Յունուարի 15ի այս օրը, 118 տարի առաջ, 71 տարեկան հասակին թոքախտի հետեւանքով վախճանեցաւ ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, վիպագիր, հանրային գործիչ, անխոնջ թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ ու վեր, հայ հրապարակագրութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչ Մատթէոս Մամուրեան։
Շուրջ կէս դար, 1850ականներէն սկսեալ, ազատախոհական իր մտածողութեամբ եւ հրապարակագրական դիւրահաղորդ գրիչով՝ Մատթէոս Մամուրեան գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն եղաւ հայ իրականութեան մէջ՝ հայոց Ազգային Զարթօնքի Սերունդին յառաջապահ հրապարակագիրներէն մէկը հանդիսանալով։
Յատկապէս 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթը՝ «Արեւելեան Մամուլ»ը իրաւամբ կը հանդիսանայ խօսուն յուշակոթողը Մ. Մամուրեանի կատարած մեծարժէք գործին եւ բեղուն ժառանգութեան։
Ծնած էր Զմիւռնիա, 1830ին։ 1845ին աւարտած էր տեղւոյն «Մեսրոպեան» վարժարանը, իսկ 1850ին՝ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանը։ 1851ին, ծննդավայրը վերադառնալով, Մ. Աղապէկեանի հետ հիմնած էր Զմիւռնիայի «Աղապէկեան» ուսումնարանը։ 1853ին ուսուցչութիւն ըրած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր եւ զօրակոչուած էր օսմանեան բանակ եւ Խրիմի պատերազմին ժամանակ աշխատած էր իբրեւ թարգման։ 1856-57ին, Լոնտոն մեկնելով, յաճախած էր Քեմպրիճի համալսարանը, իբրեւ ազատ ունկնդիր։ 1858ին, ամբողջ երկու տարի, շրջագայած էր Եւրոպայի տարածքին, հասնելով եւ այցելելով նաեւ Ս. Փեթերսպուրկ։
Վերադառնալով Պոլիս, 1860էն 1865, Մ. Մամուրեան ստանձնեց Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի դիւանապետի պատասխանատուութիւնը, իբրեւ արժանաւոր երիտասարդ մտաւորականներէն մէկը Զարթօնքի Սերունդին՝ յանուն աշխարհաբարի տարածման եւ ազգային իշխանութեանց մէջ աշխարհական ու ժողովրդավարական հակակշռի հաստատման պայքարին նուիրուելով։
Նոյն պաշտօնին վրայ գտնուած միջոցին, 1862ին, Մամուրեան ձեռնարկեց մեծածաւալ հանգանակութեան մը կազմակերպումին՝ ի նպաստ Զէյթունի ապստամբութեան ուժեղացումին, միաժամանակ հրապարակեց Կիլիկիոյ տարածքին Ազիզ փաշայի արիւնահեղ քաղաքականութիւնը մերկացնող եւ դատապարտող յօդուածներ։
1865էն 1899, կարճ ընդմիջումներով, Մամուրեան ստանձնեց Զմիւռնիայի «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ դասաւանդեց անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ համաշխարհային պատմութիւն։
Իսկ 1871էն 1901, միշտ Զմիւռնիայի մէջ, ան հիմնեց, հրատարակեց եւ խմբագրեց «Արեւելեան Մամուլ» անունով գրական, քաղաքական եւ հասարակական յաջողակ թերթը։
Ուսանողական տարիներէն իսկ, Մատթէոս Մամուրեան ուշադրութիւն գրաւած էր իր աշխատասիրութեամբ եւ մտաւորական ընդունակութեամբ։ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռքբերած փայլուն արդիւնքներուն համար, արժանացած էր բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուեցաւ Լամարթինի ձեռամբ եւ որ կը վկայէր Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին։
Ազատախոհական եւ ազգային-հայրենասիրական մտածողութեան հաւատաւոր դրօշակիր մը եղաւ Մամուրեան՝ ազգային-քաղաքական թէ հանրային-մանկավարժական իր բազմամեայ ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին։
Լոնտոն ապրած շրջանին իր գրած «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքով՝ Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար անխոնջ պայքար մղողներէն հանդիսացաւ։ Ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց՝ Մ. Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան Մամուլ»ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը։
Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մ. Մամուրեան հանդիսացաւ հրապարակագրական այդ ոճին նախակարապետը հայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Թէեւ արգասաբեր եղաւ Մամուրեանի գրիչը գրական-գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով, բայց իրաւացի են անոր կենսագիրներն ու գրականագէտները, երբ վերապահութեամբ կը մօտենան անոր գրականութեան գեղարուեստական որակին՝ ընդգծելով, որ Մամուրեան ամէն բնագաւառի վրայ տարածուեցաւ, բայց ոչ մէկ ճակատի վրայ կրցաւ ամբողջական ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման յաղթականի պսակը նուաճել։
Յատկապէս մեծն Յակոբ Օշական եղաւ այն գլխաւոր քննադատը, որ դափնեզրկեց Մ. Մամուրեանը իբրեւ գեղարուեստական գրողի՝ ընդունելով եւ մեծարելով հանդերձ անոր հրապարակագրական վաստակն ու արժէքը։ Այդ իմաստով՝ գեղարուեստական արժէքէ աւելի հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լեռին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային-ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսաստանի կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կ’անմահացնէ։
Հրապարակագրի ցայտուն շնորհներով օժտուած Մատթէոս Մամուրեանի ժառանգ թողած գրականութիւնը կը կրէ շեշտակի դրոշմը գեղարուեստական արձակի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման հետեւողական ճիգի։
Մանաւանդ իր բարեբարոյ անհատականութեամբ, խոհականութեամբ եւ մտաւորականի լայնաբաց հորիզոնով՝ Մամուրեան յաջողեցաւ իսկական ուսուցիչ մը ըլլալ իր ընթերցողներուն համար։ Անպաճոյճ ու գեղեցիկ իր լեզուին եւ գրելաոճին միացուց, միշտ եւ անպայման, գիտելիք մը փոխանցելու, քննական խորհրդածութիւն կատարելու եւ, յատկապէս, յառաջադէմ մտքի զարգացման հունով յառաջ ընթանալու մեծ արժանիքը։
Իբրեւ այդպիսին՝ արեւելքի խաւարամտութեան վրայ լուսաւորութեան պատուհան բացող արժանաւոր հրապարակագիրը կը հանդիսանայ Մատթէոս Մամուրեան։
Մեծանուն հայուն ոգեկոչման նուիրուած յարգանքի եւ արժեւորման այս էջը կ’արժէ եզրափակել Մ. Մամուրեանի հետ հայ քաղաքական մտքի հսկաներէն Գարեգին Խաժակի ունեցած հրապարակագրական մէկ բանավէճին վերաբերեալ մանրավէպով մը, որ թէեւ ուղղակիօրէն չի վերաբերիր Մամուրեանի մտածողութեան, բայց ցոյց կու տայ Մամուրեանի իսկ ներդրումով այդ ժամանակներու հայ մամուլին մէջ տիրող տեսակէտներու ազատ քննադատութեան ոչ միայն անկաշկանդ բնոյթը, այլեւ՝ գաղափարական բարձր որակն ու տաք մթնոլորտը։
Միքայէլ Վարանդեան, իր «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն» կոթողական գործին Ա. հատորին մէջ, ծանօթագրութեան կարգով կ’անդրադառնայ Զմիւռնիայի մէջ Գ. Խաժակի գործունէութեան շրջանին։ Կը յիշատակէ, որ Դաշնակցութեան դէմ «Արեւելեան Մամուլ»ի էջերէն Մատթէոս Մամուրեան հանդէս կու գար քննադատական քրոնիկներով։ Վարանդեանի բառերով՝ «Մամուրեանը յաղթահարելու եւ անոր հակադաշնակցական ընթացքը չէզոքացնելու համար, Ժընեւի նախկին փիլիսոփայութեան ուսանողը ասպարէզ կը կոչէր Հեգելը… Խմորատիպ թռուցիկներու մէջ՝ կը փաստարկէր, կ’ապացուցանէր, որ հայոց երեք կուսակցութիւնները — Արմենիա, Հնչակ, Դաշնակցութիւն — տիեզերական համատարած օրէնքի մը զօրութեամբ՝ կը վերարտադրեն հեգելեան ծանօթ եռաբանութիւնը (տրիլոժի), ուր Արմենիան թէզն է — դրութիւնը -, Հնչակը՝ անթիթէզը — հակադրութիւնը — եւ Դաշնակցութիւնը՝ սինթէզը — համադրութիւնը -, որ եկաւ ամէնէն ուշը, սակայն խտացուց իր մէջ միւս երկու կուսակցութիւններու դրական կողմերը… Մամուրեան, անտարակոյս, շշմեր էր իմաստասիրութեան այդ չարաճճի խաղերէն եւ անզօր էր իրեն անծանօթ Դաշնակցութեան գիտուն առաքեալին հանդէպ, որ իր թագստոցէն կը ռմբակոծէր «Արեւելեան Մամուլ»ի խմբագրապետը»…
Այդպէ՛ս էր. հայկական հրապարակագրութիւնը նուաճած էր գաղափարական պայքարի բարձր մակարդակ եւ Մատթէոս Մամուրեան, անվիճելիօրէն, անկորնչելի իր տեղն ու արժէքը ունի ազգային այդ նուաճումին մէջ, իբրեւ յառաջապահներէն մէկը եւ արժանաւոր հրապարակագիրը հայոց Ազգային Զարթօնքի սերունդին։
Իր Սերունդին ազգայնական եւ ազատախոհական յուզաշխարհը լաւագոյնս խտացնելու կը ծառայէ Մ. Մամուրեանի «Սեւ Լեռին Մարդը» վէպէն առնուած ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատ լերան նուիրուած հետեւեալ զեղումը, որ միաժամանակ կը խտացնէ ազգային ազատագրութեան պատգամը Մատթէոս Մամուրեանի.-
«Ահա՛ կը տեսնեմ, կը տեսնե՜մ Մասիսի անմռայլ սարն՝ Արտազու եւ Նախջուանի լեռներու մէջտեղէն, միշտ վե՜հ, միշտ վսեմ, միշտ ձիւնափայլ։ Տեսէ՛ք կողերն, վիրաւոր կողերն ամպերով պատած են եւ գլուխը, գլուխը միայն կը ցուցընէ՝ վէ՜ս, լուսաւո՜ր, երկնապի՛շ։ Ողջո՜յն քեզ, լե՜ռդ անմահ, որ տաս դարերէ ի վեր ընդունայն կ’ողջունես շուրջդ քու նժդեհ զաւակներդ, միայն սուրբ նահատակներու ստուերներ կը հովանաւորես, եւ դեռ եւս հուր ու կայծակ չես թափեր այն գլուխներուն վրայ, որ քեզ կը կաշկանդեն»…
Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901)
Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901). Զարթօնքի Սերունդին յառաջապահ՝ ազատախոհ բանբերը Ն.