Մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրում Յունաստանի տարածքին
Թեւ ու թիկունք դառնանք Արցախի հերոս ժողովուրդին
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ և Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնները կու գան տեղեկացնելու մեր հայրենակիցներուն, թէ արդէն սկսած է մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրման ու մատակարարման աշխատանք:
Գոյացած օգնութիւնը պիտի առաքուի յաջորդող օրերուն Արցախ ու Հայաստան, մեր ժողովուրդին կարիքները գոհացնելու նպատակով:
Առաջին հանգրուանին՝ Վարչութիւններս նամակներով եւ անձնական յարաբերութիւններով դիմած են Յունաստանի կարեւոր հաստատութիւններու եւ առեւտրական խոշորագոյն ընկերութիւններու, ապահովելու համար մեծ քանակութեամբ դեղեր, բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ իրեր, որոնց պահանջը մեզի փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններուն կողմէ:
Այս հանգրուանի ամբողջացումէն ետք, պիտի դիմուի Յունաստանի մեր բոլոր հայրենակիցներուն, անհրաժեշտ իրերու յստակ ցանկերու ներկայացումով, որպէսզի բոլորս մեր կարելին կատարելով, անմիջական ու փաստացի օգնութիւն ընծայենք Արցախի եւ Հայաստանի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:
Աշխատանքը պէտք է կատարուի համադրուած ու կազմակերպուած կերպով, որպէսզի մեր կողմէ հանգանակուած աջակցութիւնը ծառայէ մեր ժողովուրդի իրական կարիքներուն: Այս գծով արդէն, յաջորդող օրերուն լրացուցիչ յայտարարութեամբ պիտի ներկայացնենք անհրաժեշտ իրերու ցանկ, ինչպէս նաեւ գաղութային մեր բոլոր հաստատութիւններու հասցէներն ու տուեալները, ուր կարելի պիտի ըլլայ յանձնել ժողովուրդին կողմէ տրամադրուող անհատական օգնութիւնը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միաւորումով՝ պիտի յաղթահարենք մեր հայրենիքի դիմագրաւած ճգնաժամը։ Իւրաքանչիւրս իր կարգին, իրեն վստահուած առաքելութեամբ եւ բարձրագոյն պատրաստակամութեամբ, կրկին անգամ ձախողութեան պիտի մատնենք մեր թշնամիներուն բոլոր ծրագիրները:
Միասնական ջանքերով եւ ազգային խորունկ գիտակցութեամբ պիտի կատարենք մեր պարտքը մեր ժողովուրդի ապագային, եկող սերունդներուն, մեր հերոս զինուորներուն հանդէպ:
Ուրիշ այլընտրանք չունինք:
#Յաղթելո՛ւ ենք:
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչ