Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց նո­ւի­րո­ւած հե­տաքրք­րա­կան եւ շա­հե­կան հա­ւա­քոյթ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 17 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Ֆիք­սի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս։
­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թիւն դար­ձած են Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրու­մի հա­ւա­քոյթ­նե­րը մեր միու­թիւն­նե­րուն եւ­ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Այս տա­րի, Կ.­Խա­չի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լի մտա­ծու­մը ու­նե­ցած էր հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց նո­ւի­րո­ւած ա­ռի­թի մը վե­րա­ծե­լու գա­թա­յի կտրու­մի հա­ւա­քոյ­թը։ Եւ ի­րա­պէս ալ, ­Նոր ­Տա­րո­ւան շրջա­նին կազ­մա­կեր­պո­ւող եւ ան­դա­մու­հի­ներ ու բա­րե­կամ­ներ մէկ­տե­ղող այս տա­րո­ւան ձեռ­նար­կը ստեղ­ծեց ա­ռի­թը թէ՛ Ա­մա­նո­րի գա­թան, կամ՝ ինչ­պէս կ­՛ը­սեն, ­Տա­րե­հա­ցը կտրե­լու եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւ­ններ փո­խա­նա­կե­լու, թէ՛ հայ­կա­կան ծա­նօթ հա­րի­սա­յով հիւ­րա­սի­րո­ւե­լու եւ մա­նա­ւանդ հայկական ա­ւան­դու­թեանց մա­սին շատ հե­տաքրք­րա­կան նիւթ մը ըն­կա­լե­լու։
Ար­դա­րեւ, «Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց ճամ­բով» նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. ­Ման­նիկ Ա­շը­րեան, ո­րուն խօս­քը ըն­կա­լո­ւե­ցաւ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ։ Բ­ծախնդ­րօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած եւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց մա­սին հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցող այս նիւ­թը, մեծապէս շա­հե­կա­ն էր։
Այս տա­րո­ւան գա­թա­յի կտրու­մի այս հա­ւա­քոյ­թը շատ մեծ ըն­կա­լում գտաւ ան­դա­մու­հի­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու կող­մէ։ ­Բեր­նէ-բե­րան լե­ցուն սրա­հը եւ հոն տի­րող ջերմ ու մտեր­միկ մթնո­լոր­տը կը փաս­տէր, որ հայ­կա­կան տա­քուկ մթնո­լոր­տը, ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գո­ւած ճա­շա­տե­սակ­նե­րը, հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց մա­սին լսե­լը եւ այդ ա­ւան­դու­թեանց յի­շե­ցու­մը սի­րով կ­՛ըն­կա­լո­ւին եւ կը սպա­սո­ւին բո­լո­րին կող­մէ։
Ա­մա­նո­րի կար­կան­դա­կի, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ու­տես­տի մը, այս պա­րա­գա­յին՝ հա­րի­սա­յի, նո­ւի­րո­ւած այս գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թը ստեղ­ծե­լու ո­րո­շու­մը, «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ, մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լի էր եւ մաղ­թե­լի, որ հայ­կա­կան թե­մա­յով նիւ­թե­րը յա­ճախ լսո­ւին մեր միու­թիւն­նե­րու ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին։

***
­Գա­թա­յի կտրու­մի ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած այս հա­ւա­քոյ­թը սկսաւ «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Նո­ւարդ ­Տա­տո­յեա­նի բաց­ման խօս­քով։ ­Բա­րի գա­լուս­տի եւ ­Նոր ­Տա­րո­ւան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, ըն­կե­րու­հին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին­՝ ան­հա­տա­պէս թէ ըն­տա­նիք­նե­րուն, յա­տուկ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով մեր մեծ ըն­տա­նի­քին՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին։ Ա­պա, վար­չու­թեան ա­տե­նադպ­րու­հին՝ ընկ. Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեան ներ­կա­յա­ցուց վար­չու­թեան կող­մէ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն կա­տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փոփ պատ­կե­րը։
­Ժո­ղո­վա­կան այս բա­ժի­նէն ետք, ընկ ­Տա­տո­յեան հրա­ւի­րեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը՝ օրհ­նե­լու գա­թան-տա­րե­հա­ցը։ ­Տէր ­Հայ­րը օ­րո­ւան ի­մաս­տին անդ­րա­դար­ձող իր խօս­քէն ետք օրհ­նեց գա­թան եւ փո­խան­ցեց նոր տա­րո­ւան բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։ ­Յայտ­նենք որ , ա­ւան­դու­թեան կարգ ան­ցած է, որ ­Տէր ­Հօր կող­քին գա­թան կտրե­լու հրա­ւի­րո­ւի Կ.­Խա­չա­կան մը։ Այս տա­րի վար­չու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց եր­կու ըն­կե­րու­հի­ներ՝ ­Մա­րի ­Տէ­տէեանն ու Եր­ջան ­Սո­լա­քեա­նը, ո­րոնք Տէր Հօր հետ կտրե­ցին գա­թան։
Ա­մա­նո­րի ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած այս հա­ւա­քոյ­թին ներ­կա­նե­րուն հա­մար շատ հա­ճե­լի մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան Հ.Կ.­Խա­չի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յակո­բեան» վար­ժա­րա­նի Զ. կար­գի խումբ մը ա­շա­կեր­տու­հի­նե­ր, ո­րոնք ի­րենց հա­յե­րէ­նի դա­սա­տո­ւին՝ ընկ. Ա­լի­նա ­Պար­տագ­ճեա­նի հսկո­ղու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­մով, եր­գով եւ հա­կիրճ մաղ­թանք­նե­րով, նոր տա­րո­ւան մթնո­լոր­տը փո­խան­ցե­ցին՝ ու­րախ պա­հեր ստեղ­ծե­լով բո­լո­րին մօտ։
­Հա­ւա­քոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ մեր ա­ւան­դու­թեանց նո­ւի­րո­ւած նիւ­թի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, հայ­կա­կան հա­րի­սա­յի սպա­սար­կու­մով։ ­Վար­չու­թեան կող­մէ բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած հայ­կա­կան այս ճա­շա­տե­սա­կին ա­ռըն­թեր՝ ճոխ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց բո­լո­րին մօտ։
Ինչ­պէս ը­սինք ա­ւե­լի վե­րը, շա­հե­կան էր նիւ­թը։ Եւ այդ շա­հե­կա­նու­թեան հա­մար, հե­տա­գայ սիւ­նակ­նե­րով կը հրա­տա­րա­կենք ընկ. ­Ման­նիկ Ա­շը­րեա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած «Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ՝ ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թեանց ճամ­բով» խո­րա­գի­րը կրող նիւ­թը։

ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ՃԱՄԲՈՎ

­Նոր ­Տա­րի է դար­ձեալ։ ­Ժա­մա­նա­կի ան­հու­նու­թեան մէջ, սահ­ման­ներ գծե­լով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու մար­դուս կա­րի­քը ար­տա­յայ­տող նոր սկիզբ մը, ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի մի­ջեւ խորհր­դա­ւոր հանգ­րո­ւան մը։ Անձ­նա­կան թէ ազ­գա­յին հա­շո­ւե­յար­դա­րի եւ ու­ղիղ կողմ­նո­րո­շու­մի պա­տեհ ա­ռիթ։ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Տօն մը, բո­լո­րի հա­մար նոյն ու միան­գա­մայն ա­մէն մէ­կու հա­մար այն­քան տար­բեր։ ­Միշտ, սա­կայն, խրախ­ճա­նա­կան մթնո­լոր­տի զա­նա­զան ձե­ւե­րու ընդ­մէ­ջէն, յա­տուկ է վե­րած­նուն­դի գա­ղա­փա­րը, յոյ­սի նոր էջ բա­նա­լու ակն­կա­լու­թեամբ։
Այս­պէս, ու­րեմն, ե­կէք միաս­նա­բար բա­նանք մեր ազ­գին հա­մար յոյ­սի նոր է­ջը։ ­Յատ­կա­պէս, հայ­րե­նի­քի ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կի սե­մին, 2018ի իւ­րա­յա­տուկ այս տա­րեգ­լու­խին, որ պէտք է դառ­նայ հայ ազ­գին հա­մար «­Յաղ­թա­նա­կի Ա­մա­նոր»։
Ինչ՞­պէս։
­Ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­զիւ ե­րեք տա­րի­ներ վերջ, մեր ազ­գը յա­ջո­ղե­ցաւ վեց դա­րե­րու ստրկու­թեան խա­ւա­րը փա­ռա­ւո­րե­լով, վա­ռել ջա­հը ­Մա­յիս 28ի Ան­կա­խու­թեան ու վե­րա­կանգ­նել հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Հ­րաշ­քի հա­մա­զօր ե­րե­ւոյթ, ե­զա­կի թե­րեւս նոյ­նիսկ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մէջ։
­Ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս մենք, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ցրո­ւած, ա­ւե­լի քան մէկ դար կը տո­կանք հա­յօ­րէն, ապ­շեց­նե­լով օ­տար­նե­րը։
­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին, բազ­մա­թիւ ազ­գեր ան­հե­տա­ցած են աշ­խար­հի ե­րե­սէն եւ հա­զիւ թէ մաս­նա­գէտ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած։
­Մենք կանք ու կը մնանք, քա­նիցս գե­րեզ­մա­նո­ւած, բայց վե­րած­նո­ւող յա­րու­ցեալ ազգ։
­Ձուլ­ման ճամ­բով մեզ ան­հե­տաց­նել չյա­ջո­ղե­ցան, ո՛չ ­Բիւ­զան­դա­կան հսկայ կայս­րու­թեան տա­րած­քին հե­ռա­ւոր ան­կիւն­ներ մեզ ցրո­ւե­լով, ինչ­պէս կը խոս­տո­վա­նի բիւ­զան­դա­գէտ ­Տի­կին Է­լէ­նի Ղ­լի­քա­ծի-Ար­վե­լէր, ո՛չ օս­մա­նեան լու­ծի տակ բռնի հա­լա­ծանք­նե­րով, ջար­դե­րով, ոչ իսկ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ։
Ու՞ր է ար­դեօք թաք­նո­ւած ար­տա­կարգ մեր տո­կու­նու­թեան գաղտ­նի­քը, որ « ­Մու­սա ­լե­րան 40 օ­րեր» ու հե­ղի­նակ Ֆ­րանց ­Վեր­ֆէ­լին մղած է մեզ ո­րա­կե­լու « ան­կա­րե­լիին ազ­գը»։
Ար­դա­րեւ, դա­րեր շա­րու­նակ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թե­նէ զրկո­ւած ազգ մը, յա­ճախ նոյ­նիսկ օ­տար հո­ղե­րու վրայ, կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը, պա­հե­լով ազ­գա­յին դի­մա­գիծ, ա­ռանց իսկ ու­րոյն ազ­գի մը պատ­կա­նե­լիու­թեան յստակ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու մին­չեւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին 10ա­մեակ­նե­րը։
Ինչ՞­պէս։
«Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ՝ ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թեանց ճամ­բով»։
Ա­հա ու­րեմն, ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման գաղտ­նի­քը բա­ցա­յայ­տող մեր այ­սօ­րուայ նիւ­թը։
­Կա­րե­լի չէ, ան­շուշտ, լայ­նա­ծա­ւալ այս նիւ­թին մա­սին խո­րա­նալ խօս­քի մը սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կին մէջ։
Ուս­տի, պի­տի փոր­ձեմ կեդ­րո­նա­նալ քա­նի մը կէ­տե­րու վրայ։
Ին՞չ կը հասկ­նանք «ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն» ը­սե­լով, որ՞ն է ա­նոր վճռո­րոշ դե­րը ազ­գի գո­յա­տեւ­ման ճա­նա­պար­հին եւ որ՞ն է մեզ հա­մար ու­ղիղ դիր­քո­րո­շումն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ։
Ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւ­նը կ­՛ընդգրկէ «ազգ» հաս­կա­ցու­թիւ­նը բնո­րո­շող սե­փա­կան պատ­մու­թիւնն ու հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը, որ կը զա­տո­րո­շեն զայն ու­րիշ ազ­գե­րէ՝ լե­զու, պատ­մու­թիւն, կրօնք, մշա­կոյթ եւ ժո­ղովր­դա­յին սո­վո­րու­թիւն­ներ։ Այս բո­լոր ազ­դակ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի ան­շուշտ իր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման հա­մար։
­Լե­զուն, ան­տա­րա­կոյս, ազ­գի լի­նե­լու­թեան հիմ­նա­կան ե­րաշ­խիքն է, ո­րուն շնոր­հիւ ու­նինք նաեւ ու­րոյն մշա­կոյթ։ ­Ծան­րակ­շիռ է նաեւ դե­րը կրօն­քին։ Ինչ­պէս կ­՛ը­սէ մեր մե­ծե­րէն ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան՝ «ազգ մը պա­հո­ղը լե­զուն է ու հա­ւատ­քը»։
­Հե­տե­ւա­բար, ան­ցեա­լը ա­պա­գա­յին կա­պող ա­մուր մեր պոր­տա­լա­րը կ­՛անց­նի պատ­մա­կան, կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ժո­ղովր­դա­յին սո­վո­րու­թիւն­նե­րու ա­ւան­դու­թեանց ընդ­մէ­ջէն։
­Մեր նախ­նիք մնա­ցին յա­մա­ռօ­րէն հայ, ո­րով­հե­տեւ ըն­տա­նի­քը խօ­սե­ցաւ հա­յե­րէն, ա­ղօ­թեց հա­յե­րէն, եր­գով, պա­րով, ան­ցեա­լի հե­քեաթ­նե­րով եւ ին­չո՛ւ չէ նաեւ հա­րի­սա­յով, տոլ­մա­յով եւ ա­նու­շա­պու­րով, բռնագ­րա­ւո­ւած կամ իր­մէ խլո­ւած հայ­րե­նի­քը խոր հա­ւատ­քով պա­հեց իր հա­մեստ եր­դի­քին տակ։
Ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­րուստ է մեր ան­ցեա­լը վսեմ ի­տէալ­նե­րու եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու ի խնդիր մղո­ւած պայ­քար­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն տա­կա­ւին,­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի օ­րե­րէն, ա­ռաս­պել­նե­րու թէ պատ­մու­թեան հե­րոս­նե­րով, կրօ­նի թէ մշա­կոյ­թի պայ­ծառ դէմ­քե­րով, ո­րոնք յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը ներշն­չող տի­պար­ներ են։
­Պատ­մա­կան, կրօ­նա­կան թէ մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թեանց կող­քին, ի­րենց յա­տուկ տե­ղը կը գրա­ւեն ան­շուշտ նաեւ տօ­նա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճա­շե­րը, ո­րոնք պարզ ու ա­նաղ­մուկ մեր ա­ռօ­րեան կը կա­պեն ան­ցեա­լին։
Բ­նա­կան է, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, ո­րոշ սո­վո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք յա­ճախ կը տար­բե­րո­ւին շրջա­նէ-շրջան պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ կը մոռ­ցո­ւին կամ ժա­մա­նա­կավ­րէպ կը դառ­նան։ Ս­փիւռ­քի պա­րա­գա­յին, ան­խու­սա­փե­լի են նաեւ մեր ապ­րած եր­կիր­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։ Այ­սու­հան­դերձ ազ­գա­յին եր­գերն ու պա­րե­րը, ո­րոշ սո­վո­րու­թիւն­ներ եւ ճա­շա­տե­սակ­ներ հա­յը իր ան­ցեա­լին, հա­յը հա­յուն կա­պող իսկ օ­տա­րին հա­մար հայ­կա­կա­նը խորհրդան­շող ա­ւան­դու­թիւն­ներ են։
Ինչ­պէս, օ­րի­նակ, հայ­կա­կան հա­րի­սան, որ շնոր­հիւ մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու օ­րո­ւայ պատ­շաճ ընտ­րան­քին, պի­տի վա­յե­լենք միա­սին այս ե­րե­կոյ։
­Բո­լորս գի­տենք, թէ հա­րի­սան ոչ միայն ա­մա­նո­րեան սե­ղա­նին, այլ գրե­թէ բո­լոր սուր­բե­րու տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, մա­տա­ղին հետ հրամ­ցո­ւող ա­ւան­դա­կան ճաշ մըն է։ Ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ կը մա­տու­ցո­ւէր նաեւ Ս.Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նին, մե­ծա­րե­լու հա­մար Աս­տո­ւա­ծա­մայ­րը եւ խնդրե­լու իր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը։
Ոչ­խա­րին օրհ­նո­ւած հաց ու աղ կերց­նե­լով, մա­տա­ղի սո­վո­րու­թիւնն ալ մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կուող կրօ­նա­կան ա­ւան­դու­թիւն մըն է։ ­Կը պատ­մեն, թէ Մծբ­նայ Ս. ­Յա­կոբ հայ­րա­պե­տը եւս, տես­նե­լով թշնա­միէն պա­շա­րո­ւած ժո­ղո­վուր­դին սո­վա­հար վի­ճա­կը, կը թե­լադ­րէ, որ սերմ­նա­ցու ցո­րե­նէն մնա­ցած վեր­ջին հա­տիկ­նե­րը կաթ­սա­նե­րու մէջ լեց­նե­լով, ա­քա­ղաղ­ներ մոր­թեն ու ա­ւելց­նեն, վեր­ջին ճա­շը եղ­բայ­րօ­րէն ու­տե­լու եւ եղ­բայ­րօ­րէն մեռ­նե­լու հա­մար։ Ա­ւան­դու­թիւ­նը կ­՛ը­սէ, թէ մինչ Ս. ­Յա­կոբ նոյն պա­հուն բազ­կա­տա­րած կ­՛ա­ղօ­թէր, թշնա­մին պա­շա­րու­մը վերց­նե­լով կը հե­ռա­նայ ընդ­միշտ։
­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րու սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն են ­Տեա­ռըն­դա­ռա­ջի խա­րոյկ­նե­րը, ո­րոնց վրա­յէն շա­տեր կը ցատ­կեն ուխ­տե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար։ ­Նոյն­պէս տա­կա­ւին կը սար­քուին ­Մեծ ­Պահ­քի ­Մի­ջին­քի ճաշ­կե­րոյթ­նե­րը։ Իսկ ­Ծաղ­կա­զար­դին, որ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նին նո­ւի­րո­ւած էր գար­նա­նա­յին զար­թօն­քին, մար­դիկ ի­րենց տու­նե­րը կը զար­դա­րէին օրհ­նո­ւած ու­ռե­նիի եւ ձի­թե­նիի ճիւ­ղե­րով, բնու­թեան ա­ղէտ­նե­րէն պահ­պա­նո­ւե­լու հա­մար։ ­Մինչ, դար­ձեալ ձի­թե­նիի օրհ­նո­ւած ճիւ­ղե­րով է որ կը նշո­ւի ­Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քին նո­ւի­րո­ւած տօ­նը։
­Տա­կա­ւին կը պահ­պա­նո­ւի, յատ­կա­պէս հայ­րե­նի­քէն ներս, ­Վար­դա­վա­ռը եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ ի­րա­րու վրայ ջուր սրսկե­լով տօ­նե­լու ո­րոշ գիւ­ղե­րու ան­ցեա­լի սո­վո­րու­թիւ­նը։ ­Վար­դա­վա­ռը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին խրախ­ճանք էր, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին նաեւ դրա­ցի այլ ազ­գեր։
Ա­մէ­նէն ընդ­հան­րա­ցած սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն են նաեւ ­Կա­ղան­դի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։
Ա­մա­նո­րը ա­մէ­նէն հին տօ­նե­րէն է, որ զա­նա­զան ազ­գեր տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կը տօ­նէին։ ­Սո­վո­րա­բար այս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը կ­՛առնչո­ւէին նաեւ հո­ղի մշակ­ման եւ բեր­քա­հա­ւա­քի հետ։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իբր տա­րեգ­լուխ կը տօ­նո­ւէր ­Նա­ւա­սար­դը, սկիզ­բը Օ­գոս­տո­սին որ հին հայկ. տո­մա­րի ա­ռա­ջին ա­միսն էր եւ կը զու­գա­դի­պէր նաեւ աշ­նա­նա­յին բեր­քա­հա­ւա­քին։ ­Նա­ւա­սար­դը ու­րեմն, մե­զի կու­գայ ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի օ­րե­րէն ։ ­Մեր նախ­նիք զայն կը տօ­նէին հան­դէս­նե­րով՝ երգ, պար, թա­տե­րա­խաղ, կե­րու­խում նաեւ զո­հա­բե­րե­լով կեն­դա­նի­ներ, ո­րոնց ա­րիւ­նով կը ներ­կո­ւէին, մա­քուր դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար ­Նոր ­Տա­րին։ Այս առ­թիւ, իշ­խան­ներ թէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը հան­դի­սա­ւոր եր­դում­ներ կը կա­տա­րէին։ Այս ի­մաս­տով, ­Նա­ւա­սար­դը կը խորհր­դան­շէր մեր ժո­ղո­վուր­դի ապ­րե­լու կամ­քը, նո­րո­գո­ւող ուխ­տը։ Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը չփո­խեց Ա­մա­նո­րի ի­մաստն ու ո­գին, որ ա­ւե­լի եւս ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ հա­ւատ­քի ու­ժով։ ­Յու­նո­ւար 1ը իբր տա­րեգ­լուխ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ 14րդ ­դա­րուն, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ 17րդ ­դա­րուն։
­Տօ­նա­ծառ զար­դա­րե­լը նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան շրջա­նէն սո­վո­րու­թիւն էր։ ­Սօ­սին, բար­տին ու ե­ղե­ւի­նը վա­ղուց «­Կե­նաց ­Ծա­ռեր» էին հայ կեան­քին մէջ, իբր բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քի, բա­րօ­րու­թեան եւ ա­ռա­տու­թեան խորհր­դա­նիշ։ ­Զա­նոնք կը զար­դա­րէին խնձո­րով, նու­ռով, կա­ղի­նով եւ գու­նա­ւոր լա­թե­րով ու կը կա­տա­րէին ի­րենց ուխ­տը բա­րօ­րու­թեան, ա­ռող­ջու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան խնդրան­քով։ Ան­ցեա­լին, ­Դեկ­տեմ­բեր 31ի գի­շե­րո­ւայ սո­վո­րու­թիւն էր նաեւ որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը տու­նէ-տուն պտը­տին եր­գե­լով ու պա­րե­լով եւ նո­ւէր­ներ ստա­նա­լով։ ­Հե­տա­գա­յին ընդ­հան­րա­ցաւ Ա­մա­նո­րի նոր ա­նու­նը՝ «­Կա­ղանդ» որ կը նշա­նա­կէ «կան­չել» ամ­սո­ւան մուտ­քը։
­Հայ­կա­կան կա­ղան­դի սե­ղա­նը կը զար­դա­րո­ւէր եօ­թը տե­սակ ու­տե­լիք­նե­րով՝ չոր միր­գեր ու ա­ւան­դա­կան ճա­շե­րով, ինչ­պէս հա­րի­սա, տոլ­մա, թօ­փիկ ե­ւայլն։ ­Սե­ղա­նը կը ճո­խաց­նէին ա­նու­շա­պու­րը, գա­թան եւ չէօ­րէ­կի նման նա­շա­նա­ւոր «­Տա­րի ­Հաց»ը, ո­րուն մէջ կը դրո­ւէր դրամ։
Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այ­սօ­րո­ւայ գա­թա­յի սո­վո­րու­թիւ­նը կու­գայ ­Կա­պա­դով­կիոյ հայր ­Բար­սե­ղի օ­րե­րէն։ Կ­՛ը­սո­ւի, թէ ան թշնա­մին դի­մագ­րա­ւելու հա­մար, կոչ ու­ղղած էր շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն, որ ի­րենց գո­հա­րե­ղէն­նե­րը տրա­մադ­րեն։ Իս­կա­պէս, բո­լո­րը սի­րա­յօ­ժար կ­՛ըն­դա­ռա­ջեն այս կո­չին եւ հա­ւա­քա­կան ճի­գը կը հե­ռաց­նէ թշնա­մին։ Այն ա­տեն, հայր ­Բար­սեղ փա­փա­քե­լով ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­դարձ­նել այդ թան­կար­ժէք գո­հա­րե­ղէն­նե­րը, ո­րոնց տէ­րե­րը կա­րե­լի չէր ան­շուշտ մէկ առ մէկ գտնել, կ­՛ո­րո­շէ զա­նոնք փոքր հա­ցիկ­նե­րու մէջ զե­տե­ղե­լով բաժ­նել, այն­պէս որ իւ­րա­քան­չիւր անձ իր բախ­տին ին­կա­ծը ստա­նայ։
­Բախ­տի կամ բախ­տա­ւո­րու­թեան ի­մաս­տը կը յատ­կան­շեն ա­մա­նո­րեան գրե­թէ բո­լոր սո­վո­րու­թիւն­նե­րը՝ ըլ­լան ա­նոնք ա­ռա­տու­թիւն խորհր­դանշող մրգե­ղէ­նով զար­դա­րո­ւած ճիւ­ղեր, հա­ցի­կի կամ պտու­ղի մէջ պա­տո­ւած դրամ, տան բո­լոր լոյ­սե­րը վա­ռե­լու կամ աղ­բիւր­նե­րը բա­նա­լու սո­վո­րու­թիւն ե­ւայլն։ ­Յատ­կան­շա­կան է նաեւ ա­մա­նո­րեան սե­ղա­նը մո­մե­րով զար­դա­րե­լը, ինչ որ կը խորհր­դան­շէ լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յի մը յոյ­սը։
Այդ լու­սա­ւոր հա­յա­վա­յել ա­պա­գան կեր­տե­լու տես­լա­կա­նը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար, ա­մէն հա­յու հո­գու պարտքն է գի­տա­կից յանձ­նա­ռու­թեամբ վերց­նել պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը։ Այս ­Նոր ­Տա­րին, անհ­րա­ժեշտ է, որ դառ­նայ ազ­գա­յին յաղ­թա­նա­կը տա­րի։
­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին, բնա­կան է ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման հարց չի ծա­գիր։ Ա­նոնց հզօ­րա­ցումն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը, ար­տա­գաղ­թի կա­սե­ցու­մը եւ Ար­ցա­խի հիմ­նախնդ­րի ար­դար հան­գու­ցա­լու­ծու­մը, ինչ­պէս նաեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու հա­տու­ցու­մը, սա­կայն, մար­տահրա­ւէր­ներ են ողջ հայ ազ­գին հա­մար։ Ս­փիւռ­քը ամ­րապն­դե­լով իր ինք­նու­թիւ­նը եւ հա­մա­հայ­կա­կան հա­յե­ցո­ղու­թեամբ կը պար­տի սա­տա­րել ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւէտ դի­մագ­րաւ­ման։
Ուս­տի, 2018ի Ա­մա­նո­րը ընդ­հա­նուր զօ­րա­կո­չի իւ­րա­յա­տուկ պահ է։ ­Գի­տեմ թէ մեր հա­յու սրտե­րը նոյն կշռոյ­թով կը բա­բա­խեն, մաղ­թե­լով մեր ազ­գա­յին իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։ Մ­տա­հոգ են, սա­կայն, ազ­գի եր­կու եր­րոր­դը կազ­մող սփիւռ­քա­հա­յու­թեան, ներ­կա­յի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, գո­յա­տեւ­ման գերխն­դի­րով։
Ի­րա­տես մօ­տե­ցու­մով կը նկա­տենք, թէ հայ­րե­նի հո­ղի ու­ժին պա­կա­սը, օ­տար ա­ռօ­րեան, հա­յա­ճա­նա­չու­թեան նա­հան­ջը բար­դա­ցու­ցած են 4րդ, 5րդ ­սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պա­նու­մը։ Հ­նա­րա­ւո՞ր է ար­դեօք ան­հա­մար օ­տար ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու դէմ յան­դի­ման նոր սե­րունդ­նե­րը ան­ցեա­լով կա­պել ա­պա­գա­յին։ Վս­տա­հա­բար դիւ­րին չէ։ ­Բայց, չէ՞ որ ը­սած են թէ մենք «ան­կա­րե­լիին» ազգն ենք։
Ե­կէք, ու­րեմն, վա­ռենք մեր մո­մե­րը, լու­սա­ւո­րե­լու հա­մար ազ­գա­յին մեր եր­թը։ ­Յատ­կա­պէս մենք՝ հայ մայ­րեր ու տա­տիկ­ներ, Հ.Օ.Մ.ի կա­մա­ւոր օրհ­նեալ բա­նա­կին խա­չու­հի­ներ, որ գի­տենք վա­ռել մեր մո­մե­րը ­Լու­սա­ւոր­չի ­Կան­թե­ղէն։ ­Քան­զի՝
«Երկ­նի ան­թիւ աստ­ղե­րէն, մերն է միայն ա­նի­կա» ինչ­պէս կ­՛ը­սէ բա­նաս­տեղ­ծը։
Ա­մէն օր կա­թիլ մը հա­յու­թիւն կա­թեց­նենք թան­կա­գին մեր ծի­լե­րուն հո­գի­նե­րուն մէջ։ «­Բառ մը ա­ւե­լի հա­յե­րէն, օր մը ա­ւե­լի կեանք ազ­գին հա­մար» կ­՛ը­սէ ­Մու­շեղ Իշ­խան։ ­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ե­թէ ճանչ­նան, ըստ կա­րել­ւոյն, ան­ցեա­լի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ու լաւ գի­տակ­ցին ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, փո­խա­նակ ձու­լո­ւե­լու օ­տար քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նե­նալ­նուն պատ­ճա­ռաւ, կրնան օ­տա­րին ծա­նօ­թաց­նել պա­տո­ւա­բեր մեր ժա­ռան­գու­թիւ­նը, հա­յուն տա­ղանդ­նե­րը եւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ պա­տա­հա­կան չէ, որ Եու­նես­քոն մեզ ո­րա­կած է «ստեղ­ծա­գործ» ազգ։
­Կա­րե­լի՞ է, սա­կայն, միայն ան­ցեա­լով ա­պա­գայ կեր­տել։ Ան­շուշտ ո՛չ։­Բայց ա­ռանց ան­ցեա­լի, բո­լո­րո­վին անհ­նա­րին է ազ­գի մը գո­յա­տե­ւու­մը։
­Հե­տե­ւա­բար, 2018ին մենք կո­չո­ւած ենք հեր­թա­կան ան­գամ փաս­տե­լու, թէ ար­ժա­նի ենք գո­յա­տե­ւե­լու ոչ իբր հա­յա­նուն բազ­մու­թիւն­ներ, այլ իբր ազգ ­Սար­դա­րա­պա­տի ան­նա­հանջ ո­գիով։
­Նոր ­Տա­րին, ու­րեմն, պէտք է դառ­նայ ա­ռա­ւել աշ­խոյժ ու գի­տակ­ցո­ւած հա­յա­կեր­տու­մի տա­րի, հա­յա­ճա­նա­չու­թեամբ ու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեամբ, ըն­տա­նի­քէն, դպրոց­նե­րէն, ե­կե­ղե­ցիէն եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րէն ներս, հե­տե­ւո­ղա­կան նպա­տա­կաս­լաց ճի­գե­րով։ ­Տանք նոր սե­րուն­դին ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թեաց ա­ռողջ են­թա­հո­ղը, որ­պէս­զի ար­դի մի­ջոց­նե­րու ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով, կա­ռու­ցեն ազ­գի ներ­կան եւ իւ­րաց­նեն հա­յա­վա­յել ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նը, ազ­գին հա­մար ­Յոյ­սի ­Նոր Է­ջը։
­Մաղ­թենք, որ 2018ն­ ըլ­լայ խա­ղաղ ու բախ­տա­բեր տա­րի բո­լո­րիս հա­մար եւ հա­մայն աշ­խար­հի հա­մար ու ազ­գա­յին մեր ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին ու­ժե­ղաց­նէ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ «­Հա­յու Ո­գին»։
Այն որ … ­Հա­մաս­տե­ղի ներշն­չու­մով
«­Հայ մայ­րե­րու գութ ու բա­րի ու միւ­ռո­նով լե­ցուն սրո­ւակ
աչ­քե­րէն է որ կը կա­թի։
Այդ ո­գին է որ կը գաղ­թէ, կ­՛ել­լէ ճամ­բայ
­Մեր երկն­քէն ու մեր հո­ղէն, ու կը գտնէ
Ուր հայ մը կայ ու ա­նոր հետ զրոյց կ­՛ը­նէ,
Ան կը ժպտի, ան կը տխրի, ու ա­նոր հետ ար­ցունք կու­լայ։
Ու կը հսկէ որ ոչ մէկ հայ չըլ­լա՛յ շե­ղի էն լոյս ճամ­բէն։
­Մեր ­Հո­գիի էն լոյս ճամ­բէն, որ մեր հո­ղին
Ու երկն­քին մեզ կը տա­նի
­Հա­յու Ո­գին»։