Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը (­Սո­ցին­տերն) գու­մա­րեց իր 25րդ ­քոնկ­րե­սը 2-4 ­Մար­տին, ­Քո­լոմ­պիոյ ­Քար­թա­ժե­նա (Cartagena) քա­ղա­քին մէջ, 86 կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ա­ւե­լի քան 350 պա­տո­ւի­րակ­նե­րու եւ հրա­ւի­րեալ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ ­Քո­լոմ­պիա­կան Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան, որ մաս կը կազ­մէ երկ­րին մէջ իշ­խող հա­մա­խո­հա­կան (կոա­լի­ցիոն) կա­ռա­վա­րու­թեան:

­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, գլ-­խա­ւո­րու­թեամբ՝ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի մօտ ՀՅԴ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեա­նի: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ­Վա­չէ ­Թով­մա­սեան (­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, Ա­րեւմ­տեան շրջան) եւ ­Յա­կոբ ­Յա­կո­բեան (­Վան­քու­վըր, ­Գա­նա­տա):

­Ժո­ղո­վին բա­ցու­մին մաս­նակ­ցե­ցան եւ խօսք ա­ռին ­Քո­լոմ­պիոյ նա­խա­գահ ­Խո­ւան ­Մա­նո­ւէլ ­Սան­թոս (Juan Manuel Santos), Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նա­խա­գահ ­Ճորճ ­Փա­փանտ­րէու (­Յու­նաս­տան) եւ գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­յա­լա (­Չի­լէ), հիւ­րըն­կալ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Հո­րա­սիօ ­Սեր­փա (Horacio Serpa):

­Ժո­ղո­վի ընդ­հա­նուր բնա­բանն էր «­Խա­ղաղ աշ­խար­հի մը մէջ՝ հա­ւա­սա­րու­թեամբ եւ հա­մե­րաշ­խու­թեամբ» (For a world in peace, with equality and solidarity): ­Ժո­ղո­վի գլխա­ւոր օ­րա­կարգն էր «­Կա­ռու­ցել ա­ւե­լի խա­ղաղ աշ­խարհ մը. կար­գա­ւո­րե­լով հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը եւ կան­խար­գի­լե­լով նո­րե­րը» (Building a more peaceful world: resolving conflicts and preventing new ones): Այս գլխուն տակ խօսք ա­ռաւ ՀՅԴ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան. ան անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րին՝ շեշ­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ու բուռն սպա­ռա­զի­նու­մը կա­սեց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին եւ քրտա­մէտ HDP՝ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան դէմ իշ­խա­նու­թեան սան­ձա­զեր­ծած հա­լա­ծան­քին:

Գլ­խա­ւո­րա­բար Մ. ­Նալ­պան­տեա­նի ե­լոյ­թին որ­պէս ար­դիւնք եւ հա­շո­ւի առ­նե­լով ՀՅ­Դի կող­մէ նա­խօ­րօք ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւը, քոնկ­րե­սը ա­ռաւ կարգ մը ո­րո­շում­ներ: ­Քոնկ­րե­սի գլխա­ւոր եւ ընդ­հա­նուր բա­նա­ձե­ւին մէջ, վեր­նագ­րո­ւած «­Խա­ղա­ղու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ հա­մերշ­խու­թեան աշ­խար­հի մը հա­մար» (For a World of Peace, Equality, Solidarity), տեղ գտան հե­տե­ւեալ ե­րեք պար­բե­րու­թիւն­նե­րը.

«­Մենք կը զօ­րակ­ցինք հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ­Թուր­քիոյ հետ երկ­խօ­սու­թիւն սկսե­լու ո­րոն­ման մէջ եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք, ինչ­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած էր, կազ­մա­կեր­պե­լու կլոր սե­ղան մը՝ «Ինչ­պէս կրնայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թրքա­կան ճա­նա­չու­մը նպաս­տել ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ իս­կա­կան հաշ­տու­թեան»»:

«­Կով­կաս» են­թագ­լու­խին տակ՝ «Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը կոչ կ­՛ը­նէ յա­ւե­լեալ երկ­խօ­սու­թեան՝ վերջ դնե­լու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, պակ­սեց­նե­լու լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ վստա­հու­թիւն հաս­տա­տե­լու: ­Կոչ կ­՛ը­նենք մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին ա­ջակ­ցե­լու տա­րա­ծարշ­ջա­նին մէջ կա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բի ճի­գե­րուն»:

«­Թուր­քիա» են­թագ­լու­խին տակ՝ «Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը մտա­հո­գու­թիւն կը յատ­նէ ­Թուր­քիոյ մէջ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց բռնա­բա­րու­մին եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վատ­թա­րաց­ման հա­մար: ­Մենք յատ­կա­պէս մտա­հոգ ենք հա­զա­րա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թեան, ընտ­րո­ւած քա­ղա­քա­պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րու կա­լա­նա­ւոր­ման եւ (քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ­ներ) ­Սե­լա­հատ­տին ­Տե­միր­թա­շի եւ ­Ֆի­կըն Եուք­սեք­տա­ղի կա­լա­նա­ւոր­ման հա­մար: ­Կոչ կ­՛ուղ­ղենք զի­րենք ա­զատ ար­ձա­կե­լու եւ խա­ղա­ղու­թեան նոր երկ­խօ­սու­թիւն­ներ նա­խա­ձեռ­նե­լու՝ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն զար­գա­ցու­մին:»

­Նաեւ՝ ա­ռան­ձին բա­նա­ձեւ մը՝ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն» վեր­նա­գի­րով: ­Բա­նա­ձե­ւը կ­՛ը­սէ. «Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի (նա­խորդ) քոնկ­րե­սէն ետք, աշ­խար­հը նշեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը եւ վկան հան­դի­սա­ցաւ շարք մը նոր պե­տու­թիւն­նե­րու, պե­տու­թեան ղե­կա­վար­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ մարդ­կու­թեան դէմ այս ո­ճի­րի ճա­նա­չու­մին:

«Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի խոր­հուր­դի 2014 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ժո­ղո­վը ­Ժը­նե­ւի մէջ, ըն­դու­նե­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման այս հար­ցին ար­ձա­նագ­րած հա­մաշ­խար­հա­յին զար­գա­ցու­մը, պատ­շա­ճօ­րէն ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 2015ին գու­մա­րո­ւե­լիք իր ­Խոր­հուր­դի ա­ռա­ջին նիս­տի օ­րա­կար­գին վրայ դրաւ, այս դա­ժա­նու­թեան սկիզ­բէն հա­րիւր տա­րի ետք:

«­Խոր­հուր­դի 2015 ­Յու­լի­սի ժո­ղո­վը, ­Նիւ Եոր­քի մէջ, հաս­տա­տեց Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ­Հա­յաս­տա­նէն եւ ­Թուր­քիա­յէն փոխ­նա­խա­գահ­նե­րուն նա­խա­պէս ձեռք բե­րած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ըստ ո­րուն Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ յա­տուկ լսում կամ կլոր սե­ղա­նի քննար­կում՝ «Ար­դեօք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թրքա­կան ճա­նա­չու­մը թոյլ պի­տի տա՞յ ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ իս­կա­կան հաշ­տու­թեան»: Այս ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցէին Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ ­Թուր­քիա­յէն, ինչ­պէս նաեւ այլ հե­տաքրք­րո­ւած կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, յա­տուկ հրա­ւի­րո­ւած մաս­նա­գէտ­ներ, ­Հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ ու­րիշ­ներ:

«­Հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լա­լով այս հար­ցին շուրջ իր եր­կու վեր­ջին ո­րո­շում­նե­րուն եւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի եր­կա­րա­մեայ ա­ջակ­ցու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին ար­դա­րա­ցի լուծ­ման գծով, Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի 25րդ ­քոնկ­րե­սը կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տե­լու մեր ան­դամ հայ եւ թուրք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ, կազ­մա­կեր­պե­լու լսում կամ կլոր սե­ղա­նի քննար­կում՝ հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ հաշ­տու­թեան հա­մար՝ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի օգ­տա­կա­րու­թեան մա­սին»:

Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նա­խա­գա­հու­թիւնն ու գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը ընտ­րե­լու օ­րա­կար­գի կէ­տին տակ, ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ­նա­խա­գահ: ­Փոխ­նա­խա­գահ վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ նաեւ ­Թուր­քիոյ ­Ժո­ղովր­դա­հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (CHP) թեկ­նա­ծու Ու­մութ Օ­րան, իսկ Ար­դար ­Ռու­սաս­տան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Ա­լեք­սանտր ­Ռո­մա­նո­վիչ ընտ­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով: ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահն ու գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը վե­րընտ­րո­ւե­ցան:

Օ­րա­կար­գի կազ­մա­կեր­պա­կան գլու­խին տակ, ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան ա­ռար­կեց Ատր­պէյ­ճա­նի Ըն­կեր­վար ­Ժո­ղովր­դա­վար կու­սակ­ցու­թեան լիի­րաւ ան­դա­մի կար­գա­վի­ճակ շնոր­հե­լու ա­ռա­ջար­կին դէմ, հիմ­նա­ւո­րե­լով, որ օ­րին ՀՅԴն բո­ղո­քած է այդ կու­սակ­ցու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան կար­գա­վի­ճա­կի բարձ­րաց­ման դէմ, հա­շո­ւի առ­նե­լով այն պա­հո­ւած­քը, զոր ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ցու­ցա­բե­րած էր Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նա­խորդ՝ ­Ժը­նե­ւի նիս­տին, ամ­բաս­տա­նե­լով հա­յու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծե­լուն մէջ: ­Կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մէն ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ստի­պո­ւե­ցան Ըն­կեր­վար ­Միա­ջազ­գայ­նա­կա­նէն եւ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեա­նէն հրա­պա­րա­կաւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու, որ­մէ ետք ստա­ցան լիի­րաւ ան­դա­մի կար­գա­վի­ճակ:

­Քոնկ­րե­սին նա­խոր­դող օ­րե­րուն, տե­ղի ու­նեած էր Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տը, ո­րուն մաս­նակ­ցած էր ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան, որ­պէս կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ­նա­խա­գահ­նե­րէն մէ­կը: Ան մաս­նակ­ցած էր նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ­Ֆի­նան­սա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան յանձ­նա­խում­բի (SIFAC) նիս­տին, ո­րուն ան­դամ է ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը:

­Մարտ 1ին գու­մա­րո­ւած էր կազ­մա­կեր­պու­թեան ­Խոր­հուր­դի նիս­տը, որ քննար­կած էր քոնկ­րե­սին ներ­կա­յա­ցո­ւե­լիք կազ­մա­կեր­պա­կան հար­ցեր: ­Խոր­հուր­դի նիս­տին մաս­նակ­ցած էր ՀՅԴ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

ՀՅԴ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ բազ­մա­թիւ պա­տո­ւի­րակ­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ՝ ­Սու­րիոյ քրտա­կան PYD (­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան միու­թիւն) կու­սակ­ցու­թեան եւ Ի­րա­քի քրտա­կան PUK (­Քիւր­տիս­տա­նի հայ­րե­նա­սի­րա­կան միու­թիւն) կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չի­նե­րուն հետ: ­Ժո­ղո­վին չէին կրցած մաս­նակ­ցիլ ­Թուր­քիոյ քրտա­մէտ HDP (­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վար) կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ի­րենց դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած հա­լա­ծան­քին պատ­ճա­ռով:

Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը (Socialist International) ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյց է, որ կը հա­մախմ­բէ բո­լոր ցա­մա­քա­մա­սե­րէն ա­ւե­լի քան 130 եր­կիր­նե­րու շուրջ 150 քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ:

ՀՅԴ հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րը լիի­րաւ ան­դամ են ­Կա­նանց Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին (SIW) եւ Ըն­կեր­վար Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան (IUSY): ՀՅԴ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին կող­մէ ­Կա­րօ ­Շա­տո­յեան (Աւստ­րիա) IUSYի փոխ­նա­խա­գահ է: Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ԱՊՀ, ­Կով­կա­սի եւ ­Սեւ­ծո­վեան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ է ՀՅԴ ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տամ­յա­նը:

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ