Հայ ժողովուրդը այսօր կ’ոգեկոչէ մահուան 74րդ տարելիցը հայագիտական ուսմանց՝ գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ ընդհանրապէս բանասիրութեան մեծավաստակ երախտաւորներէն Մանուկ Աբեղեանի։

Սեպտեմբեր 25ի այս օրը, 74 տարի առաջ, Երեւանի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան՝ հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ ներդրումին համար։

Անմիջապէս պէտք է նշել անշուշտ, նաեւ՝ գլխագիր, որ Մանուկ Աբեղեանի անունով կնքուեցաւ քսաներորդ դարու քսանականներուն խորհրդային իշխանութեանց կողմէ հայոց Մեսրոպեան՝ դասական ուղղագրութեան դէմ գործուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը։

Պետական որոշումով եւ պետական միջոցներու խստագոյն կիրարկմամբ պարտադրուած պոլշեւիկեան՝ այսպէս կոչուած պաշտօնական «ուղղագրութիւն»ը, փաստօրէն, ծառայեց հայոց սերունդներու ազգային յիշողութիւնն ու գրաւոր ժառանգութիւնը երկփեղկելու՝ հայ ժողովուրդը նախախորհրդային իր անցեալէն խզելու եւ էապէս խորհրդայնացնելու նպատակին։

Այդ ճամբուն վրայ խորհրդայինները գիտական հիմնաւորման զինանոցի ու յատկապէս վահանի վերածեցին Աբեղեանի ուղղագրական մօտեցումները։ Գրաւոր մշակոյթի ու գիտութեան բոլոր մարզերէն ներս պետականօրէն արգիլուեցաւ հայոց Մեսրոպեան՝ դասակա՛ն ուղղագրութեան գործածութիւնը, փոխարէնը ամէնուր եւ ամենայն շտապողականութեամբ թափ տալով «աբեղեանական» ուղղագրութեամբ թերթերու, գիրքերու եւ դասագիրքերու տպագրութեան…

Ո՛չ ոք իրաւունք ունեցաւ, անշուշտ, հարց տալու կամ գանգատելու, թէ հայ մարդը ի վիճակի պիտի չըլլար նման ուղղագրութեամբ կարդալու պոլշեւիկներու չհաւնած հայոց դասականները եւ գիտական-մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։

Այդպէ՛ս, Մանուկ Աբեղեանի առաջադրած հայերէնի ուղղագրութեան իբր թէ տէր կանգնելու պատրուակով՝ խորհրդայինները ծանրագոյն հարուած հասցուցին հայերէնի միացեալ ուղղագրութեան եւ, երկաթեայ վարագոյրով արդէն երկփեղկուած հայ ժողովուրդի զոյգ թեւերուն միջեւ, բացին նաեւ հայերէնի գործածութեան ներհակ ուղղագրութեանց խոր խրամատը։

Անշուշտ հայ լեզուագիտութեան այդ օրերու մեծարժէք վաստակաւորները, Հրաչեայ Աճառեանի գլխաւորութեամբ, ծառացան խորհրդայիններու հակազգային քայլին դէմ, բայց ոչ միայն իշխանութիւնները անտեսումի մատնեցին զանոնք, այլեւ՝ անձնապէս շնորհազրկեցին մեծանուն այդ արժանաւորները՝ բարոյապէս ընկճելով եւ ուղղակի հալածանքի թիրախ դարձնելով զանոնք։

Այսօր արդէն բացուած արխիւները տարակոյս չեն ձգեր, որ նոյնինքն Մանուկ Աբեղեանի սրտով չէր հայերէնի ուղղագրութեան իր «բարեփոխումներ»ը այդպէս բացարձակօրէն ու պետականօրէն հանրապարտադիր դարձնելու եւ հայոց սերունդները Ազգի Ժառանգութենէն խորթացնելու խորհրդային քաղաքականութիւնը։

Ահա՛ վկայութիւնը Աբեղեանի.-

«Փոփոխութիւն, իմ կարծիքով, պէտք է, եւ կարելի է անել որոշ չափով. բայց եթէ որևէ փոփոխութիւն պիտի վերացնի մեր ուղղագրութեան միութիւնը եւ մեր երկու գրական լեզուներն իրարուց աւելի հեռացնի, աւելի լաւ է, որ չլինի: Իսկ մինչ այդ, ձեռք պիտի քաշել ամէն հին ու նոր փոփոխութիւններից եւ դառնալ աւանդական ուղղագրութեանը: Ա՛յս է ուղիղ ճանապարհը»: («Դասական ուղղագրությունը նոր ուղղագրութfամբ փոխարինելու մասին», «Արարատ» ամսագիր, 1913)։

Հետեւաբար, կասկածէ վեր է, որ Մանուկ Աբեղեանի հայերէնի ուղղագրական տեսութիւններուն խորհրդային քաղաքական չարաշահումը ոչինչ կը պակսեցնէ մեծարժէք հայուն հայագիտական բացառիկ ներդրումէն՝ անոր գիտական ու անվիճելիօրէն տիտանական երախտաշատ վաստակէն։

Մանուկ Աբեղեանի գրականագիտական, բանասիրական եւ լեզուաբանական գործերուն սոսկ մատենագիտութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը ամբողջական երախտագիտութեամբ խոնարհի անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական հմտութեան առջեւ հայ մտքի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին։

Մանուկ Աբեղեան ծնած է 1865ի Մարտ 15ին, հին Նախիջեւանի Աստապատ գիւղը, հայ հողագործի ընտանեկան յարկին տակ։

Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ։ 1876ին ընդունուեցաւ Էջմիածնի «ԳԷորգեան» Ճեմարանը եւ աւարտեց 1885ին: Անմիջապէս հրաւիրուեցաւ դասախօսելու ինչպէս նոյն «Գէորգեան» Ճեմարանի, այնպէս ալ Շուշիի եւ Թիֆլիսի հայոց թեմական եւ մասնաւոր վարժարաններուն մէջ։

1893ին մեկնեցաւ արտասահման եւ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Ենայի, Լայփցիկի, Պերլինի եւՓարիզի համալսարաններուն մէջ։ 1898ին աւարտեց Ենայի համալսարանը՝ ստանալով փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան։ Այնուհետեւ վերադարձաւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարան, ուր մինչեւ 1914 թուականը հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու եղաւ ու սերունդներ հասցուց։ Ապա չորս տարի, մինչեւ 1918ի Հայաստանի անկախութիւնն ու Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, ուսուցչական պաշտօն վարեց Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցին մէջ։

Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համալսարանին մէջ, անոր բացման օրէն իսկ, Մանուկ Աբեղեան պրոֆեսորի պաշտօն ստանձնեց եւ պատրաստեց հայոց լեզուի ու գրականութեան մասնագէտ սերունդներ։ 1925¬30 թուականներուն ղեկավարեց Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան եւ Արուեստի Ինստիտուտը:

Մ. Աբեղեան ակադեմական ու դասախօսական բեղուն աշխատանքի պատնէշին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 25 Սեպտեմբեր 1944ին։

Մանուկ Աբեղեան գրած է հայոց լեզուի, հին թէ նոր ժամանակներու հայ գրականութեան եւ հայ ժողովրդական ստեղծագործութեանց ու բանահիւսութեանց վերաբերեալ բազում գիտական աշխատութիւններ, շրջած է Հայաստանի գիւղերը՝ հաւաքելով հայ ժողովրդական առասպելներ, գուսանական տաղեր, հայրէններ, գրի առած է հայկական Դիւցազներգութեան (էպոսի) բազմաթիւ տարբերակներ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ խմբագիր՝ մասնակցելով «Նոր¬Դար» թերթի խմբագրութեան։

Կը հանդիսանայ հայոց տաղաչափութեան առաջին ուսումնասիրողն ու ամբողջական հետազօտութեան հեղինակը։

1886ին արդէն, Աբեղեան գրառած էր «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի մոկաց տարբերակը, կատարած էր անոր առաջին մասնագիտական հետազօտութիւնը եւ 1889ին հրատարակած՝ «Դաւիթ եւ Մհեր» վերնագրով: Հետագային ստեղծեց «Սասնայ Ծռեր»ու դասական տեսութիւնը:

Ինչպէս որ «Հայկական Հանրագիտարան»ը կը հաստատէ, Մ. Աբեղեան նորովի պարզաբանեց հայ ժողովուրդի հին ու նոր հաւատալիքները, առասպելական զրոյցները։ Մշակեց հայ առասպելաբանութեան գիտական նոր տեսութիւնը («Հայ վիպական բանահիւսութիւն», 1966): Իր «Ժողովրդական խաղեր» (1904) եւ «Հին գուսանական ժողովրդական երգեր» (1931) մենագրութեանց միջոցաւ, Աբեղեան հետազօտեց հայոց խաղիկներու, միջնադարեան հայրէններու տեսակային (ժանրային), կառուցուածքային, տիպաբանական, տաղաչափական յատկանիշները, պարզաբանեց անոնց ժողովրդական բնոյթը, նշեց ժողովրդական երգերու ակունքները, զարգացումն ու ընթացքը:

Իր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» (1944¬46) քառահատոր աշխատութեան մէջ, Մ. Աբեղեան գիտական խորացումով ու մշակումով անդրադարձաւ հայ գրականութեան սկզբնաւորման, պատմութեան, գրական դէմքերու եւ դպրոցներու գնահատման, ծագման ու զարգացման հարցերուն:

1910ականներէն սկսեալ, Աբեղեան խորացաւ հայկական բանաստեղծութեան տաղաչափութեան հետազօտմամբ («Հայերէն տաղաչափութեան մասին», 1916, «Տաղաչափութեան զարգացումը Չարենցի եւ ուրիշների բանաստեղծութիւնների մէջ», 1923, «Հայոց լեզուի տաղաչափութիւն», 1933):

Մանուկ Աբեղեանի գիտական վաստակին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոր լեզուաբանական¬քերականական աշխատութիւնները: «Աշխարհաբարի քերականութիւն» (1906), «Աշխարհաբարի շարահիւսութիւն» (1912), «Հայոց լեզուի տեսութիւն» (1931) աշխատութիւններով, Աբեղեան եղաւ առաջիններէն, որ աշխատեցաւ գիտականօրէն համակարգել արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը, պարզել հնչիւնափոխութեան երեւոյթները, համակողմանիօրէն հետազօտել բառագիտութիւնն ու բառակազմութիւնը: Աբեղեանի կողմէ պատրաստուեցաւ առաջին «Ռուս¬Հայերէն բառարանը» (1925 թ.). ան մասնակցեցաւ նաեւ շարք մը բառարաններու ստեղծման աշխատանքներուն:

Մանուկ Աբեղեանի անունով կոչուած են Հ.Հ. Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկը եւ դպրոց մը` Երեւանի մէջ։

Ինչպէս որ ակադեմիկոս Կ. Ա. Մելիք-Օհանջանեան կը վկայէ՝

«Հայ բանասիրութեան, լայն առումով հայագիտութեան, ամենա-ականաւոր դէմքերից է մեծ գիտնական Մանուկ Խաչատուրի Աբեղեանը։

«Չկայ հայագիտութեան մէջ համարեա՛ մի բնագաւառ, որին րնդհուպ մօտեցած եւ իր ծանրակշիռ խօսքն ասած չլինի ականաւոր գիտնականը։ Նրա վիթխարի ժառանգութիւնը բազմաժանր է, իր ժամանակին վճռողական դեր է կատարել, այսօր էլ պահպանում է իր մեծ մասի անուրանալի

արժէքր, որոշ բնագաւառներում՝ գերիշխանութիւնը։

«Իր երիտասարդական վաղ հասակից սկսած նա եղել եւ մինչեւ

իր կեանքի վախճանը մնացել է մարտնչող, նոր ուղիներ հարթող, նորարար գիտնական։ Սայթաքումներ, հարկաւ, նա էլ է ունեցել, բայց այդ ո՞ր մեծ գիտնականն է, որ՝ անսխալ, անսայթաք անցնելով գիտութեան ծովր, մեթոդոլոգիայի բոլոր խոչընդոտներն ու խոչընդակները, «անվտանգ ու անշեղ», ուղիղ իր անքոյթ հանգրուանն է հասել…

«Մեծ գիտնականը, բնութիւնից օժտուած լինելով նուրբ զգացողութեամբ, դիտողական սուր ընդունակութեամբ եւ արտակարգ ջանասիրութեամբ, հետագայում ուսումնառութեան շրջանում, թէ՛ «Գէորգեան» Ճեմարանում եւ թէ՛ եւրոպական համալսարաններում, կարողացել է գիտութիւն ամբարել, քննադատաբար իւրացնել, ստեղծագործաբար մշակել եւրոպական առաջաւոր գիտութիւնը եւ այդ ամէնն ի սպաս դնել հայրենի աշխարհի հոգեւոր մշակոյթի ուսումնասիրութեան գործին»։