Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­մերձ ­Մե­խա­կա­ւան (­Ճէպ­րա­յիլ) բնա­կա­վայ­րին մօտ նա­խօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցած է ­Զօ­րա­ւոր ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման եւ բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ըստ Artsakhpress.amի՝ բա­րե­րար Գ­րի­գոր ­Մով­սի­սեա­նի մի­ջոց­նե­րով կա­ռու­ցո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րած է Հ.Հ. Զ.Ու. հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Վր­թա­նէս Եպս. Աբ­րա­հա­մեան:
Ս­կիզ­բը օ­ծո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­շոտ Եր­կաթ թա­գա­ւո­րի հա­յոց բա­նա­կին պա­հա­պան ­Սուրբ ­Խա­չի կրկնօ­րի­նակ խա­չը, այ­նու­հե­տեւ՝ ե­կե­ղե­ցին, որ­մէ ետք մա­տու­ցո­ւած է ­Պա­տա­րագ, ո­րու ըն­թաց­քին Հ.Հ. Զ.Ու. հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը իր շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն` կա­րե­ւոր հա­մա­րած է այդ­պի­սի աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, կա­ռու­ցած Աս­տու­ծոյ տուն մեր հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րո­ւած հա­տո­ւած­նե­րուն վրայ.- «­Կա­մօքն բարձ­րեալ Աս­տու­ծոյ, այ­սօր մենք ու­նե­ցանք եւս մէկ ա­ղօ­թա­վայր, որ ա­ռա­ջինն է ա­զա­տագ­րո­ւած մեր պա­պե­նա­կան ­Մե­խա­կա­ւան բնա­կա­վայ­րին մէջ: Ու­նե­ցանք սրբա­վայր մը, որ պէտք է գօ­տեպն­դէ մեր զի­նո­ւոր­նե­րը` ա­ռա­ւել հաս­տա­տուն ըլ­լա­լու ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ այս­տե­ղէն կը սկսի նաեւ քրիս­տո­նէու­թեան սահ­մա­նը, ո­րուն կնի­քը ե­ղաւ նո­րա­կա­ռոյց այս ­Զօ­րա­ւոր ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին»,- ը­սած է Վր­թա­նէս Եպս. Աբ­րա­հա­մեան: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Հ.Հ. Զ.Ու. հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը կար­դա­ցած է Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի կոն­դա­կը, որ­մով ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­րար Գ. ­Մով­սի­սեա­նին շնոր­հո­ւած է հայ ե­կե­ղեց­ւոյ բարձ­րա­գոյն Ս. ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի պա­տո­ւոյ շքան­շա­նը: Ն­շենք, որ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հ.Ա.Ե. Ա­րա­գա­ծոտ­նի թե­մի ա­ռաջ­նորդ Մկր­տիչ Եպս. Պ­ռո­շեան, Ա.Հ. Պ.Բ. հրա­մա­նա­տա­րի ԱՀՏԱԳՏ զօ­րա­վար-հրա­մա­նա­տար ­Վար­դան ­Բա­լա­յեան, ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման հո­վա­նա­ւոր Գ. ­Մով­սի­սեան, «Երկ­րա­պա­րահ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու միու­թեան» վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, հիւ­րեր: