Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նին եւ հրա­ւէ­րո­վը ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ Շր­ջա­նի նա­հան­գա­պետ՝ պրն. Ա­բոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թա­սի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի փոխ-նա­հան­գա­պե­տու­հի՝ տիկ. ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու­ի, ­Կի­րա­կի՝ 11 ­Նո­յեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։15ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Συμμαχικά Νεκροταφεία — Ζέιτενλικ» ­Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի զինադադարի հա­մա­ձայ­նագ­րի յի­շա­տա­կու­մի օ­րուան ծաղ­կեպ­սա­կի զե­տե­ղու­մը, ներ­կա­յու­թեամբ ­Սեր­պիոյ, ­Ռու­սիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Ի­տա­լիոյ դես­պան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու: Իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի դի­ւա­նա­գէտ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց իր երկ­րի գե­րեզ­մա­նա­տան յու­շա­կո­թող­նե­րուն առ­ջեւ՝ նո­ւա­գակցութեամբ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի հիմ­ներ­գին։ Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին եւ ­հայ հա­մայն­քին ա­նու­նով, սոյն յի­շա­տակ­ման մաս­նակ­ցե­ցաւ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ եւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Նա­զա­րէթ ­Տէ­րէ­յեան։