Կրօնական Ժողովի դիւանէն տեղեկացանք, թէ 28 Հոկտեմբերի Յունաստանի ազգային տօնին առիթով, թեմիս հոգեւոր հովիւներն ու Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ընդառաջելով պետական ու քաղաքապետական հրաւէրներուն Երկուշաբթի՝ 28 Հոկտեմբեր 2019ի առաւօտեան, ներկայ գտնուեցան Գոհաբանական մաղթանքներուն, յուշարձաններու առջեւ դափնեպսակներու զետեղման, առաւել եւս աշակերտական կամ զինուորական տողանցքներուն։
Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան, յանուն թեմիս Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամ պրն. Էտկար Գալստեանին ներկայ գտնուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական հանդիսութեանց։
Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի անդամ պրն. Կարպիս Կորկոտեան ներկայ գտնուեցան Նիքէայի մէջ կազմակերպուած հանդիսութեանց։
Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան եւ պրն. Գեղամ Եաղճեան ներկայ գտնուեցան Նէա Զմիռնիի հանդիսութեանց։
Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Յարութիւն Աբրահամեան ներկայ գտնուեցան տեղւոյն հանդիսութեանց։ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ՝ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոբուլոս, ըստ սովորութեան ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի հանդիսութիւններուն։
Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան եւ Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան ներկայ գտնուեցան տեղւոյն հանդիսութիւններուն։