­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան

Ա­րա­րիչն Աս­տո­ւած աշ­խար­հը յանձ­նեց մար­դուն, որ­պէս­զի տէր դառ­նայ եւ ոչ թէ տի­րէ։ Ի­մաս­տու­թեամբ գոր­ծէ, զար­գա­նայ ու զար­գաց­նէ, օգ­տո­ւե­լով աշ­խար­հի բազ­մա­տե­սակ բա­րիք­նե­րէն։ Եւ մար­դը իս­կա­պէս յա­ռաջ­դի­մեց մե­ծա­մեծ նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով։ ­Բայց այդ դրա­կան ու կա­ռու­ցո­ղա­կան պատ­կե­րին զու­գա­հեռ, ան յա­ռա­ջա­ցուց նաեւ ժխտա­կան ու կոր­ծա­նա­րար ի­րա­վի­ճակ մը եւս։ ­Պա­տե­րազմ­նե­րը, քի­միա­կան ռում­բե­րու ու դե­ղե­րու փոր­ձե­րը, բռնագ­րա­ւում­նե­րը, ա­նար­դա­րու­թիւ­նը եւ այլ վատ յատ­կու­թիւն­ներն ու ա­րարք­նե­րը աշ­խար­հի դի­մա­գի­ծը փո­խե­ցին։ ­Մար­դը մէկ կող­մէ շի­նեց, իսկ միւս կող­մէ քան­դեց։ Եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ նոյն ըն­թաց­քը։
Տա­րո­ւան սկիզ­բին, մար­դը ան­գամ մը եւս իր աշ­խար­հին նոր փոր­ձանք մը բե­րաւ։ ­Պէտք է նշել, որ ա­նոր­մէ յա­ռա­ջա­ցած մե­ծա­գոյն փոր­ձանք­նե­րը եր­կու խում­բե­րու կը բաժ­նո­ւին. հի­ւան­դու­թիւն ու պա­տե­րազմ։ ­Ներ­կա­յի­նը հի­ւան­դու­թիւն է։ ­Մաս­նա­գէտ բժիշկ­նե­րու կող­մէ ան կո­չո­ւե­ցաւ գո­րո­նա եւ իր ըն­թացքն ու ազ­դե­ցու­թիւ­նը տար­բեր ե­ղաւ նա­խորդ­նե­րէն։
Ան շատ քիչ ժա­մա­նա­կի մէջ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը եւ ա­ռա­ւե­լա­բար տա­րեց­նե­րուն հա­րո­ւա­ծեց ու ա­նոնց կեան­քին սպառ­նաց։ ­Մի­լիո­նով վա­րա­կո­ւող­ներ եւ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մա­հեր։ Ան շրջան­ցեց կրօն­ներն ու մոր­թի գոյ­նե­րը։ ­Հա­րուստն ու աղ­քա­տը, ի­մաս­տունն ու տգէ­տը, զօ­րա­ւորն ու տկա­րը, գե­ղե­ցիկն ու տգե­ղը, թա­գա­ւորն ու աղ­բա­հա­ւա­քը հա­ւա­սա­րե­ցան մա­հա­ցու այդ ժահ­րին դի­մաց եւ սար­սա­փի մատ­նո­ւե­ցան։ ­Գո­րո­նան իւ­րա­քան­չիւր մար­դու շու­քը դար­ձաւ ու ամ­բողջ աշ­խար­հի ա­ռօ­րեայ կեան­քը անբ­նա­կան ու ան­տա­նե­լի դար­ձուց։ ­Պե­տու­թիւն­նե­րու խիստ հրա­հանգ­նե­րուն հնա­զան­դե­լով, մար­դիկ տու­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցան եւ այդ մէ­կը ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ու տնտե­սա­կան մեծ վնա­սին կող­քին, յա­ռա­ջա­ցուց ըն­տա­նե­կան ու ըն­կե­րա­յին կեան­քի խլրտում­ներ եւս։ Ար­դա­րեւ մէկ փոր­ձան­քէն յա­ռա­ջա­ցաւ ու­րիշ փոր­ձանք մը։
Միւս կող­մէ, հա­կա­ռակ գի­տու­թեան մեծ նուա­ճում­նե­րուն, մաս­նա­գէտ բժիշկ­ներ տա­կա­ւին չկա­րո­ղա­ցան յայտ­նա­բե­րել ժահ­րին դե­ղը։ Ա­ռա­ւել եւս, ա­նոր մա­սին կա­տա­րո­ւած բժշկա­կան եւ քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րու ի­րար հա­կազ­դող վեր­լու­ծում­ներն ու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լիով շփո­թի ու մտա­հո­գու­թեան մատ­նե­ցին մար­դի­կը։ ­Վե­րոն­շեալ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ սա­կայն մէկ պատ­կեր մը շատ յստա­կա­ցաւ. պե­տա­կան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան սպա­սար­կու­թեանց ան­բա­ւա­րար վի­ճա­կը։ ­Մեր աշ­խար­հը վա­ղուց լաւ ըն­թաց­քի մէջ չէ։
Հ­զօր պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ զի­նա­վա­ճա­ռու­թիւ­նը, ո­րուն շար­քին նկա­տի ու­նե­նա­լով նաեւ հիւ­լէա­կան ռում­բը, ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը գրա­ւէ։ Ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի գու­մար­ներ կը տրա­մադ­րո­ւին զի­նամ­թեր­քի շի­նու­թեան ու վա­ճառ­ման հա­մար։ Եւ այդ պե­տու­թիւն­նե­րէն ո­մանք, մին­չեւ իսկ կը հպար­տա­նան ի­րենց կա­տա­րած ար­տադ­րու­թեան, վա­ճառ­քին ու մե­ծա­գու­մար շա­հին հա­մար։
Բայց ո­րո՞ւ հա­մար այս­քան զէնք ու հրթիռ։ Ո­րո՞ւ դէմ պի­տի պա­տե­րազ­մին այս աշ­խար­հի բնա­կիչ­նե­րը։ Ար­դեօք այլ մո­լո­րա­կի բնա­կիչ­նե­րու՞ն դէմ։
Դժ­բախ­տա­բար ո΄չ։ Այլ հա­կա­ռա­կը։ ­Քա­րիւ­ղի, ոս­կիի եւ դրա­մի սի­րոյն մէ­կը միւ­սին դէմ պի­տի պա­տե­րազ­մի, ի­րար պի­տի սպան­նեն ու շրջա­պա­տը քան­դեն։ Եւ այդ պա­տե­րազմ­նե­րը, մար­դու սպան­նու­թեան կող­քին պի­տի սպան­նեն նաեւ մարդ­կա­յին շնորհքն ու խիղ­ճը։ Այդ պա­տե­րազմ­նե­րը, քա­ղաք­նե­րու կոր­ծա­նու­մին զու­գա­հեռ պի­տի կոր­ծա­նեն նաեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյթ­նե­րը, բար­քերն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։
Վե­րոն­շեալ պա­տու­հա­սին կու գան միա­նա­լու քի­միա­կան ռում­բե­րու կամ դե­ղե­րու փոր­ձե­րը, ո­րոնք վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն բազ­մա­ցած են։ Իսկ կարգ մը քի­միա­կան դե­ղեր, սկսած են օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ շատ մը պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ Ան­ցեա­լին բնու­թիւնն ու բնա­կանն էր կա­րե­ւո­րը, իսկ ներ­կա­յիս քի­միա­կա­նը։
Եւ այդ պա­տե­րազմ­ներն ու քի­միա­կան­նե­րը, ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ա­պա­կա­նե­ցին մեր աշ­խար­հի մա­քուր մթնո­լոր­տը, պղտո­րե­ցին զու­լալ ջու­րը, թու­նա­ւո­րե­ցին ու­տես­տե­ղէ­նը եւ փո­խե­ցին լաւ կլի­ման։ ­Նոյն ճա­նա­պար­հին վրայ ա­նոնք քան­դե­ցին նաեւ ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ա­պա­հով կեան­քը եւ ի­րար հան­դէպ փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը։ ­Մարդ­կա­յին ար­ժա­նի­քը հո­գե­վար­քի մէջ կը գտնո­ւի վա­ղուց։
Հե­տե­ւա­բար ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ մար­դը կը կոր­ծա­նէ իր­ աշ­խար­հը։ Ի՞նչ դրդա­պատ­ճառ­նե­րով կը քան­դէ իր ­զա­ւակ­նե­րուն եւս աշ­խարհն ու ա­պա­գան։ Ինչ­պէ՞ս կը պղտո­րէ իր­ իսկ խմած ջու­րը։ Ինչ­պէ՞ս կը թու­նա­ւո­րէ իր­ իսկ շնչած օ­դը։ Ի վեր­ջոյ ի՞նչ կ’ու­զէ մար­դը այս աշ­խար­հէն եւ յո­ռե­գոյն պա­րա­գա­յին ո՞ւր կրնայ փո­խադ­րո­ւիլ ան։
Ար­դեօք ու­րի՞շ աշ­խարհ։ ­Բայց մին­չեւ օրս, վե­րին Ե­րու­սա­ղէ­մէն զատ այլ աշ­խարհ գո­յու­թիւն չու­նի։
Այս օ­րե­րուն, տես­նե­լով մէկ կող­մէ գո­րո­նա ժահ­րի վնաս­նե­րը եւ միւս կող­մէ մար­դոց շար­ժում­նե­րը, քա­նիցս միտքս ե­կաւ «Ա­մէն չա­րի­քէ բա­րիք մը կը ծնի» ա­սա­ցո­ւած­քը։
Աշ­խար­հի պատ­կե­րը այ­սօր իս­կա­պէս կ’ար­տա­ցո­լաց­նէ սոյն ա­սա­ցո­ւած­քի իս­կու­թիւ­նը։ Այ­սօր ան­գամ մը եւս վե­րա­կեն­դա­նա­ցաւ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Այս մէ­կը ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի մե­զի թո­ղած պա­տո­ւէրն ու կտակն էր, որ եր­կար ժա­մա­նակ ետք վերս­տին յի­շո­ւե­ցաւ ու ար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ։
Գո­րո­նա ժահ­րի աշ­խարհ ներ­խու­ժու­մէն քիչ ետք ներ­խու­ժեց նաեւ մար­դա­սի­րու­թիւ­նը։ Ա­նոր ի­մաստն ու ո­գին ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի կեր­պով տա­րա­ծո­ւե­ցաւ եւ հրաշք­ներ գոր­ծեց։
Մե­ծա­հա­րուստ­ներ մե­ծա­մեծ գու­մար­ներ նո­ւի­րե­ցին հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն։ ­Գու­մար­ներ տրա­մադ­րո­ւե­ցան հա­կա­նե­խիչ դեղ գտնե­լու մաս­նա­գէտ­նե­րու փոր­ձե­րուն։ ­Ճա­շա­րա­նա­տէ­րեր օ­րա­կան դրու­թեամբ ճա­շեր տրա­մադ­րե­ցին թշո­ւառ­նե­րուն, հի­ւան­դա­նո­ցի բժիշկ­նե­րուն ու հի­ւան­դա­պահ­նե­րուն։ ­Տու­նե­րէն ներս ա­ռանձ­նա­ցած ծե­րու­նի­նե­րուն, դե­ղո­րայք եւ ու­տես­տե­ղէն հաս­ցու­ցին ա­նոնց հա­րա­զատ­ներն ու դրա­ցի­նե­րը։ Ու­տես­տե­ղէ­նի խա­նութ­նե­րու տէ­րեր, ձրի ու­տե­լիք­ներ տրա­մադ­րե­ցին կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու։ ­Բազ­մա­թիւ դեր­ձա­կու­հի­ներ եւ կա­րի ըն­կե­րու­թիւն­ներ, կա­րե­ցին մի­լիո­նա­ւոր բժշկա­կան դի­մակ­ներ եւ ձրի տրա­մադ­րե­ցին հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն ու ժո­ղո­վուր­դին։
Մար­դա­սի­րա­կան ըն­կե­րու­թիիւն­ներ, օգ­նու­թեան միու­թիւն­ներ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­ներ, զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով օգ­տա­կար դար­ձան կա­րի­քա­ւոր մար­դոց։ Ա­ռա­ւել եւս, ո­րոշ կէ­սօր­ներ կամ գի­շեր­ներ, մար­դիկ պատշ­գամ­նե­րը կանգ­նած ծա­փա­հա­րե­ցին բժիշկ­նե­րուն ու հի­ւան­դա­պահ­նե­րուն, որ­պէս նշան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ու քա­ջա­լե­րան­քի։ ­Պա­հու մը, մեր ապ­րած վայ­րը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ե­րա­զա­յին աշ­խար­հի։
Վե­րոն­շեալ յե­ղաշր­ջու­մին զու­գա­հեռ, մար­դիկ ան­գամ մը եւս Աս­տու­ծոյ մօ­տե­ցան։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն թի­ւը մեծ աճ ար­ձա­նագ­րեց ու տե­սա­նե­լի ե­ղան։ Ա­ղօ­թող­նե­րուն թի­ւը բազ­մա­ցաւ ու ձայ­նե­րը լսե­լի դար­ձան։ ­Հա­կա­ռակ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դռնբակ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, Աս­տու­ծոյ շուն­չը պա­րու­րեց ամ­բողջ աշ­խար­հը։ Երկն­քի ու երկ­րի մի­ջեւ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը դար­ձեալ կար­ճա­ցաւ։ Տ­խուր պատ­կե­րին դի­մաց աշ­խար­հը ու­նե­ցաւ գե­ղե­ցիկ պատ­կեր մը, որ ձե­ւով մը մեղ­մա­ցուց մար­դոց ցա­ւը եւ ներշն­չեց վա­ղո­ւան յոյ­սը։ Այս օ­րե­րուն, մեր դժո­խա­յին աշ­խար­հը իս­կա­պէս կա­րիքն ու­նէր Աս­տո­ւած­սի­րու­թեան ու մար­դա­սի­րու­թեան փրկա­րար ու­ժին։
Հե­տե­ւա­բար հա­մա­ճա­րա՞կ մը պէտք ու­նէր մեր աշ­խար­հը, որ­պէս­զի դար­ձի գա­յին յան­ցա­գործ­նե­րը։ ­Հա­մա­ճա­րա՞կ մը պէտք ու­նէր մեր աշ­խար­հը, որ­պէս­զի ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան հրա­ւի­րուէին մո­լո­րո­ւած­նե­րը։ ­Մեկու­սաց­ման կա­րի՞­քը ու­նէին մար­դիկ, վերս­տին հասկ­նա­լու հա­մար կեան­քի ի­մաստն ու ար­ժէ­քը։
Ուշ կամ կա­նուխ գո­րո­նա ժահ­րը պի­տի հաս­նի իր վախ­ճա­նին։ ­Մար­դիկ պի­տի վե­րա­դառ­նան ի­րենց ա­ռօ­րեա­յին եւ այդ դժո­ւար հանգ­րո­ւա­նը ա­նոնց յու­շե­րուն մէջ պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւի։ ­Բայց ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ մար­դա­սի­րու­թիւ­նը։ ­Հա­մա­ճա­րա­կին նման ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նա՞յ ար­դեօք։ ­Գո­րո­նա­յին ան­հե­տա­ցու­մով պի­տի ան­հե­տա­նա՞յ նաեւ այդ ո­գին։ ­Սու­գի ու ցա­ւի ճգնա­ժա­մէն վե­րած­նած այդ շնոր­քը, պի­տի շա­րու­նա­կէ՞ ապ­րիլ ու գոր­ծել յա­ջոր­դող ժա­մա­նակ­նե­րուն։
Ա­յո, հա­մա­ճա­րա­կը վերջ թող ու­նե­նայ։ ­Բայց մար­դա­սի­րու­թիւ­նը եւ այ­սօ­րո­ւան ե­րա­զա­յին մեր աշ­խար­հը յու­սանք եւ ա­ղօ­թենք որ­պէս­զի վերջ չու­նե­նան ու ապ­րին յա­ւի­տեան։ Ա­պա թէ ոչ պի­տի ստի­պո­ւինք ը­սե­լու. «Ց­տե­սու­թիւն մար­դա­սի­րու­թիւն մին­չեւ ցնոր հա­մա­ճա­րակ կամ պա­տե­րազմ»։