«Վասպուրականի ու Տարօնի գիւղերուն մէջ ժողովուրդը չունի անկողին մը՝ իր ամէնէն յարգելի հիւրին հրամցնելու իսկ։ Ամբողջ գիւղական ժողովուրդը կը պառկի թաղիքներու մէջ պլլուած։ Առած սնունդն ալ ասոր համեմատ է։ Երբեմնի ցորենով այնքան հարուստ Մշոյ դաշտը այսօր կարօտը կը քաշէ կըլկըլի եւ կորեկի աւազանման հացին։ Սասունը այդ ալ չունի։ Իսկ Կառկառը եւ Խիզանը ամբողջ ձմեռը կէս անօթի անցընելէ ետք՝ անհամբեր կը սպասեն իրենց լեռներուն սեւանալուն, որ գոնէ խոտով սնունդ ճարեն, այսինքն արածելով ապրին։
«Աշխատաւոր ձեռքեր կան, բայց չկայ աշխատանք։ Ի՞նչ ընել սակայն, «ճիճերը հաց կ’ուզեն», հոգէառ «հարկահաւաքը իր տուրքերը կ’þուզէ»։ Եւ խեղճ հայաստանցին այս կրկնակի մտրակներէն մղուած՝ ցուպը ձեռքը կ’առնէ եւ կը դիմէ դէպի անորոշ ու վտանգներով լի հեռո՜ւն — դէպի պանդխտութիւն եւ արտագաղթ»։
Հայոց աշխարհին համատարած թշուառութեան ու զրկանքին նուիրուած այս տողերը գրուած են 1909ին՝ Մարզպետ գրչանունով հռչակուած դաշնակցական գործիչի մը կողմէ, որ ոչ միայն իր մորթին վրայ զգացած էր դաժանութիւնը այդ ընչազրկութեան, այլեւ՝ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ այդ բոլորին դէմ։
Բայց 1918ի այս օրը՝ 31 Մայիսին, արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր այս հայորդին, Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը։
Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման առասպելատիպ դէմքերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի Մարզպետ, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, գաղափարի իր ընկերներուն հետ ասպատակ խումբ մը ստեղծեց եւ, յանդուգն յարձակումներ կազմակերպելով, մահուան ճիրաններէն փրկեց հարիւրաւոր հայ տարագիրներ։
Մարզպետի կեանքն ու գործը ներկայացնելով՝ Գաբրիէլ Լազեան իր «Դէմքեր»ու երկրորդ հատորին մէջ կը վկայէ.¬
«Մանկավարժութիւն աւարտած ուսուցիչ մը, որուն վիճակուեցաւ, եւրոպական առաջին պատերազմին, կրել Հաճի Հիւսէյին անունը եւ դառնալ կազմակերպիչը հայ ասպատակներու։ Անգլիացի Լորէնսի նման ծպտուած՝ գործեց հիւսիսային Արաբիոյ մէջ, ա՛յն տարբերութեամբ, որ Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն»։
Ղազարոս Ղազարոսեան ծնած էր 1878ին, Կեսարիոյ Թոմարզա հայաշատ գիւղը։ Մանուկ հասակին որբացած՝ ղրկուած էր Պոլիս եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան։ Նախակրթութիւնը ստացած էր «Պէզճեան» վարժարանի մէջ եւ, բարձրագոյն ուսման համար, հօրեղբօր կողմէ ուղարկուած էր Գերմանիա, ուր աւարտեց Լայպցիկի համալսարանի մանկավարժութեան ճիւղը։
Համալսարանաւարտ եւ քանի մը լեզուներու տիրապետող (մայրենի լեզուին չափ կը տիրապետէր թրքերէնին), Մարզպետ նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ առաջին հերթին Պուլկարիոյ մէջ, Վառնա եւ Ֆիլիպէ, ուսուցչական պաշտօն վարելով հայկական վարժարաններու մէջ։ Պուլկարիան եղաւ նաեւ գաղափարական իր մկրտութեան օրրանը. միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ նետուեցաւ յեղափոխական շարժման մէջ։
Ինչպէս մեծամասնութիւնը իր սերունդին, նոյնպէս Մարզպետ ղրկուեցաւ Պարսկաստան՝ Ատրպատական, որ այդ շրջանին Դէպի Երկիր մուտքի պատրաստութեան կեդրոնն էր։ Ձեռք ձգած էր աւստրական անցագիր մը՝ Հայկ Առաքելեան անունով։ Ատրպատականի մէջ իբրեւ ուսուցիչ կարճատեւ գործունէութենէ ետք, Մարզպետ անցաւ սահմանը եւ հաստատուեցաւ Վան։ Հոնկէ՝ Սեպուհի հետ միասին, ղրկուեցաւ Բաղէշ, տեղւոյն հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու առաքելութեամբ։ Մարզպետ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ կրթական կեանքի կազմակերպման եւ աշխուժացման մէջ։ Այդ շրջանին առաջացուց նաեւ «Սերոբ Աղբիւր» անունով մարմին մը, որ Սասնոյ մեծանուն հերոսի ընտանիքին տիրութիւն ընելու կողքին, հիմնեց համանուն գրադարան մը՝ Բաղէշի հայ երիտասարդութեան գաղափարական ժամադրավայրը դարձնելով զայն։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Մարզպետ կանչուեցաւ Պոլիս, ուր ուսուցչութեան կողքին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ «Ազատամարտ»ին, գաւառներու հայութեան կեանքին եւ դիմագրաւած խնդիրներուն նուիրուած յօդուածներով։ Այդ շրջանին սերտ գործակիցը դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի, որ «Ազատամարտ»ի խմբագիրներէն էր եւ որուն հետ Մարզպետ մտերմացած էր Պուլկարիոյ մէջ իբրեւ ուսուցիչ իր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Մտքի եւ գրչի այս հաւատաւոր ընկերներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուեցաւ յատկապէս 1915ի Ապրիլ 24ի հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութենէն եւ աքսորէն ետք։ Ինչպէս Շաւարշ Միսաքեան, նոյնպէս եւ Մարզպետ կրցաւ խոյս տալ ձերբակալութեանց արշաւէն, իր կարգին ընդյատակեայ գործունէութեան անցաւ, ամիսներով թագստոցներու մէջ ապրեցաւ ու գործեց ի խնդիր ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ազատ արձակման կամ բանտէ փախուստին։ Նման նախաձեռնութեան մը համար իր թագստոցէն դուրս գտնուած ատեն, մատնութեան հետեւանքով, Պոլսոյ կամուրջին վրայ Մարզպետ ձերբակալուեցաւ եւ տարուեցաւ Կեսարիոյ բանտը՝ յաւելեալ քննութեան նպատակով։
Ձեռներէց եւ հնարամիտ կեսարացիի հարազատ կերպար էր Մարզպետ եւ թրքերէնի իր տիրապետումը լաւագոյնս օգտագործեց՝ բանտապահներուն հաւատացնելու համար, որ ինք իբր թէ իթթիհատական իշխանութեանց կողմէ ընդյատակեայ գործունէութեան կոչուած հայերու մատնիչ մըն էր եւ թիւրիմացաբար բանտ բերուած էր։ Երկար պնդումներէ ետք յաջողեցաւ բանտապետին համոզել, որ իբր թէ անձամբ ներքին գործոց նախարար Թալէաթին կարեւոր տեղեկութիւններ ունէր փոխանցելու։ Այդ պատճառով ալ տարուեցաւ Պոլիս, ուր անշուշտ ի յայտ եկաւ, որ ինքնակոչ այդ «մատնիչը» ոչ մէկ յատուկ տեղեկութիւն ունէր Թալէաթին փոխանցելու համար։ Որոշեցին ետ Կեսարիա ուղարկել Մարզպետին, բայց ան արդէն կազմակերպած էր իր փախուստի ծրագիրը եւ դէպի Կեսարիա ճամբու ընթացքին, Գոնիայի մէջ, կրցաւ իրեն ընկերակցող ոստիկաններու հսկողութենէն խոյս տալ։
1916ի Փետրուարին Մարզպետ արդէն ազատօրէն կը շրջէր Գոնիայի մէջ. երկար մօրուք ձգած էր, հրեայ Պոֆոր Էֆէնտի անունով անցագիր մը ճարած էր եւ գերմաներէնի իր հմտութեամբ պաշտօն գտած էր գերմանական երկաթուղագիծի կառուցման ընկերութեան մէջ։ Կազմած էր դաշնակցական իր ընկերներուն՝ Տիգրան Ծամհուրի, Խոսրով Պապայեանի եւ փրոֆ. Ա. Խաչատրեանի հետ ասպատակներու խումբ մը, տարագրեալ հայերուն օգնութեան հասնելու նպատակով։ Կապ հաստատած էր Պոլիս՝ ընդյատակ գործող Շաւարշ Միսաքեանի հետ, որուն թելադրանքով Մարզպետ մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքեց գաւառներու հայութեան դէմ կատարուած խժդժութեանց մասին եւ փոխանցեց Պոլիս, ուրկէ Շաւարշ Միսաքեանի միջոցաւ այդ տեղեկութիւնները փոխանցուեցան Եւրոպա՝ դաշնակից պետութեանց ներկայացուելու եւ հանրային կարծիքին հաղորդուելու համար։
Այդպէ՛ս սկսաւ եւ թափ առաւ Մարզպետի ասպատակային գործունէութիւնը։ Իբրեւ գերմանացիներու մօտ պաշտօնեայ հրեայ, ան գործեց Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու մէջ՝ տեղ մը ձիաւոր խումբով յարձակելով հայ տարագիրներ փոխադրող թուրք ոստիկաններու վրայ եւ ազատելով մահուան դատապարտուած իր ազգակիցները, կամ՝ ասպատակելով եւ գողնալով թուրք ոստիկաններուն ուղարկուած պարէնը, որպէսզի կարելի ըլլար հոգալ անապատը կտրող եւ ծայրագոյն անօթութեան մատնուած հայերը։
Այդ գործունէութեամբ Մարզպետ երկար շրջան մը ապրեցաւ Հալէպի մէջ, միշտ իբրեւ գերանական ընկերութեան հրեայ պաշտօնեայ եւ հոնկէ կազմակերպեց իր ասպատակումները։ Եւ երբ թրքական իշխանութիւնները սկսան կասկածիլ ու հետապնդումի ենթարկել խորհրդաւոր «հրեան», Մարզպետ հեռացաւ Հալէպէն եւ յայտնուեցաւ Կեսարիոյ մէջ՝ այս անգամ իբրեւ թուրք վաճառական Հիւսէյին Էֆէնտի, շարունակելու համար անպաշտպան եւ անօթեւան հայերուն օգնութեան հասնելու ասպատակային իր գործունէութիւնը։ Այս շրջանին Մարզպետ մեծապէս օգտուեցաւ Կեսարիոյ թուրք կուսակալին հետ հաստատած իր անձնական մտերմութենէն։
Բայց ճակատագրի հեգնանքով անհեթեթ մահը յանկարծ առյաւէտ ընդհատեց յանդուգն գործունէութիւնը Մարզպետի։ Ձիով շրջագայութեան պահու մը, 31 Մայիս 1918ին, պատահական արկածի մը հետեւանքով ան գլորեցաւ ձիէն եւ մահացու վիրաւորուեցաւ։ Օգնութեան հասած թուրք բժիշկները չկրցան փրկել իրենց «ազգակից»ին կեանքը։ Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի իր մահկանացուն կնքեց եւ մահմետական կարգով թաղուեցաւ թուրք մոլլայի մը կողմէ։
Մարզպետի կորուստը ողբալու հնարաւորութիւն մեր ժողովուրդը ունեցաւ միայն Աշխարհամարտի աւարտէն ետք։ «Ճակատամարտ» անունով վերահրատարակուող «Ազատամարտ»ը ըստ արժանւոյն ներկայացուց Մեծ Եղեռնի տարիներուն հայ տարագիրներու պաշտպան հրեշտակ այս յանդուգն Ասպատակին կեանքն ու գործունէութիւնը։
24 Ապրիլ 1921ի իր բացառիկ համարով, «Ճակատամարտ» հետեւեալ վկայութեամբ կ’աւարտէր Մարզպետի նուիրուած մահագրութիւնը.
«Այսօր՝ Նիսիբինի ասորի հին վանքին՝ Ս. Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետի վանքին հարաւային կողմի թուրք գերեզմաննոցին մէջ կը հանգչի մարմինն այն մարդուն, որ իր ամբողջ կեանքը զոհեր էր հայրենիքի փրկութեան։ Հանգի՜ստ իր նշխարներուն…»։
Իսկ Գ. Լազեան հետեւեալ ընդհանուր արժեւորումով կ’աւարտէ «Դէմքեր»ու երկրորդ հատորով Մարզպետի նուիրուած իր վկայութիւնը.
«Բոլոր անոնք, որ ճանչցած էին իր համեստ բնաւորութեամբ ծանօթ Մարզպետը Պարսկաստանի եւ Պոլսոյ մէջ, չէին կարծեր, որ ան մեծ գործի մը կազմակերպիչը պիտի դառնար։ Մարզպետ թուրքերէնը մայրենի լեզուի նման կը գործածէր։ Ունենալով հաստատակամ բնաւորութիւն մը, Դաշնակցութեան մէջ իւրացուց նոր ոգի մը՝ ազգային հպարտութիւն ու յեղափոխական յանդգնութիւն։ Լայպցիկի մէջ կրթութիւն ստացած Մարզպետ իր մէջ անձնաւորեց կեսարացիի ուշիմութիւնը, գերման գործնական ոգին եւ հայու գաղափարապաշտութիւնը հաւասարապէս։ Այս ձիրքերը թոյլ տուին իրեն, որ յուսահատութեան եւ լքումի օրերուն, լուսաւոր աստղ մը դառնայ աղէտի վայրերուն մէջ։
«Զինադադարի նախօրէին, առանց ողջունելու յաղթանակը, առանց տեսնելու հայրենիքին անկախութիւնը, իր հոգին ալ կ’երթար միանալու Արաբիոյ անապատները ողջակիզուած հազարաւոր հայերուն, որոնց փրկութեան համար յանդուգն ծրագիրներ գործադրելով՝ Մարզպետ պայքարած էր մինչեւ իր վերջին շունչը»։
Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918)
Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918). Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ բեկորներու մեծավաստակ փրկարարը Ն.