Երկուշաբթի՝ 23 Ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին շուրջ համախմբուեցաւ մեծ թիւով հայութիւն՝ հոգեւորական արարողութեամբ եւ պաշտօնական շուքով ոգեկոչելու համար սրբադասուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն անմահ յիշատակը։
Ոգեկոչման արարողութեան հանդիսապետեց յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ իր կողքին ունենալով հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները՝ Յովսէփ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէզազեան եւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր հայրեր Խորէն Վարդապետ Առաքելեան, Հրայր Աւ. Քահանայ Նիկոլեան, Վահրիճ Վարդապետ Ղարախանեան եւ Նարեկ Քահանայ Շահինեան։ Ներկայ էր նաեւ Նէա Զմիռնիի մեթրոպոլիտի ներկայացուցիչը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, Յունաստան ուսանող Հ.Հ. սպաները եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի փողերախումբը՝ պրն. Փանաեոթի Փսարիանոսի ղեկավարութեամբ, պաշտօնական շուք տուին յիշատակի հանդիսաւոր արարողութեան:
Պաշտօնական անձնաւորութեանց շարքին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան, դեսպանորդ պրն. Ալեքսանտր Սարգսեան, Հ.Հ. հիւպատոս՝ տիկ. Աննա Խաչատրեան, Հ.Հ. զինուորական կցորդ՝ գնդապետ Ալեքսէյ Աբրահամեանի եւ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. ուսանող սպաներու պատուիրակութիւնը։
‘Պետական-քաղաքական անձնաւորութեանց շարքին պատուոյ կարգը գրաւած էին Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ տիկ. Էլէնի Ավլոնիթու, Մարզպետարանի ներկայացուցիչ տիկ. Ակելիքի Լեվենտի, Նէա Տիմոքրաթիայի ներկայացուցիչ պրն. Եորղոս Քումուցաքոս, Էնոսի Քէտրոոնի ներկայացուցիչներ՝ տիկ. Աննա Մարա եւ պրն. Եաննիս Քուցուքոս, կիպրական եւ պոնտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Քերովբէ Էքիզեան, յունահայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան։
Ներկայ էր նաեւ Ռ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչ պրն. Գալուստ Ռուստամեան: Նոյնպէս՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Ստաւրոս Ծուլաքիս, փոխ-քաղաքապետ եւ մշակութային միութեան նախագահ պրն. Վակելիս Խաչատուրեան, Նէա Զմիռնիի նախկին քաղաքապետ պրն. Եորղոս Քութելաքիս: Ներկայ էր նաեւ դերասանուհի տիկ. Խրիսթինա Ալեքսանեան:
Ոգեկոչումի հոգեւորական արարողութենէն ետք, օրուան հանդիսավար ընկ. Մարլէն Քիւրտօղլեան — Պոտուրեան ներկաներուն ուղղեց հանդիսութեան նախագահի իր խօսքը՝ շեշտելով. «Մեր մտքին ու հոգիին մէջ կը վերակենդանացնենք անմեղ նահատակները եւ հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած մեր պապերուն տառապանքը: Կը յիշենք ու կը վերապրինք այդ բոլորը, բայց չենք ողբար: Չենք ողբար՝ յատկապէս երեք տարի առաջ մեր նահատակներու սրբադասումէն վերջ: Այնպէս, ինչպէս արդարօրէն կը հպարտանանք մեր անուանի ու բազմահազար անանուն հերոսներով, նոյնպէս եւ հպարտ ենք, որ ծանօթ սուրբերու կողքին, հիմա ունինք նաեւ միլիոնաւոր անանուն սուրբերու հսկայ բանակ: Հպարտ ենք. Կը յիշենք ու միշտ պիտի յիշենք զանոնք, որովհետեւ անոնց յիշատակը ուժ կը ներշնչէ մեզի ու պայքարելու կամք: Ոգեկան կորովով կը զինէ մեզ:
Անոնց ոգիովն էր, որ կերտուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը Մայիս 28ին, որուն 100րդ տարերադձին կը գտնուինք այսօր»:
Յաջորդաբար, ընկերուհի նախագահը հրաւիրեց Մարզպետարանի ներկայացուցիչին, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետին ու Յունաստանի Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին՝ իրենց ողջոյնի խօսքերը ուղղելու:
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, «հայ ազգը 1.500.000 զոհ ունենալու տեղ ունենալու 1.500.000 սուրբեր, որոնք մեզ առաջնորդեցին դէպի Մայիսեան յաղթանակ»:
Ոգեկոչման աւարտին՝ Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին դափնեպսակներ զետեղեցին՝
-Յանուն յունահայութեան՝ պրն. Արա Գիրազեան։
-Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Ստաւրոս Ծուլաքիս։
-Մարզպետարանի ներկայացուցիչ տիկ. Ակելիքի Լեվենտի։
-Էնոսի Քէտրոոնի ներկայացուցիչ տիկ. Աննա Մարա:
-Նէա Տիմոքրաթիայի ներկայացուցիչ պրն. Եորղոս Քումուցաքոս:
-Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան։
-Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ տիկ. Էլէնի Ավլոնիթու:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հայկական ու յունական ոգերգներով, մեկնաբանուած Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի փողերախումբին կողմէ. ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակը, ուրկէ սկսաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցը, դէպի թրքական դեսպանատուն: