2-11 Մարտ 2018ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Օ­լիմ­պիոս» եւ «­Ճոն Գա­սա­վէ­թիս» սրահ­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Թե­սա­ղո­նի­կէի վա­ւե­րագ­րա­կան 20րդ Փա­ռա­տօ­նը «20th Documentary Festival Of Thessaloniki»։ Սոյն Փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, Շա­բաթ՝ 10 եւ Կի­րա­կի՝ 11 Մարտ 2018ին, յա­ջոր­դա­բար ե­րե­կո­յեան ժա­մը 10։15ին եւ 6։00ին, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ Ճօ Պեր­լին­տէ­րի «Intent To Destroy» խո­րագ­րով ֆիլ­մը՝ նո­ւի­րո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կին։
Առ այդ, «­Հա­մազ­գա­յին» Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ծա­նու­ցու­մով, Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քէն, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու մշա­կու­թա­սէր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ փու­թա­ցին եւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին սոյն յոյժ կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կին եւ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ան­գամ մը եւս փաս­տե­ցին, որ հայ Ժո­ղո­վուր­դը մի՛շտ կը մնայ ստեղ­ծա­գործ, ա­րի ու կան­գուն՝ յատ­կա­պէս իր նախ­նի­նե­րու թո­ղած վառ կտակ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։