­բեք ռազ­մա­ճա­կա­տին մօտ քա­ղաք չէ ե­ղած, բայց դիւ­րու­թեամբ կրնար ըլ­լալ։ Ե­թէ ­Խորհր­դա­յին բա­նա­կը պար­տո­ւէր, այդ պար­տու­թիւ­նը հա­յե­րուն հա­մար ազ­գա­յին ա­ղէտ կը դառ­նար. ար­դէն պա­տե­րազ­մի սկիզ­բը ­Թուր­քիան` ­Գեր­մա­նիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծըն­կե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին մին­չեւ ակ­ռա­նե­րը զի­նո­ւած վեց զօ­րա­բա­ժին կը պա­հէր եւ յար­մար ա­ռիթ կը սպա­սէր ներ­խու­ժե­լու հա­մար։ Այս կող­մէ սահ­մա­նը կը պաշտ­պա­նէր 1942 թո­ւա­կա­նին ձե­ւա­ւո­րո­ւած 261րդ հ­րաձ­գա­յին զօ­րա­բա­ժի­նը։ Այս­տեղ հարկ է նշել, որ այն դարբ­նոց հան­դի­սա­ցաւ ճա­կատ­նե­րուն վրայ կռո­ւող հայ ազ­գա­յին զօ­րա­բա­ժին­նե­րուն հա­մար։
­Հա­մընդ­հա­նուր ռազ­մա­կան ուս­ման զօ­րա­մա­սե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տո­ւե­ցան մօտ 85 հա­զար զի­նա­պարտ, ո­րոնք, ռազ­մա­կան գոր­ծին տի­րա­պե­տե­լով, միա­ձու­լո­ւե­ցան գոր­ծող բա­նա­կին շար­քե­րուն։ Հ­րաձ­գա­յին զօ­րա­բա­ժի­նին ա­ռա­ջին հրա­մա­նա­տա­րը գնդա­պետ ­Ներ­սէս ­Բա­լո­յեանն էր։ Իսկ մինչ այդ, բարձ­րա­խօս­նե­րը կը փո­խան­ցէին ոչ միայն նո­րու­թիւն­ներ ճա­կա­տա­մար­տէն, այ­լեւ՝ աշ­խա­տան­քա­յին ճա­կատ­նե­րէն. զա­նոնք ան­մի­ջա­պէս կը հո­գա­յին ա­ռաջ­նա­գիծ գտնո­ւող­նե­րուն մայ­րե­րը, կի­ներն ու ե­րե­խա­նե­րը։
­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն հայ դեր­ձակ­նե­րը խորհր­դա­յին բա­նա­կի մար­տիկ­նե­րուն հա­մար կա­րե­ցին 136 հա­զար կտոր տաքց­նող հա­գուս­տե­ղէն, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու տա­րածք ղրկո­ւե­ցան 206 հա­զար կա­պոց–­նո­ւէր­ներ, 45 բեռ­նա­սայլ պա­րե­նամ­թերք, իսկ ­Գէորգ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Չո­րեք­ճեա­նի հրա­մա­նով ստեղ­ծո­ւած է «­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւիթ» հրա­սայ­լա­յին շա­րա­սիւ­նը։
«­Ճա­կատ ու­ղար­կո­ւած է «Т-34» 43 հրա­սայլ,- յայտ­նած էր ձայ­նաս­փիւ­ռը:- Հ­րա­սայ­լա­յին շա­րա­սիւ­նը մաս­նակ­ցած է Ուք­րա­նիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ ետք՝ հա­մալ­րո­ւե­լով կրկին 22 ռազ­մա­կան մե­քե­նա­յով, մաս­նակ­ցած է ­Մերձ-­Բալ­թի­կա­յի ճա­կա­տին»:
­Ձեռ­քե­րը ծա­լած նստած չէր նաեւ ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը։ ­Մօտ 20 հա­զար հայ կը կռո­ւէր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հե­տե­ւա­զօր­քին, նա­ւա­տոր­մին եւ օ­դա­յին ու­ժե­րուն մէջ։ Ա­նոնց­մէ յատ­կա­պէս ակ­նա­ռու էին հրա­մա­նա­տար ­Հայկ ­Շե­քէր­ճեա­նը, հա­զա­րա­պետ ­Զա­ւէն ­Նալ­պան­տեա­նը, հա­րիւ­րա­պետ ­Ճորճ ­Ճաս­կա­լեա­նը, տե­ղա­պահ ­Չարլզ Ա­ռա­քե­լեա­նը, գնդա­պետ ­Սեմ ­Զա­քիոնն ու ­Ճոն ­Խու­դո­յեա­նը, տաս­նա­պետ ­Ճէյմս ­Թո­փա­լեա­նը, պա­հես­տա­յին ­Լիւ­սի Ս­տե­փա­նեա­նը եւ այլք։
­Սա­կայն այդ մա­սին հայ­կա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռը յա­ճախ չէր խօ­սեր։
Եւ ա­հա ե­կաւ այն օ­րը, երբ ձայ­նաս­փիւ­ռը հա­յե­րէ­նով յայ­տա­րա­րեց եւ ամ­բողջ օ­րը կրկնեց ­Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազ­մի գլխա­ւոր հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը. «­Յաղ­թա­նակ»։
Իսկ յե­տոյ՝ մար­շալ ­Ժու­կո­վը ը­սաւ.- «­Ֆա­շիզ­մի նկատ­մամբ տա­րած մեր յաղ­թա­նա­կի ըն­թաց­քին հա­յե­րը` սկսած շար­քա­յին­նե­րէն մին­չեւ մար­շալ՝ ան­մա­հա­ցու­ցին ի­րենց ա­նուն­նե­րը խի­զախ մար­տիկ­նե­րու չնսե­մա­ցող փառ­քով»։