Յու­նո­ւար 15ին, Մատ­րի­տի մէջ, դռնե­րը բա­ցաւ «­Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան հայ­կա­կան կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց»ը:
Ինչ­պէս «­Հա­յերն Այ­սօր»ին կը յայտ­նէ Ա­ղաւ­նի Գ­րի­գո­րեան` Ս­պա­նիա ապ­րող հայ մա­նուկ­ներն այ­սու­հետ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ու­նե­նան պահ­պա­նե­լու հա­յա­խօ­սու­թիւնն ու ծա­նօ­թա­նա­լու հայ մշա­կոյ­թին ու պատ­մու­թեան:
Ինչ­պէս այս ա­ռի­թով նշե­ցին դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րը` այս պա­հուն ա­ռաջ­նա­յին նպա­տակն է, որ օ­տա­րու­թեան մէջ ապ­րող հայ մա­նու­կը ըլ­լայ տա­ռա­ճա­նաչ, չմոռ­նայ իր ար­մատ­նե­րը, լե­զուն ու գի­րը: Հա­յոց լե­զո­ւի դա­սե­րուն զու­գա­հեռ դպրո­ցին մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին ե­րաժշ­տու­թեան, նկար­չու­թեան, ազ­գա­յին ա­ւան­դա­կան պա­րի, հա­յոց պատ­մու­թեան ու հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան դա­սեր:
Ե­րի­տա­սարդ նո­ւի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րը ի­րենց սա­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­ներն ու դրոյթ­նե­րը։ Ա­նոնք հա­ւաս­տիա­ցու­ցին, որ պի­տի ը­նեն ա­մէն հնա­րա­ւոր` դա­սե­րը հե­տաք­րիր ու ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար: Դպ­րո­ցի ա­ռօ­րեան այդ­քա­նով չի սա­հա­մա­նա­փա­կո­ւիր. կը նա­խա­տե­սո­ւի կազ­մա­կեր­պել տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ, հան­դի­պում-զրոյց­ներ, շրջա­գա­յու­թիւն­ներ՝ դպրո­ցի սա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Մատ­րի­տի «­Հայ Տուն» մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան` գիր­քեր, դա­սա­գիր­քեր տրա­մադ­րե­լու եւ ար­տերկ­րի մէջ հա­յա­պահ­պան գոր­ծու­նէու­թեան նպաս­տե­լու հա­մար:
Դպ­րո­ցի կա­յաց­ման գոր­ծին մէջ մեծ ներդ­րում ու­նին Ս­պա­նիոյ Թա­գա­ւո­րու­թեան մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը, Մատ­րի­տի հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին:
Ար­դէն տաս­նե­րեք հայ մա­նուկ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց ա­ռա­ջին դա­սը: Բա­րի երթ դպրո­ցին ու կա­նաչ ճա­նա­պարհ հայ ե­րե­խա­նե­րուն: