«Ազատ Արցախը ողջունեց «Օրորա»ի 2016ի դափնեկիրը՝ Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին շուրջ 30.000 երեխայի կեանք փրկած Մարկըրիթ Պարանկիցէն, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ Արցախի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան հանրութեան պիտի պատմէ իր անցած ուղիին, երախտագիտութեան կարեւորութեան ու սիրոյ յաղթանակի մասին՝ մարդասիրութեան ալիքը տարածելով ամբողջ Արցախի մէջ: #AuroraPrize #GratitudeInAction», «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Մայիս 20ին, Մարկըրիթ Պարանկիցէ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, գտնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր բացուած է Աւրորա Մարտիկանեանին նուիրուած յատուկ ցուցասրահ: Տիկին Պարանկիցէ գրած է պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ: Ան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պուրակին մէջ ծառ տնկած է՝ ի յիշատակ Եղեռնի նահատակներուն:
Մարկըրիթ Պարանկիցէ Արցախ կը գտնուի
«Օրորա» Մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարկըրիթ Պարանկիցէ Արցախ կը գտնուի