Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գան­ձա­պահ պրն. ­Գար­լօ ­Գու­յում­ճեան, ­Շա­բաթ 25 ­Մարտ 2023­ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Օսիա Ք­սէ­նի» հրա­պա­րա­կը, ուր տեղ­ւոյն յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նի հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րուան պատ­գա­մի փո­խան­ցումն ու դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։
­Յա­նուն Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ պրն. ­Գար­լօ ­Գու­յում­ճեան զե­տե­ղեց դափ­նեպ­սակ մը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­քը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Ա­ւար­տին հո­գե­ւոր հո­վիւն ու ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մը մեկ­նե­ցան «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցան սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն, երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ աս­տի­ճան­նե­րու տո­ւու­չու­թիւն։ Տ. ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ խօսք առ­նե­լով, շնոր­հա­ւո­րեց յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ սկաու­տա­կան կազ­մի պա­տո­ւա­բեր տո­ղանց­քը։ Ան շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ նոր աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րը, մաղ­թե­լով ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ