­Շա­բաթ՝ 10 Ապ­րիլ 2021-ին, ­Կի­րա­կամ­տից ­Ժա­մեր­գու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, ձե­ռամբ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեա­նին եւ խար­տա­ւի­լա­կու­թեամբ ­Զա­րեհ վրդ. ­Սար­գի­սեա­նին, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան­նե­րու տո­ւու­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։
­Սոյն աս­տի­ճան­նե­րուն ար­ժա­նա­ցան Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, Ար­տակ վրդ. Ա­րա­պեան, Հ­րանդ վրդ. ­Թա­հա­նեան, Շ­նորհք վրդ. Ա­շը­գեան, վրդ. ­Թինք­ճեան եւ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։ Իսկ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի յա­տուկ ար­տօ­նու­թեամբ ­Վար­դան վրդ. ­Թաշ­ճեանն ու ­Պետ­րոս վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեա­նը ­Ծայ­րագ­նու­թեան աս­տի­ճան­նե­րը պի­տի ստա­նան ի­րենց ծա­ռա­յած թե­մե­րէն ներս։
Ն­շենք, որ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ կը ծա­ռա­յէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, իսկ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան իր հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մէջ, միա­ժա­մա­նակ ըլ­լա­լով ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ։
­Ձեռ­նադ­րիչ սրբա­զան հայ­րը փո­խան­ցեց օ­րո­ւան խոր­հուր­դէն ե­կող պատ­գա­մը։ Ա­պա, սրբա­զա­նը իր խօս­քը ուղ­ղեց նո­րըն­ծայ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ­նե­րուն եւ ը­սաւ, որ ձեռ­նադ­րու­թեան ­Մաշ­տո­ցը այն­քան ամ­բող­ջա­կան կեր­պով կը նկա­րագ­րէ եւ կը հրա­ւի­րէ ա­նոնց, որ ոչ միայն հնա­զան­դու­թեան, այլ ուխ­տա­ւո­րա­բար շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց այն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, որ ­Տէ­րը կտա­կեց Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, Իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն եւ տո­ւաւ զօ­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան հա­մար­ձա­կօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւիլ եւ ու­սու­ցա­նել։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ներ­կայ կեան­քի պայ­ման­նե­րուն՝ սրբա­զա­նը ը­սաւ, որ այս օ­րե­րուն յատ­կա­պէս, երբ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը տագ­նապ­նե­րէ կ­՚անց­նի, մեր ժո­ղո­վուր­դը ու մեր ե­կե­ղե­ցին կա­րի­քը ու­նին ո՛չ թէ խօս­քին ճար­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցող ան­ձե­րու, այլ հա­մո­զու­մը, հա­ւատ­քը, յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ու մա­նա­ւանդ խօս­քը գոր­ծի վե­րա­ծե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
­Կը հա­ւա­տամ, որ այս նո­ւի­րա­կան ­Սուրբ Ա­թո­ռին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը այս­պէ՛ս ե­ղած է դա­րե­րու ըն­թաց­քին եւ այս­պէ՛ս կը շա­րու­նա­կո­ւի այ­սօր՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Սուրբ Ա­թո­ռոյս գա­հա­կալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին։
Իր քա­րո­զի ա­ւար­տին, ձեռ­նադ­րիչ սրբա­զա­նը հրա­ւի­րեց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը, որ­պէս­զի իր ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցէ նո­րըն­ծայ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ­նե­րուն։ Այս ա­ռի­թով, ­Հայ­րա­պե­տը իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը տո­ւաւ եւ թե­լադ­րանք­նե­րը փո­խան­ցեց նոր աս­տի­ճա­նա­կիր հայր սուր­բե­րուն։
Ուր­բաթ՝ 9 Ապ­րիլ 2021-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թե­նէն ետք, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին եւ ներ­կա­յու­թեամբ վա­նաբնակ միա­բան հայ­րե­րուն, «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պե­տու­թեան թեկ­նա­ծու միա­բան հայ­րե­րու թե­զե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։
Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան ներ­կա­յա­ցուց «Ե­գիպ­տո­սի ­Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան թո­խա­նորդ (ա­պա Ա­ռաջ­նորդ)՝ ­Թոր­գոմ արք. ­Գու­շա­կեա­նի եւ ­Մամբ­րէ Ծ. վրդ. ­Սի­րու­նեա­նի (ա­պա ար­քե­պիս­կո­պոս) նա­մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը ­Սա­հակ Բ., ­Բաբ­գէն Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընդհ. փո­խա­նորդ­նե­րուն եւ տե­ղա­պահ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ վե­րոն­շեալ ­Կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն նա­մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը Ե­գիպ­տո­սի օ­րո­ւան ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ» ար­խի­ւա­յին նիւ­թը։
­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան ներ­կա­յա­ցուց «­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը» թե­զը։
­Թե­զե­րուն նիւ­թե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ եւ զա­նոնք պաշտ­պա­նե­լէ ետք, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կա­տա­րեց իր մատ­նան­շում­նե­րը ու թե­լադ­րանք­նե­րը եւ տո­ւաւ հա­մա­պա­տաս­խան ուղ­ղու­թիւն­ներ։ ­Միա­ժա­մա­նակ ան իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րուն գծով։
­Ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան տու­չու­թեան ա­ռի­թով, կը շնոր­հա­ւո­րենք յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս ծա­ռա­յող Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նը եւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նը, մաղ­թե­լով ա­նոնց եր­կար եւ բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւն։