ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Երեքշաբթի, 12 եւ Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ին, յանուն Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին, Առաջնորդական փոխանորդ գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան եւ Նէոս Գոզմոս շրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան ներկայ գտնուեցան Յունաստանի Զինեալ ուժերու Աթէնքի սպայից ակումբին մէջ, «Կրօնական դիւանագիտութիւն» 4-րդ միջազգային համագումար»-ին, կազմակերպութեամբ «Արտաքին յարաբերութիւններու հիմնարկ»-ին եւ գործակցութեամբ Աթէնքի ազգային համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի «Եկեղեցի եւ մշակոյթ» հետախուզական աշխատանոցին, ինչպէս նաեւ աջակցութեամբ «Policy Journal» պարբերաթերթին։ Միջազգային համաումարի կեդրոնական նիւթն էր «Միջին Արեւելքի յոյն ուղղափառ-Ալեքսանդրիոյ, Անտիոքի եւ Երուսաղեմի-պատրիարքութիւններուն աշխարհաքաղաքականութիւնը»:
Կարեւոր համագումարին իրենց մասնակցութինը բերին Յունաստանի վարչապետին, յունաց Տիեզերական պատրիարքին եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչները, որոնք հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։
Համագումարը ընդգրկեց ատենախօսութիւններ եւ կլոր սեղանի զրոյցներ, որոնց մասնակցեցան յունական կառավարութեան նախարարներ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դեսպանները, Ա.Մ.Ն. Պետական քարտուղարութեան փոխտնօրէնը, յոյն եւ օտար եկեղեցիներու պատրիարքներ եւ պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ, միջազգային հիմնարկներու գիտաշխատողներ, նախկին երեսփոխաններ եւ զանազան մասնագէտներ միջեկեղեցական ոլորտէն ներս։
Բազմազան նիւթերու օրակարգերը եւ զեկուցումները շօշափեցին միջեկեղեցական հարցեր, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու դերակատարութիւնը տարածաշրջանային համերաշխ գոյակցութեան հրամայականին վրայ, կրօնական ազատութեան եւ հաւատքի դիւանագիտութեան հարցեր ու փոխգործակցութեան ուղիներ։
Համագումարին հանդէս եկաւ նաեւ Յունաստանի թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան, նիւթ ունենալով «Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքէն գաղթելու կրօնական պատճառներն ու անոնց կանխելու միջոցները», որ ներկայացուց անգլերէն լեզուով։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ յունահայ համայնքի կրօնական իրավիճակին, նշելով հայ եւ յոյն եկեղեցւոյ դարաւոր կապերը, կրօնական ազատութեան առկայութիւնը եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու համագործակցութիւնը։
Մասնակցութեան տարողոթիւնը եւ բոլոր ներկայացումները իրենց կարեւորութեան շրջագիծէն ներս լոյս սփռեցին տարածաշրջանի հիմնախնդիրներուն ու եկեղեցիներու ներդրումին վրայ՝ ընդգծելով ազգերու եւ կրօններու համերաշխ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը։