Յունաստանի պետութեան օրէնքով ամրագրուած Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երէկ Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Ատիկէի մարզպետութեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ու հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու նախագահութեամբ։ Ներկայ եղաւ մեծ թիւով հայ եւ յոյն ժողովուրդ, յարգելու եւ պաշտօնական շուքով նշելու համար սրբադասուած մեր բիւրաւոր նահատակներու անմահ յիշատակը։
Արարողութեան հանիսապետեց յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդերը՝ Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեանը եւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր Խորէն Վրդ. Առաքելեանը, Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանը, եւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեանը։
Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Ատիկէի Մարզպետարանի ներկայացուցիչ Անկելիքի Լեվենտի, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, հելլէն խորհրդարանի նախկին նախագահ Զոի Գոնսթանտոփուլու, ինչպէս նաեւ Նէա Զմիռնիի եւ Փալէօ Ֆալիրոյի քաղաքապետութեանց յառաջիկայ ընտրութիւններու թեկնածուներ, կիպրական եւ պոնտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ ազգային եւ միութենական կառոյցներու ատենապետներ եւ վարչութիւններ։
Ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, Հ.Հ. դեսպանորդ Ալեքսանդր Սարգսեան եւ Հ.Հ. հիւպատոս տիկին Աննա Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Էվէլփիտոն Սպայից վարժարանը ուսանող հայ կուրսանտները, Հ.Հ. զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսէյ Աբրահամեանի առաջնորդութեամբ եւ Հ.Հ. դեսպանութեան անձնակազմը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները եւ աստիճանաւորները պատուոյ ջոկատ կազմած էին յուշարձանի մուտքին, իսկ ներկայ էր նաեւ Նէա Զմիռնիի փողերախումբը, Փանաեոթիս Փսարիանոսի ղեկավարութեամբ։
Օրուայ նախագահ ընկ. Սեդրակ Այվազեան բացումը կատարելով արարողութեան, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը։
Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւորական արարողութիւնը, ի յարգանք մեր ազգի անմեղ զոհերու յիշատակին։
Օրուայ նախագահը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով բացման իր խօսքը ուղղեց, շեշտելով թէ «104 տարիներ անցած են ցեղասպան Թուրքիոյ հայաջնջման ահաւոր ծրագրէն, 1915ի Ապրիլ 24ի այն օրէն, երբ համաթուրանական գաղափարով համակուած Թուրքիան կը վճռէր հայկական հարցը աշխարհի երեսէն վերացնել, այնպէս ինչպէս, որ ի՛նք գիտէր ու դարերու ընթացքին կը գործադրէր՝ տառապանքի, աւերումի, չարչարանքի, ջարդի, կոտորածի, դժոխային ամենէն ահաւոր ձեւերով, 1.500.000 միլիոն անմեղ հայ զոհեր անշիրիմ ձգելով իր ետին։
Այսօր, այսքան տարիներ ետք, ահաւասիկ մեր նահատակներուն յիշատակը յարգող հայորդիներս, կը պահանջենք՝ պատմութեան մեծագոյն ցեղասպան Թուրք դահիճէն, ճանչնալ իր կատարած սոսկալի ոճիրը ու սրբագրել անոր հետեւանքները՝ միջազգային ու քաղաքակրթուած աշխարհի օրէնքներուն համաձայն։
Մեր այսօրուայ ներկայութիւն-հաւաքը այս զօրաւոր պահանջքներն է որ կը դնէ Թուրքիոյ առջեւ։
— Ճանչնալ ու դատապարտել 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ ստանձնելով իր պարտաւորութիւնները հայ ժողովուրդին հանդէպ։
— Վերադարձնել Հայկական պատմական հողերը իր տիրոջ՝ Հայութեան։
— Հատուցանել բռնագրաւուած սեփական եւ եկեղեցական կալուածները։
— Վերացնել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու շրջափակումը։
— Դադրեցնել Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւնը, որ այլ բան չէ եթէ ոչ ուղիղ սպառնալիք՝ Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին հանդէպ։
104 տարիներ առաջ ցեղասպանութիւնը ի գործ դրած ոճրագործ Թալէաթին ու Էնվէրին ժառանգորդները սակայն, այսօր եւս կը շարունակեն նոյնը կատարել։ Ուրանալ, խեղաթիւրել, հալածել …
Բայց մեր մտքերուն մէջ մենք վառ կը պահենք մեր նախահայրերու տառապանքը եւ երբեք չենք մոռնար։ Այլ կը յիշենք ու կը վերապրինք։ Ամէն օր՝ պայքարելով, հպարտանալով, ներշնչուելով եւ դէպի ապագայ ուղղուելով, նոյն այն ոգեկան հսկայ կորովով, որ մեր ազգը կ’առաջնորդէ։
Մենք դեռ պիտի շարունակենք մեր պայքարը, որովհետեւ այդ՝ մեր գոյութեան իմաստաւորողն է, մեզ իրարու միացնող շաղախն է, նոր սերունդներուն ներշնչում ու նուիրում տուող կամքի զօրաւոր ու անհերքելի ուժն է»։
Յաջորդաբար իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղելու հրաւիրուեցան Մարզպետարանի ներկայացուցիչ Անկելիքի Լեվենտի, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս եւ Յունաստանի Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանը։
Ոգեկոչման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ դափնեպսակներու զետեղումով։
— Յանուն յունահայութեան դափնեպսակ զետեղեց պրն. Յարութիւն Գասպարեան։
— Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս
— Ատիկէի Մարզպետութեան կողմէ տիկին Անկելիքի Լեվենտի
— ՀՀ դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական ոգերգներով, որ հնչեցուց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի փողերախումբը, ապա բոլոր ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, մեխակներ զետեղելով «Զանգակ-Յուշարձանին» շուրջը։
Համախմբեալ հասարակութիւնը հանրակառքերով ուղղուեցաւ Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակը, ուրկէ ճամբայ ելաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցը, դէպի թրքական դեսպանատուն։