­Գե­ղե­ցիկ զու­գա­դի­պու­թեամբ մը, Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «Հ. Ու­շագ­լեան» եւ ­Ֆիք­սի «Ա. ­Գա­լուս­տեան» ազ­գա­յին ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, Ուր­բաթ՝ 7 ­Յու­նի­սին հիւ­րըն­կա­լե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը՝ «տօ­նա­կան աշ­խա­տա­նոց»ի խան­դա­վառ մթնո­լոր­տին մէջ։
Այս­պէս, Ուր­բաթ ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­քի­նիոյ ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը ներ­կայ ե­ղան հրա­ժեշ­տի հա­ւա­քին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ծնող­նե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միաս­նա­բար, ը­րին ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ եւ գծագ­րու­թիւն­ներ ու միա­սին ան­ցու­ցին ու­րախ ժա­մեր։
­Նոյն օ­րո­ւայ ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ա­նոնց ծնող­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան «տօ­նա­կան աշ­խա­տա­նոց»ին եւ հրա­ժեշ­տի վեր­ջին հա­ւա­քին։ Ա­նոնք եւս միաս­նա­բար, գծագ­րու­թիւն­նե­րով եւ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով զո­ւար­ճա­ցան եւ վա­յե­լե­ցին փոք­րիկ­նե­րու գոր­ծե­րը։
­Ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հրա­ւի­րած էր նաեւ այն բո­լոր ծնող­նե­րը եւ մատ­շաշ փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք ­Սեպ­տեմ­բե­րէն սկսեալ՝ ման­կա­պար­տէզ պի­տի յա­ճա­խեն։ Ա­պա­գայ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ըն­տե­լա­նա­լու ի­րենց նոր մի­ջա­վայ­րին հետ եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րու ճո­խու­թեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ