­­Պէ­թի ­­Քի­լէր­ճեան — «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

­­Կի­րա­կի՝ 19 ­­Փետ­րո­ւար 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։00ին, «­­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դէն ­­Սու­րիոյ բա­րե­կամ ժո­ղո­վուր­դին» խո­րա­գի­րը կրող ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան մար­դա­սի­րա­կան երկ­րորդ օ­ժան­դա­կու­թեան ա­ռա­ջին բա­ժի­նը հա­սաւ ­­Հա­լէ­պի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի՝ ռու­սա­կան զի­նո­ւո­րա­կան բեռ­նա­կառք­նե­րով։ Օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը ստանձ­նեց Հ.Հ. ­­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս ­­Տիգ­րան ­­Գէոր­գեան, ներ­կա­յու­թեամբ փոխ-հիւ­պա­տոս Ար­մէն ­­Գէոր­գեա­նի, ­­Սու­րիա­հա­յու­թեան Շ­տապ Օգ­նու­թեան եւ ­­Վե­րա­կանգ­նու­մի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Յա­րու­թիւն ­­Սե­լի­մեա­նի եւ ­­Զա­րեհ Քհնյ. ­­Շա­քա­րեա­նի, ինչ­պէս նաեւ՝ Շ­տապ Օգ­նու­թեան ­­Հա­լէ­պի գոր­ծա­դիր մարմ­նի, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­­Հա­յաս­տա­նէն մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու ա­ռաք­ման հսկո­ղու­թեան հա­մար ներ­կայ էր նաեւ ՀՀ Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու ­Նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ գնդա­պետ ­­Պա­ւել ­­Կէօ­զա­լեան։
Հ.Հ. ­­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս ­­Տիգ­րան ­­Գէոր­գեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով մար­դա­սի­րա­կան այս օ­ժան­դա­կու­թեան՝ «­­Գան­ձա­սար»ին ը­սաւ.- «Այս օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը երկ­րորդն է, ա­ռա­ջի­նը հա­սած էր ­­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, երկ­րոր­դը ա­ռա­քո­ւած է եր­կու օ­դա­նա­ւով, ա­ռա­ջին այս բա­ժի­նը, որ ­­Լա­թա­քիա հա­սաւ 14 ­­Փետ­րո­ւա­րին եւ այ­սօր ­­Հա­լէպ, կը պա­րու­նա­կէ սննդամ­թերք ու ա­ռա­ջին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ի­րեր։ Երկ­րորդ օ­դա­նա­ւը եւս 17 ­­Փետ­րո­ւա­րին հա­սած է ­­Լա­թա­քիոյ ­­Հը­մէյ­միմ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յան։ Ան կը պա­րու­նա­կէ փոք­րե­րու եւ մե­ծե­րու յա­տուկ հան­դեր­ձանք։ Օ­­Ժան­դա­կու­թեան մէկ մա­սը բաժ­նո­ւած է ար­դէն ­­Քե­սա­պի, ­­Թար­թու­սի, ­­Լա­թա­քիոյ, ­­Դա­մաս­կո­սի մեր հա­մայն­քին եւ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին։ Օ­ժան­դու­թեան ­­Հա­լէ­պի բա­ժի­նը Շ­տապ Օգ­նու­թեան գոր­ծա­դիր մարմ­նին ճամ­բով պի­տի բաժ­նո­ւի հա­մայն­քի բո­լոր կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն, ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ոչ-հայ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն։ ­­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով՝ մար­դա­սի­րա­կան այս օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ պի­տի ստա­նան»։ ­­Հիւ­պա­տո­սը նշեց, թէ ռու­սա­կան եւ հայ­կա­կան բո­լոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան ա­ռա­քու­մը։ ՀՀ Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու ­Նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ գնդա­պետ ­­Պա­ւել ­­Կէօ­զա­լեան ը­սաւ.- «­­Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան տրա­մադր­ման ըն­թաց­քին ես ներ­կայ ե­ղայ ­­Լա­թա­քիա, իսկ այժմ ­­Հա­լէ­պի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի։ ­­Քա­ղաք մտած պա­հուս իմ վրաս շատ ծանր ազ­դեց այն հան­գա­ման­քը, որ քա­ղա­քը ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու եւ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով են­թար­կո­ւած է հսկա­յա­ծա­ւալ քան­դում­նե­րու։ Այս­տեղ ցա­ւով ի­մա­ցայ նաեւ, որ զո­հե­րուն մէջ ե­ղած են հա­յեր եւս։ Հ.Հ.ի կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած այս օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը քայլ մըն է մեղ­մաց­նե­լու ­­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին տագ­նա­պը»։ Շ­տապ Օգ­նու­թեան ­­Հա­լէ­պի գոր­ծա­դիր մարմ­նի ան­դամ ­­Զե­փիւռ ­­Գէոր­գեան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ­րե­նի­քին, Հ.Հ. գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սին եւ նշեց, թէ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը քա­նա­կի եւ տե­սա­կի հա­մա­ձայն պի­տի բաշ­խո­ւի ­­Հա­լէ­պի բո­լոր կա­րի­քա­ւոր ըն­տան­քի­նե­րուն, նկա­տի պի­տի առ­նո­ւին նաեւ տա­րի­քա­յին բա­ժա­նում­նե­րը։ Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար ան ը­սաւ, որ նա­խորդ օ­ժան­դա­կու­թեան ծրար­նե­րու մէջ գտնո­ւող վե­րար­կու­նե­րը բաշ­խո­ւե­ցան հա­լէ­պա­հայ բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան։