Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Աթէնք եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Իրեն կ՚ընկերակցէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդր. վարչութեան ատենապետերէն՝ պ. Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։ Վեհափառին դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Ալ-Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ շրջաններու հոգեւոր հովիւները։ Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան դէպի Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր Հայրապետը դիմաւորուեցաւ յունահայ կառոյցներուն, միութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ, ապա «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ կատարուեցաւ կանոնական աղօթք։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ողջունեց Վեհափառի գալուստը եւ յայտնեց, թէ Հայրապետի Յունաստանի հայոց թեմ այցելութիւնը յատուկ խանդավառութիւն եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծած է թեմէն ներս: Ան բարի գալուստի խօսքին մէջ բազմաբեղուն ծառայութեամբ լեցուն երկար տարիներ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ ապա հրաւիրեց Հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու ներկայ ժողովուրդին։ Արամ Ա. Վեհափառ կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմէն ներս գտնուելուն առիթով՝ ընդգծելով, թէ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդին հետ ըլլալ է, անոր ցաւերը լսել ու դիմագրաւած դժուարութիւնները ճանչնալ է: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմին վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: «Անցնող երկու տարիները հռչակեցինք «Սփիւռքի Տարի»: Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս թեմերը կարեւոր դեր ունին: Ուր որ գաղութ հաստատուած է՝ հոն եկեղեցիներ նաեւ կառուցուած են, եւ եկեղեցիներուն շուրջ՝ թեմական կառոյցներ գործած են: Հետեւաբար, Մեր այս տարուան հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին պիտի խօսինք Սփիւռքի մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերակենսունականացնելու մասին: Ո՛չ միայն պիտի խօսինք, այլ ծրագրումի գործընթացներ պիտի հաստատենք», ըսաւ Վեհափառ հայրապետը:
Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա Վեհափառը մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային վարչութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ազգայիններուն հետ:
Գեղարուեստական երեկոյ ի պատիւ
Վեհափառ հայրապետին եւ Ս. Պատարագ
Շաբաթ, 11 Մարտին երեկոյեան, աննախընթաց եռուզեռ տիրեց Նէա Զմիռնիի «Լէոնտիօ» հանդիսասրահէն ներս, ի պատիւ Վեհափառ հայրապետին կազմակերպուած երգի ու պարի համոյթին, որուն յաջորդեց ազգային կեանքէն ներս ծառայութիւն մատուցած անձերու պարգեւատրում Վեհափառ հօր կողմէն։
Կիրակի, 12 Մարտին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, ուր իր հայրապետական պատգամը տուաւ Վեհափառ հայրապետը։ Կէսօրին, «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ մասնակցութեամբ ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ խորհուրդներու անդամներուն, ապա յաջորդեց Թեմական Երեսփոխանական ժողովի յատուկ նիստ, որ լսեց Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարուան» եւ թեմի վերակազմակերպման մասին խօսքը եւ թելադրանքները։
Այս առաւօտ նախատեսուած են Վեհափառի այցելութիւնները Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարանները։
Մեր յաջորդական թիւերով պիտի տանք իրագործուած միջոցառումներու թղթակցութիւնները։