Կեդրոնական Մակեդոնիոյ նահանգապետարանի հրաւէրով, Երկուշաբթի՝ 11 Նոյեմբեր 2019ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Դաշնակիցներու» գերեզմանատան մէջ, տեղի ունեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի դադարման համաձայնագրի յիշատակումի օրուան նուիրուած ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն, ներկայութեամբ Սերպիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու։ Իւրաքանչիւր երկրի դիւանագէտ ծաղկեպսակ զետեղեց գերեզմանատան յուշակոթողին առջեւ՝ նուագակցութեամբ երկրի հիմներգին։
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին եւ հայ համայնքին անունով, սոյն յիշատակման մասնակցեցաւ, ներկայ գտնուեցաւ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Թաղային խորհուրդի ատենադպիր պրն. Նազարէթ Տէրէյեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Մասնակցութիւն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի դադարման յիշատակումի օրուան
Մասնակցութիւն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի դադարման յիշատակումի օրուան
Մասնակցութիւն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի դադարման յիշատակումի օրուան