16 Յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին։ Թախծոտ, այլեւ խորունկ սիրոյ դիւրահաղորդ երգիչն է արեւմտահայ քնարերգութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը, որ սրտէ բխող եւ սրտերուն գաղտնիքը վերծանող խորաթափանց անմիջականութեամբ՝ աշխարհին առջեւ բացաւ տանջահար իր հոգին, ինչպէս որ կը վկայէ, օրինակ, «Ան չէ՜» խորագրուած իր քերթուածը.
Հոգիս կը տանջէ
Ջութակ մը հեռու.
Իզու՜ր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜…
Ահ, նուագը՜ն այս խոր
Ամառ գիշերուան.
Կարծես թէ կուլան
Աստղերը բոլոր…
Իզու՜ր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜,
Հոգիս կը տանջէ
Հոգի մը հեռու…
Մատթէոս Զարիֆեան միայն երեսուն տարի ապրեցաւ։ Թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարմինը մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին, որ նաեւ յաւակնորդ էր Ողիմպիական մրցանակի։ 19 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ զգաց թոքախտին պատճառած ցաւը կրծքավանդակին տակ։ 11 տարի պայքարեցաւ հիւանդութեան դէմ, դարմանումի համար առողջարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ մաշեցան երիտասարդ իր տարիները, բայց Զարիֆեան բնաւ չկորսնցուց գեղեցիկը սիրելու եւ կեանքին փարած մնալու իր հոգեկան կորովն ու անհուն քնքշութիւնը։ Թէեւ մահը վաղաժամ մեր կեանքէն հեռացուց տաղանդաւոր հայ քնարերգակին, բայց Մատթէոս Զարիֆեան գիտցաւ ու կրցաւ բանաստեղծականօրէն շնչաւորել իր ճակտին գրուած կեանքի կարճատեւ ժամանակը։ Եւ մահամերձ բանաստեղծի իր գողտրիկ ստեղծագործութիւններով՝ արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիին սիրոյ ու քնքշանքի շնորհալի երգիչը։
Իր կենդանութեան իսկ Մ. Զարիֆեան սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ եւ մինչեւ այսօր՝ Զարիֆեան կարդացողը, ի՛նչ տարիքի տէր ալ ըլլայ, անպայման անոր բանաստեղծութեան մէջ պիտի գտնէ ու վայելէ թախծոտ, քնքուշ եւ անխառն սիրոյ գեղեցիկ ու գրաւիչ աշխարհ մը։
Ահա՛ հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած Զարիֆեանի երգը՝ սիրոյ եւ տրտմութեան.-
Պզտիկ աղջիկ մ ՚ինծի կ՚ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ՚ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր՝
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի։
Յետոյ գացի՝ հեռո՜ւն լացի…
Կեանքի ու Մահուան միջեւ տառապալի ու ծանր պայքարի իր ճակատագիրը վստահաբար մեծ դեր ունեցաւ Զարիֆեանի բանաստեղծական յապաղած բոցավառումին, այլեւ արագընթաց փթթումին մէջ։ Յատկապէս 27 տարեկանէն ետք սկսաւ թափով ստեղծագործել եւ իր կեանքի վերջալոյսին, երեք տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ն (1921) ու «Կեանքի ու մահուան երգեր»ը (1922), որոնք մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը դարձան մեծ բանաստեղծին։
Ծնած էր 1894ին, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած էր Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Ռոպըրթ Գոլէճ» եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1912ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով: Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած էր ողիմպիական մրցախաղերու եւ մրցանակներու տիրացած։ Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց։ Թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպեց 19ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։
1914ին զինուորակոչուեցաւ եւ օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքը արագացուց արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող անոր առողջութիւնը։ Տեղափոխուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չվերականգնեցաւ։
1918ի զօրացրւումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան վերադարձաւ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ դարձաւ։ Փաստօրէն այդ շրջանին էր, 1919էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում առաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ։ Անսպառ եռանդով փարեցաւ թէ՛ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, թէ՛ յատկապէս գրական-ստեղծագործական աշխատանքի։
Իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայեց ինչպէս «Նաւասարդ» գրական հանդէսի, նոյնպէս եւ Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»ի էջերուն։
Հասուն բանաստեղծի մուտք մը ունեցաւ Զարիֆեան հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ Ահա՛ խօսուն օրինակը իր «Գիշերներ կան…» քերթուածին.
Գիշերներ կան այնպէ՜ս լոյս որ՝ կարծես թէ
Երկինքն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ
Երգը հին
Այն անծանօթ աշխարհին,
Ուր կ՛ըսեն թէ աստուածները կը խորհին…
Գիշերներ կան այնպէ՜ս մութ որ՝ կարծես թէ
Ծառերն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ
Երգը հին
Այն գեղեցիկ աշխարհին,
Ուր հոգիներ հոգիներու կը փարին…։
Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը ոչ միայն շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, այլեւ նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին։
Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածը դիմագրաւելու Զարիֆեանի իւրայատուկ հոգեկերտուածքին մէջ։
Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մ. Զարիֆեանի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի ցասումն ու քէնը չկայ եւ ուրկէ կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը։ Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չէ, որպէսզի Զարիֆեան կորսնցնէ իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը։
«Հեգնանք» խորագրուած իր երկու տուն քերթուածը այնքա՜ն հարազատօրէն եւ քնարական շունչով կը բանայ ինքնատիպ այս յուզաշխարհը Զարիֆեանի.
Քանի՜ կ’աճի ցաւը մարմնիս,
Ժպիտն աչքիս վարդ կ’ըլլայ.
Ձուրտ հոգիէս կ’անցնի Մայիս,
Ու լոյս կ’իյնայ ճակտիս վրայ…
եւ այս վարդով, այս գարունով,
Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,
Ան որ կու գայ՝ հողին քունով
Քնացընել Ցաւն հսկայ…։
Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։ Վճիտ ու զուլալ արուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ։ Այդպէ՛ս, կեանքին սէր ու պաշտամունքով փարող, իսկ ցաւն ու թախիծը անհուն քնքշանքով յաղթահարող բանաստեղծը եղաւ Զարիֆեան Մատթէոս, որ մինչեւ վերջին շունչ երգեց՝
Ահ, հոյակապ քերթուածը իմ հոգիիս,
Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս…
Իսկ հայոց սերունդները միշտ ալ իրենց շուրթներուն վրայ պահեցին, Զարիֆեանի հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած «Խենթը» քերթուածին քնքշանքիգողտրիկ երգերը.-
Մի Դպիք
Գիտէք որքան թախիծ կայ
Հոգիին խորն այդ տղուն,
Մի դպիք, թող քրքջայ
Խենթին քրքիջն է բեղուն,
Հոգիին խորն այդ տղուն
Իջեր եմ ես ու տեսեր
Երազ մը ծեր, նուաղուն
Ու անկիւն մը փլած սէր։
Ա՜հ, մի դպիք այդ տղուն
Խենթը մինակ կը թողուն…