Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի պատգամի ներկայացում

0
17

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը, 2023 տա­րին եւս հռչա­կած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ», որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն ան­ցեալ տա­րո­ւան, թե­մե­րուն ա­ռա­քո­ւած է ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին Բ. պատ­գա­մը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի տնօ­րի­նու­մով, սոյն պատ­գա­մի ներ­կա­յա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Այ­սու հա­ւա­տա­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դին կը հա­ղոր­դենք, թէ ­Կի­րա­կի, 5 ­Փետրուար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի «Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գին պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ յըն­թացս Ս. ­Պա­տա­րա­գին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։
Այս ա­ռի­թով, ե­կե­ղեց­ւոյս ան­խոնջ նո­ւի­րեալ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րը, հա­մեստ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ մը պի­տի դի­մա­ւո­րեն ներ­կայ­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյս ներք­նաս­րա­հին մէջ:
­Կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ներ­կայ գտնուե­լու Ս. ­Պա­տա­րա­գին, եւ հա­ղոր­դա­կից դառ­նա­լու վե­րո­յի­շեալ յուժ կա­րե­ւոր պատ­գա­մին։

Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ