Լիբանանահայ գաղութի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը եղաւ տոքթ. Մելգոն Էպլիղաթեան (1919-2005), որ բացի իբրեւ ազգային եւ հասարակական գործիչ ունեցած իր գործունէութենէն, մօտ 20 տարի Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացուց երկրի խորհրդարանէն ներս, իր անջնջելի դրոշմը ձգելով գաղութի պատմութեան վրայ։
Առաջին մանկական եւ պատանեկան տարիները ան անցուց Ֆիքսի գաղթակայանը։ Աւելի յետոյ, իր կեանքի ոդիսականին մասին գրած գիրքին մէջ («Գաղթակայանէն խորհրդարան», Հալէպ 1998) Էպլիղաթեան բաւական էջեր կը տրամադրէ Տուրղութիի գաղթակայանին, որ անշրջելի հետքեր թողեց իր պատանեկան կազմուածքին ու յիշողութեան վրայ։ Բազմաթիւ յիշատակներով, հայաւանի կեանքը հարազատօրէն նկարագրող բառերով, Էպլիղաթեան կը խօսի Ֆիքսի հայաբոյր այն կեդրոնին մասին, որ ի շարս Յունաստանի մէջ ստեղծուած «փոքրիկ Հայաստան»ներուն, անմառ պահեցին հայու կայծը, լեզուն ու մշակոյթը, մինչեւ այսօր կը շարունակեն սերունդներ հասցնել։
Կարելի չէ չյուզուիլ կարդալով Մելգոն Էպլիղաթեանի՝ ջուրի նման հոսող յուշերու շարանը։ Մեր առջեւ կը բացուի ծանօթ աշխարհ մը, յաճախ նոր սերունդներուն համար անծանօթ ու անըմբռնելի, որ ընդմիշտ վերացած է այլեւս, բայց սերունդէ սերունդ փոխանցուած ոգին կը յամենայ գոյատեւել հոն, ուր հազարաւոր գաղթականներ իրենց հետ բերին հոգիի ու սիրտի հայրենիքը։ Գաղթակայանները չկան այսօր, սակայն անոնք կը շարունակեն շունչ տալ հայակերտ կեանքի մշտավառ ճրագին։
Խմբագրութեան կողմէ
Գաղթակայանէն խորհրդարան…
Գլուխ 3 .- Աթէնք
ՄԵԼԳՈՆ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
1924-ին մենք փոխադրուեցանք Յունաստան, իսկ Պետրոս հօրեղբայրս եւ իր ընտանիքը շարունակեցին ապրիլ Ռումանիա:
Առաջին երկու տարիներուն բնակեցանք Աթէնք, թաղամաս մը, ուր հայ դպրոց չկար, որով՝ տունը կը մնայի:
Վեց տարեկանիս՝ Թագուհի մեծ մայրս ամէն գիշեր մէկ-երկու էջ կը կարդար «Ռոպէնսոն Քրիւզէոյի արկածներ»ը գիրքէն (հաւանաբար մանուկներու յատուկ հայերէն թարգմանութիւն մը): Անհամբեր կը սպասէի այդ ժամուն եւ ինքզինքս կը նոյնացնէի նաւաբեկեալ հերոսին հետ. ի՞նչ պիտի ընէի, ե՛ս, եթէ դիպուածով օր մը նոյն կացութեան մէջ գտնուէի…: Զիս շատ կը զբաղցնէր մա՛նաւանդ ձուկի փուշով հագուստ կարելու այդ անհաւատալի պատմութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի էր իմ գիտցած ձուկի փուշին հաստ ծայրը ծակ մը բանալ ու թել անցընել: Ուստի՝ նախընտրեցի ամիսներ շարունակ մօրմէս գաղտնի վրաս պահել վերմակի մեծ ասեղ մը ու հաստ դերձան. եթէ օր մը նաւս ամայի կղզիի մը ափին ընկղմէր…: Այդ շրջանէն կը սկսի այն ջերմ մտերմութիւնը, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ապրեցայ գիրքերուն հետ: Եւ արդէն տասը տարեկանէս սկսեալ մոլի ընթերցող դարձայ, նախ եւ առաջ փորձելով կարդալ տունը գտնուող հաստափոր Ս. Գիրքը, որուն բովանդակած հրաշքները շուքի մէջ կը ձգէին բոլոր մտացածին պատմութիւններն ու հեքիաթները: Վաղ պատանեկութեանս շրջանին մխրճուեցայ հայերէնի թարգմանուած օտար վէպերու առասպելական աշխարհին մէջ. գիրքեր՝ որոնք Ֆիքսի գաղթակայանին մէջ ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէին եւ, օր մըն ալ կը հասնէին մեր տունը: Քանի՜-քանի՜ գիշերներ հեւ ի հեւ ապրեցայ Ալեքսանդր Տումայի հերոսներուն եւ մասնաւորապէս Մոնթէ Քրիսթօ կոմսին ու Երեք հրացանակիրներուն հետ. որքա՜ն երազեցի օր մը ճերմակ առագաստներս պարզած նաւարկել դէպի գանձերու խորհրդաւոր կղզին…: Անծանօթ բառի մը հանդիպելու պարագային չէի դիմեր ծնողքիս կամ բառարանին օգնութեան (որ ի դէպ՝ գոյութիւն չունէր տան մէջ). վայրկեան մը իսկ ընթերցանութեան հաճոյքէն չզրկուելու համար կը շարունակէի կարդալ: Փորձառութեամբ գիտէի, որ կրկին ու կրկին պիտի հանդիպէի այդ բառին, վէպին զանազան դրուագներուն ու խօսակցութիւններուն մէջ եւ, առանց գիտակցական մասնաւոր ճիգի՝ հետզհետէ պիտի պարզուէր անոր իմաստը: Սակայն այդ լուռ գործողութիւնը միշտ չէր յաջողեր եւ երբեմն մութ կէտեր կը մնային. օրինակի համար, «ամուսնութիւն» բառը: Գիտէի անոր իմաստը ամուսնութիւն՝ այսինքն հարսանիք: Այդպէս կը կոչուէր այն զարմանալի թատերախաղը, որ Շաբաթ կամ Կիրակի կէսօրէ ետք եւ, որուն խօսքերն ու երգերը առանց փոփոխութեան կը կրկնուէին ամէն անգամ: Գիտէի նաեւ, որ հարսանիքէն ետք դերակատար զոյգը միասին կ՚ապրէր ու կ՚ունենար փոքրիկ մանուկներ: Եւ սակայն կարդացած վէպերուս մէջ, երբեմն առանց կանխօրօք ամուսնութեան երեւան կ՚ելլէին ընկեցիկ կոչուած տեսակ մը տարբեր մանուկներ -ա՛ռ քեզի անհասկնալի բացառութիւն… (ընկեցի՞կ, արդեօք ինկա՞ծ. դարձեալ անծանօթ մնացած բառ մը):
Ամբողջ կեանքիս ընթացքին շարունակեցի կարդալ առանց ծրագրուած ուղղութեան, առանց նախապատուութեան, խառնիխուռն, ինչ գիրք, պարբերաթերթ կամ լրագիր ու ձեռքս անցնէր: Սորվելու, զարգանալու, մտածումի ծիրը ընդլայնելու մղումին հետ ու աւելի՝ ընթերցանութիւնը հանդիսացաւ իմ հաճելի մոլութիւնս, իմ երանաշնորհ ափիոնս:
Վերջապէս, ծնողքս վարձեցին փոքր տուն մը Նէոս Գոզմոս արուարձանին մէջ, շատ մօտ Ֆիքս-Տուրղութի հայկական գաղթակայանին՝ ուր կը գտնուէին համեստ մանկապարտէզ ու նախակրթարան մը, հաստատուած Ս. Կարապետ եկեղեցիին շէնքին մէջ: Եօթը տարեկանիս առաջին անգամ ըլլալով դպրոց գացի ու շրջանաւարտ եղայ 1932 թուականին:
Այսօր զարմանքով կ՚անդրադառնամ, թէ մասնաւոր հաւաքականութեան մը եւ, այս պարագային Ֆիքսի հայ բնակչութեան պատկանելու ամուր համոզումը որքա՛ն զարգացած էր վաղ պատանեկան տարիքիս ու դարձած նոր ինքնութեան մը յատկանիշը: Անվիճելի սահմաններ սկսած էին բաժնել երկու տարբեր աշխարհներ. ի՛մս, մե՛րը, մե՛նք եւ ուրիշները: Արդէն կը գտնուէի հետզհետէ լայնցող պատկանելիութեան շրջանակներու կեդրոնին վրայ: Նախ՝ ծնողք, յետոյ՝ ընտանիք, ազգականներ եւ, այս բոլորը պարփակող պարսպապատ բերդաքաղաքին՝ Ֆիքսի հայութիւնը: Մե՛նք: Դուրսը կը տարածուէր օտարներու անծանօթ երկիրը: Շատ աւելի ուշ կազմուեցաւ համայն հայութիւնը ներառնող պատկանելիութեան շրջանակը, որ թէեւ խարսխած նախորդներուն վրայ՝ համախումբ ապրելու մարդկային բնածին մղումին հետեւանքը չէր միայն, այլ՝ հոգեմտային սեփական կառուցում, հիմնուած մտածումի ու մա՛նաւանդ նպատակադրուած դաստիարակութեան վրայ:
Յիշատակի ճամբով իմ իսկական ծննդավայրս Ֆիքսի գաղթակայանն է: Օրն ի բուն կը չափչփէի անոր ծուռ ու ցեխոտ փողոցները, «տոմուզլուք»ը (խոհանոց) եզերող երկար պատը, շրջակայ դաշտերը, ու կը մագլցէի մերձակայ պզտիկ բլուրը: Սակայն իմ ամենասիրելի վայրը դպրոցս էր: Ուսուցիչներս՝ Մանուկ Մանուկեանը եւ բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեանը հոն է, որ մէջս արծարծեցին հայերէն լեզուի սէրը: Եփրեմ Վարդանեանի, Զաքար Զաքարեանի, տնօրէն Մանդակ Աղասեանի, մեզի մօտ ազգական Յովհաննէս Միսիրեանի եւ յունարէնի ուսուցիչ «Տասքալոս»ի դասերը զարմանահրաշ նոր հորիզոններ բացին աչքերուս առջեւ: Այսօր ապշեցուցիչ ու թերեւս վնասակար կրնայ թուիլ, որ մեր խեղճուկ նախակրթարանին մէջ տասներկու տարեկանին չորս լեզու միաժամանակ կը սորվէինք — հայերէն, յունարէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն, ինկ հինգերորդը՝ թրքերէնը, արդէն մեզմէ շատերուն մայրենի լեզուն էր:
Գաղթակայանին դպրոցը ամէն Կիրակի կը կերպարանափոխուէր ու կը վերածուէր լուսազարդ եկեղեցիի: Մոմ, խունկ, երգեցողութիւն, քարոզ, ջերմեռանդ խուռն ժողովուրդ: Ծնողքիս պնդումով պատարագին միշտ ներկայ կ՚ըլլայի, նախանձելով այն երկու ընկերներուս, որոնք, գունաւոր պարեգօտներ հագած՝ շարականներ կ՚երգէին դասին մէջ: Հօրս համաձայնութեամբ ես ալ երկու անգամ մաս կազմեցի դպիրներու խումբին. ի՜նչ երջանկութիւն, կարծես ոսկեթեւ հրեշտակներ կը թեւածէին խորանին վերեւ: Բայց երրորդ Կիրակին դպրապետը խստիւ արգիլեց շարունակել. գլխիկոր տուն վերադարձայ: Նոյն աղէտը պատահեցաւ քանի մը ամիս ետք, երբ կը մասնակցէի դպրոցական երգչախումբի փորձերուն. յանկարծ խմբավարը զիս մատնացոյց ընելով պոռաց՝ — դո՛ւրս: Այդ չարաբաստիկ օրը հասկցայ բաղաձայն բառին իսկական նշանակութիւնը եւ, ափսո՜ս, ցնդեցան երգերու զմայելի աշխարհը մուտք գործելու յոյսերս: Բայց ի՛նչ փոյթ, կը յուսադրուէի այն համոզումով, որ ապագաս… դրախտին մէջն էր: Արդարեւ, դասարանը լուր տարածուած էր, որ «Հաւատամք ի մի Աստուած»ը գոց սորվողը ա՛նպատճառ դրախտ պիտի երթար: Ուրիշներու պէս ես ալ փութացի մուտքի տոմս ապահովել, թէեւ յստակ չէի գիտեր, թէ ի՞նչ էին դրախտին առաւելութիւնները:
Եկեղեցիէն վերադարձիս, ամէն Կիրակի հետաքրքրութեամբ կանգ կ՚առնէի հայ տղոց մօտ, որոնք, ցած աթոռներու վրայ նստած՝ անցորդներուն կօշիկները կը ներկէին: Թէ՛ կը զմայլէի եւ թէ կը նախանձէի. տե՛ս, գրեթէ իմ տարիքիս, ասոնք արդէն կ՚աշխատին ու դրամ կը շահին: Ինչո՞ւ համար ազատ ժամերուս ես ալ նոյնը չընեմ, արդէն տան մէջ կօշիկ ներկելու պարտականութիւնը ինծի վիճակուած էր…: Օր մը, վերջապէս, քաջութիւնը ունեցայ հօրս կարծիքը առնելու, բայց այդ պահուն չհասկցայ, թէ ի՞նչ պատճառաւ միակ բառ մը արտաբերել — ո՛չ:
Ամէն Կիրակի առաւօտ, ժամերգութենէն ետք հոգեցունց նախանձով կը հետեւէի եկեղեցիին բակին մէջ տողանցող սկաուտներուն փառատօնին: Մէկ-երկու, մէկ-երկու, մէկ-երկու. հանգի՛ստ, պատրա՜ստ…: Ա՜խ, ե՞րբ տարազ հագած ե՛ս ալ պիտի քալէի այդպէս հպա՜րտ, ե՞րբ պիտի մասնակցէի հետախուզական խորհրդաւոր արշաւներուն, ե՞րբ փայտէ երկար գաւազանով զինուած պահակ պիտի կանգնէի բանակատեղիին առջեւ…: Սկիզբը հայրս համաձայն չէր, սակայն թախանձագին պնդումներուս վրայ վերջապէս հաւանութիւն տուաւ:
Սկաուտական փողկապ կրած օրս երջանկութիւնս չափ ու սահման չունէր: Բայց երկար քալելէ ետք յանկարծ ձախ ոտքս սկսաւ ցաւիլ. կ՚երեւի նոր կօշիկս քիչ մը նեղ էր, որովհետեւ տեսայ, թէ պզտիկ սկրթուք մը կազմուած էր կրունկիս վրայ: Կարեւորութիւն չտուի, անշուշտ շուտով պիտի անցնէր, ինչպէս արագ կը բուժուէին ծունկերուս անհատնում վէրքերը, որոնց վրայ մայրս «թէնթիւռ տ՚իոտ» կը քսէր: Սակայն շաբաթ մը ետք բումս ուռեցաւ, կարմրեցաւ ու սկսաւ սաստիկ ցաւիլ: Բժիշկը թելադրեց անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրել զիս:
Տակաւին կը յիշեմ, թէ ինչպէս հայրս զիս գրկած՝ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցին աստիճաններէն բարձրացուց: Ետքը, ձեղունէն կախուած հսկայ լամբարին կուրցնող լոյսը. թաց լաթ մը քիթիս վրայ, քնաբեր դեղին անտանելի հոտը. մարդիկ՝ որ զիս բռնութեամբ կ՚անշարժացնեն սեղանին վրայ. մութ գիշեր…: Երբ ուշքս վերագտայ, մայրս անկողինին քով նստած կու լար:
— Մի վախնար, մայրիկ,- ըսի,- ես շուտով կ՚աղէկնամ. հիմա տուն երթանք:
Դժբախտաբար փափաքս չիրականացաւ. աւելի քան երկու շաբաթ տառապեցայ այդ ճերմակ սրահին մէջ, ուր ինձմէ զատ վեց հիւանդներ երկնցած էին երկաթէ մահճակալներու վրայ:
Հիւանդանոցին մէջ ժամերը դանդաղ կը սահէին: Առաւօտ կանուխ ինծի հետ կ՚արթննար վէրքիս դարմանման անձկալի սպասումը: Ե՞րբ պիտի գար այդ սարսափելի մարդը. ինչո՞ւ համար ուշացաւ. յոյսի նշոյլ մը կը սաւառնի օդին մէջ — թերեւս այսօր չի գար… բայց ո՛չ, ահա՛ ինքն է, բժի՛շկն է եւ հիւանդապահը, որ կը սկսի վիրակապերը քակել: Փայլուն գործիքներու ծայրով կը խառնեն վէրքը եւ դեղ կը կաթեցնեն անոր մէջ. ակռաներս կը սեղմեմ, բայց չեմ կրնար այրող ցաւին դիմանալ, անընդհատ կը ճչամ. վերջապէ՜ս, եւ ամէն օրուայ պէս:
— Մելքօ, այսօր քեզի աւելի լաւ կը տեսնեմ,- կ՚ըսէ բժիշկը եւ կ՚ուղղուի դէպի յաջորդ մահճակալը:
Մանրէասպան դեղերու չգոյութեան այդ տարիներուն աննշան սկրթուքի մը վարակումը կրնար մահացու հետեւանքներ ունենալ: Բարեբախտաբար ես փրկուած էի՝ շնորհիւ վիրաբուժապետ Գարաեանիսի բացառիկ տաղանդին: Հազիւ երկու ամիս ետք՝ սրունքս իր բնականոն վիճակը վերստացաւ, բայց նաեւ վերջ գտաւ բարձրութիւն ցատկելու իմ «մասնագիտութեանս» ասպարէզը ու մարեցաւ սկաուտական երազը:
Այս պատահարէն ետք վճռեցի այլեւս երբե՛ք գործ չունենալ ո՛չ հիւանդանոցներու եւ ոչ ալ մա՛նաւանդ բժիշկներու հետ…
***
Զրկանքը ու ծանր աստիճան նիւթական անապահովութեան դառն զգայնութիւնը երբե՛ք չապրեցայ այդ տարիներուն, որովհետեւ մեր կենցաղը յար եւ նման էր գաղթակայանին բոլոր բնակիչներուն ապրելակերպին. բաղդատութեան եզր չունէի: Հայրս քալելով ամէն օր Աթէնք կ՚իջնէր գործ փնտռելու համար, ընդունելով ներկայացող որեւէ առիթ (բարեբախտաբար յունարէն գիտէր, բոլոր իզմիրցիներուն պէս): Իսկ մայրս շատոնց ծախած էր գոհարեղէնները, նոյնիսկ իր սիրելի ջութակը եւ, տան բազմաթիւ զբաղումներէն զատ՝ հօրս տնտեսական բեռը կը ջանար թեթեւցնել ժանեակի ասեղնագործութեամբ, կարով ու կարուձեւի դասեր տալով (որ սորված էր Պոլսոյ ֆրանսացի կրօնաւորուհիներու վարժարանին մէջ): Պարապ ժամերուն կը հիւսէր ընտանիքին բոլոր անդամներուն գուլպաներն ու բրդեղէնները: Տօնական օրերուն «նոր» զգեստներ ապրելու երջանկութիւնն ալ կ՚ապրէի, որովհետեւ հօրս հինցած հագուստները «կը կարգադրէր» իմ չափերուս՝ որոնք ինձմէ ետք ժառանգ կ՚իյնային կրտսեր եղբօրս: Իսկ այդ տաժանելի կեանքէն վերապրող կերպասի մնացորդներն ալ հանգստեան չէին կոչուեր, պահանջի համաձայն՝ անոնք կը վերածուէին բաճկոնի, սրբիչի, կարկտանի կտորներու, եւ այլն: Կերպարանափոխումի երեւոյթը միայն մեզի յատուկ չէր, այլ՝ հասարակաց բոլորին, ու բոլոր առարկաներուն համար. այնքան որ ֆրանսացի նշանաւոր քիմիաբան Լավուազիէի նմանողութեամբ կարելի էր ըսել -Ֆիքսի մէջ «ոչինչ կը ստեղծուի, ոչինչ կը կորսուի, ամէն ինչ կը կերպարանափոխուի…»:
Կարեւորը անօթի չմնալն էր, իսկ տունը միշտ ուտելիք մը կը գտնուէր. անծանօթ էին նախասիրութիւնները, քմահաճոյքը կամ ախորժակի պակասը: Մեծագոյն հաճոյքս էր, հիւանդութեան ապաքինման շրջանին՝ «ուժ առնելու համար» ածուխի կրակի վրայ կարմրցուցած ոչխարի երկու կողիկ ճաշակել. առիթ մը, որ տարին քանի մը անգամ կը կրկնուէր: Աւելորդ է ընդգծել, որ գաղթակայանին մէջ գէր կին, էրիկմարդ կամ թոմպուլիկ մանուկներ չկային…
Այս կը թուէր ըլլալ կեանքին բնական օրէնքը եւ ես իսկապէ՛ս երջանիկ էի:
Աւելի ուշ անդրադարձայ, որ մենք որքա՜ն դժուար կեանք մը ապրած էինք այդ տարիներուն: Երբեմն Աթէնք եւ ծովեզերեայ շքեղ արուարձան Փալէօ Ֆալէրօ երթալով զմայլած էի տեսնելով անոնց քարաշէն տուները, լուսազարդ, մաքուր ու լայն փողոցները, չոր մայթերը, գեղեցիկ խանութները եւ տարբեր հագուստներ կրող մարդիկ, սակայն այդ բոլորը ո՛րեւէ նախանձի զգացում չէին արթնցներ մէջս, որովհետեւ «օտար» էին: Ո՞վ կը նախանձի Հրատ մոլորակի բնակիչներէն…
Ազգային նախակրթարանի դասընթացքը աւարտելէ ետք, հայրս, շնորհիւ իր լաւագոյն եւ հին բարեկամին ազնիւ տիկնոջ՝ Պէաթրիս Մանտիկեանի յանձնարարութեան, յաջողեցաւ զիս տեղաւորել ֆրանսացի Ֆրէր մարիսթներու «Լէոնթիոն Լիկիոն» երկրորդական վարժարանը: Հոն ուրախութեամբ գտայ երկու դպրոցական ընկերներս (Արշաւիր Գազանճեանը եւ Յակոբ Անդրէասեանը): Յոյն նոր դասընկերներս մեծ մասամբ շատ բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ էին, անոնց տուները այցելելով ու անոնց կենցաղին ականատես ըլլալով է, որ վերջապէս կարողացայ բաղդատութեան եզր գտնել մեր եւ իրենց միջեւ. այդ որքա՜ն խեղճ էինք մենք…: Շատ վիրաւորական էր մա՛նաւանդ յոյն դասընկերներուս աւելի քան ազնիւ վերաբերումը մեզի հանդէպ: Անկասկած՝ մարդասիրական բարի զգացումներէ մղուած՝ անոնք երբեմն իրենց փարթամ տուները կը հրաւիրէին մեզ, անծանօթ քաղցրաւենիներ եւ ուտելիքներ կը հրամցնէին, վերջապէս աներեւակայելի պերճանք՝ սեփական պզտիկ շարժապատկերի գործիքի միջոցաւ քաու պոյ Թոմ Միքսի համր ֆիլմեր կը ցուցադրէին…: Սակայն այդպէս է, որ իրենց մտադրութենէն անկախ՝ անոնք մէջս զարգացուցին ու ամրապնդեցին գթութեան արժանի, ողորմելի օտար գաղթական մը ըլլալու դառն գիտակցութիւնը: Յանկարծ խաղաղ աշխարհս փուլ եկաւ: Ոչ, ուրմեն ո՛չ, կեանքի օրէնքը ցարդ տեսածս ու գիտցածս չէր: Այդ օրերէն ի վեր էութեանս մէջ վառեցաւ անարդարութեան դէմ ծառանալու կիրքը:
1931-ի ամառը Պետրոս հօրեղբօրս հրաւէրով եւ մօրաքրոջս աղջկան՝ Անահիտ Միսիրեանի ընկերակցութեամբ Փլոէշտ գացի՝ դպրոցական արձակուրդս անցընելու համար: Փիրէայէն դէպի Քոսթանցա ճամբուն վրայ շոգենաւը մէկ օր կանգ առաւ Պոլիս, ուր մեզի այցելեցին Գրիգոր մեծ հայրս եւ Մարիամ մեծ մայրս, որոնք կը շարունակէին Պոլիս բնակիլ: Առաջին ու վերջին անգամ կը տեսնէի զիրենք. երկուքն ալ արդէն իննսունը անցած էին: Իսկ չեմ ճանչցած Մելգոն մեծ հայրս, որ մահացած էր Քրքաղաճի մէջ:
***
1989-ին, այսինքն՝ յիսունեօթը տարի ետք՝ Աթէնք այցելութեան առիթով ուզեցի ուխտագնացութեան երթալ երբեմնի հիւղաւանը. գիտէի անշուշտ, որ անկէ մեծ հետք չէր կրնար մնացած ըլլալ, այսուհանդէրձ, շատ գէշ ազդուեցայ պտտելով Էնթէրքոնթինանթալ արդիական հսկայ պանդոկին գրեթէ կից՝ անծանօթ թաղամասին մէջ, որ այժմ տեղաւորուած էր հիւղաւանի նախկին տարածութեան վրայ: Ջնջուած, սրբուած, անյայտացած էր, գոյութիւն չունէր յիշողութեանս մէջ միշտ ապրող Ֆիքսը…: Բայց արդեօք իսկապէս գոյութիւն ունեցա՞ծ էր անիկա. արդե՞օք երեւակայութիւնս չէր ստեղծած անոր հեքիաթը, արդեօք սխալ տեղ չէի՞ եկած: Հաւանաբար ո՛չ, քանի երկար փնտռտուքէ ետք հանդիպեցայ համեստ խանութի մը ցուցափեղկին վրայ յունարէն տառերով գրուած հայ ազգանունի մը: Վերադարձին, ամայի դաշտի մը մէջտեղը նկատեցի ինքնաշարժի սեւ իւղով մրոտած նեղ ու երկար կառատուն մը:
Գիշերը տիկնոջս հետ ճաշեցինք յունահայ դասընկերոջս՝ Յակոբ Անդրէասեանի ընտանիքին հետ եւ երկար թափառեցանք մեր հասարակաց յիշատակներուն մէջ:
— Այդ կառատունը, որուն կ՚ակնարկես,- ըսաւ Յակոբ, — մեր նախկին Ս. Կարապետ եկեղեցիին շէնքն է. արդէն կառատուն էր, երբ ժամանակին վարձուեցաւ եւ, նոր եկեղեցիին շինութենէն ետք՝ դարձեալ կառատան վերածուեցաւ…: