Յարութ Սասունեան — «Քալիֆորնիա Քուրիըր»
2017 Դեկտեմբեր 12ին, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը (Մ.Ի.Ե.Դ.) հրապարակեց վճիռներ՝ երկու համանման դատական հայցերու վերաբերեալ. մէկը՝ ընդդէմ Հայաստանի, միւսը` Ատրպէյճանի: Զարմանալի չէ, որ ատրպէյճանական մամուլը՝ խեղաթիւրելով յայտնեց միայն Հայաստանի դէմ կայացուած վճիռին մասին, իր ընթերցողներէն թաքցնելով այն փաստը, որ նման վճիռ մըն ալ կայացած է Ատրպէյճանի դէմ:
Նախկին Խորհրդային Ատրպէյճանի, Շահումեանի շրջանի (Հիւսիսային Արցախ) Գիւլիստան գիւղէն փախստական Մինաս Սարգսեանը, 2006 Օգոստոս 11ին, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին հայց ներկայացուց ընդդէմ Ատրպէյճանի: Սարգսեանն ու անոր ընտանիքը, 1992ի Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ, ստիպուած էին փախչելու` լքելով իրենց տունն ու այգին: 2009ին Մինաս Սարգսեանը մահացաւ Երեւանի մէջ: Անոր այրին, որդին եւ երկու դուստրերը շարունակեցին դատական գործը: Իսկ 2014ին, իրենց մօր մահէն ետք, որդին եւ դուստրերէն մէկը հետեւեցան դատավարութեան: Սարգսեաններու ընտանիքը հատուցում պահանջեց իր սեփականութեան կորուստին համար:
2010 Մարտ 11ին, Մ.Ի.Ե.Դ.ը գործը յանձնեց Մեծ Պալատին, որ մերժելով Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ տարբեր առարկութիւններ, 2015 Յունիս 16ին որոշեց, որ Սարգսեաններու ընտանիքը իրաւունք ունի հատուցում ստանալու իրենց գոյքի կորուստին համար: Սակայն, մինչեւ 2017 Դեկտեմբեր 12, գումարին մասին ոչինչ որոշուած էր, երբ Մեծ Պալատը վճռեց, որ Ատրպէյճանը պէտք է Սարգսեաններուն վճարէ 5000 եւրօ փոխհատուցում՝ Գիւլիստանի իրենց գոյքին համար եւ 30 հազար եւրօ՝ դատական ծախսերուն համար:
Դատարանը ընդգծեց, որ Մեծ Պալատը 2015ին իր որոշման մէջ երկու հակամարտող հանրապետութիւններուն` Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին խնդրած էր ներկայացնել իրենց դիտարկումները եւ ծանուցել Դատարանին, թէ արդեօ՞ք իրենք փոխ-համաձայնութիւն ունեցած են Արցախեան հակամարտութեան շուրջ: Երկու հանրապետութիւնները, քաղաքական լուծման չհասնելով, ճանչցուեցան պատասխանատու փախստականներու սեփականութեան կորուստներուն համար: Դատարանը յայտարարեց, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը՝ 2002ին Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցելէն առաջ՝ պարտաւորուած էին հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Քանի որ անոնք հակամարտութեան հարցով լուծում չէին գտած, Դատարանը պարտաւոր էր դրամական փոխհատուցման չափ որոշել փախստականներու գոյքային կորուստներուն համար:
Մ.Ի.Ե.Դ.ի Մեծ Պալատը կազմուած էր 17 դատաւորներէ եւրոպական տարբեր երկիրներէ, ներառեալ` Հայաստանէն (Արմէն Յարութիւնեան) եւ Ատրպէյճանէն (Լաթիֆ Հուսէյնով): Հետաքրքրական է, որ ատրպէյճանցի դատաւորը ծանօթութիւն աւելցուց որոշման կայացումէն ետք` նշելով, որ թէեւ ան համաձայն չէր իր միանալէն առաջ Մեծ պալատի կայացուցած որոշման, սակայն այլընտրանք չունէր հատուցում յատկացնելու որոշումը պաշտպանելէն բացի: Հասկնալի է, որ ատրպէյճանցի դատաւորը կը փորձէր ինքզինք պաշտպանել Ատրպէյճանի մեղադրանքներէն, որ ան կողմ եղած էր հայ ընտանիքին հատուցում վճարելու որոշման:
Զուգահեռ գործով, Ատրպէյճանի քաղաքացի վեց քիւրտ, 2005 Ապրիլ 6ին, միացիալ բողոք ներկայացուցին Մ.Ի.Ե.Դ.` «Չիրագովն ու այլոք ընդդէմ Հայաստանի» գործով: Անոնք բողոքեցին, որ հայկական ուժերուն կողմէ, Լաչինի միջանցքը վերցնելու ժամանակ, իրենք ստիպուած եղած էին փախչելու իրենց տուներէն, որոնք 1992-ի Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ կը գտնուէին Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ:
Մ.Ի.Ե.Դ.ի Մեծ Պալատը, 2015 Յունիս 16ին, ինչպէս «Սարգսեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործին պարագային, որոշեց, որ Հայաստանը պատասխանատու էր Ատրպէյճանի վեց քաղաքացիներուն կրած կորուստներուն համար: Անոնք միլիոնաւոր եւրոներու փոխհատուցում կը պահանջէին: Սակայն, Մեծ Պալատը, 2017 Դեկտեմբեր 12ին, որոշում կայացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի վեց քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին պէտք է վճարէ 5000 եւրօ եւ ընդհանուր 28.642 ֆունտ սթեռլինկ` դատական ծախսերուն համար: Այս անգամ եւս, հայ եւ ատրպէյճանցի դատաւորները Մ.Ի.Ե.Դ.ի Մեծ Պալատը ձեւաւորող 17 դատաւորներուն մէջ էին: Անոնք երկուքն ալ կողմ քուէարկեցին որոշման:
Մ.Ի.Ե.Դ.ի համար իրական խնդիրը այն է, թէ ինչ ընել հարիւր հազարաւոր հայ եւ ատրպէյճանցի փախստականներուն հետ, որոնք փախած են իրենց տուներէն Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ: Արդեօք, իւրաքանչի՞ւր փախստական պէտք է ստանայ 5000 եւրօ իբրեւ հատուցում եւ 30 հազար եւրօ դատական ծախսերու համար: Մեծ Պալատը իր որոշման մէջ նշած է, որ «հակամարտութեան ընթացքին տեղահանուած անձերուն կողմէ աւելի քան հազար անհատական դիմում ներկայացուած է Դատարան, կէսէն քիչ մը աւելին ուղղուած է Հայաստանի դէմ, մնացեալը` Ատրպէյճանի: Այս գործերով հայցուորները ընդամէնը փոքր մաս մըն են մէկ միլիոնէն աւելի անձերու, որոնք հակամարտութեան ընթացքին ստիպուած էին փախչելու իրենց տուներէն եւ այդ ժամանակէն ի վեր չեն կրցած վերադարձնել իրենց ունեցուածքն ու տուները կամ ստանալ որեւէ փոխհատուցում իրենց կորուստներուն համար»:
Միակ լուծումը այն է, որ երբ օր մը Արցախեան հակամարտութիւնը լուծուի, կարգաւորումը պիտի ներառէ նաեւ մեծ թիւով հայ եւ ատրպէյճանցի փախստականներու հիմնախնդիրին լուծումը…