Հինգշաբթի, 27 Ապրիլի օրը, Յունաստանի Համազգայինի ընտանիքը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր վեթերան անդամներէն՝ Մայք Տիլզիսեանը։
Աւելի քան 40 տարիներու վաստակ դիզած ըլլալով հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս, Մայքը օրինակելի ծառայութիւն մատուցեց յունահայ գաղութի մշակութային կեանքի վերելքին համար, նշանակալից պատմութիւն արձանագրած ելոյթներու մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած ըլլալով, գրական ու գեղարուեստական գոհարներով, հայ երգի ու պարի բնագաւառներէն ներս գուրգուրանք տածելով հայ նոր սերունդին հանդէպ, բծախնդիր գործով, բայց եւ անսահման համբերութեամբ ու ընկերային իւրատիպ խառնուածքով։
Մայքի երեւումը յունահայ մշակութային կեանքին մէջ իր առաջին շողարձակումները ունեցաւ 70-ական թուականներուն, երբ ան մնայուն վերադարձաւ Գանատայէն եւ այնուհետեւ իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց իր շրջապատին մէջ։
Այն տարիներն էին, երբ Յունաստանի մէջ Համազգայինը կը հետեւէր համագաղութային կազմակերպչական նոր սկիզբին, եւ տեղական յանձնախումբի մը, մշակոյթի սիրահարներու շրջանակէն, կը դառնար կազմակերպական միաւոր՝ վարչական եւ գեղարուեստական զոյգ դիմագիծով։ Այս բոլորին լոյսին տակ, վարչութիւններուն մէջ Մայք պիտի երեւնար որպէս անդամ, եւ իր զօրաւոր անհատականութեամբ ու գործելու անսպառ ոգիով պիտի սատարէր Համազգայինի նուաճումներուն։
Միութեան այդ օրերու էջերը լի են փայլուն արձանագրութիւններով՝ բանաստեղծական ու գրական երեկոներու, համբաւաւոր Ալբակօ Նովելոյի հայ ճարտարապետութեան ներկայացումներու, Դանիէլ Վարուժանին ու Կոմիտասին նուիրուած անմոռանալի ելոյթներու, շարժապատկերի, երգչախմբային, թատերական ու պարային ձեռնարկներու ծաղկուն տարիներով։
Այս բոլորին մէջ կար Մայքի շեշտուած անհատականութեան կնիքը, բծախնդիր գործի, կատարեալին ձգտելու մարմաջն ու հետապնդումը, որոնք օրինակելի մատուցումով դրոշմ թողեցին յունահայ կեանքի մշակութային գործունէութեան վրայ։
Այդ բոլորը ըրաւ անշուք, անաղմուկ, առանց երբեք լուսարձակները իր վրայ քաշելու։ Սակայն, Մայքին շուրջ գտնուող իր գործակիցները գիտէին, թէ գործի յաջողութեան գրաւականը արդէն դրուած էր անոր կողմէ, իսկ ստացուած արդիւնքը պիտի ըլլար գերազանց ու գովելի։
Նոյնիսկ երբ այլեւս Համազգայինի ընտանիքը օժտուեցաւ աւելի երիտասարդ տարրերով, Մայքը հոն էր, պատրաստ իր պարտականութեան տէր կանգնելու, շինիչ խրատներ տալու, երիտասարդները գրկելու։ Անոնք ալ զգացին Մայքի գուրգուրոտ գիրկը, այն որ լայնօրէն իր մէջ առաւ մեծն ու պզտիկը, երգողն ու պարողը, բեմի սպասարկուն, ասմունքողն ու երաժիշտը, նորեկ կամ փորձառու վարչականը։ Բոլորին համար բարի խօսք մը կար, այն բարութիւնը, որ Մայքի նկարագրին անբաժանելի մասն էր, այն յատկանիշը, որ մինչեւ իր կեանքի վերջին տարիները պահեց անաղարտ ու անփոփոխ։
Ստորեւ, կու տանք Մայք Տիլսիզեանի անցեալի գործակիցներէն, անոր հետ ճամբայ կտրած ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեանի դամբանական խօսքը, որ արտասանուեցաւ հանգուցեալի թաղման օրը։ Գրութիւնը լաւագոյն կերպով կը գծէ Մայք Տիլսիզեան մարդուն եւ համազգայնականին կերպարը, որպէս մշակոյթի ծառայ, գաղափարական ընկեր, սրտամօտիկ բարեկամ, ազնուասիրտ անձ։
Անսակարկ նուիրեալին-ծառայողին՝ Մայք Տիլսիզեանին…
ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կ.
1922-ի Իզմիրի աղէտը հայ ժողովուրդի պատմական սեւ ու ճերմակ իրադարձութիւն-պատահար որպէս, անկիւնադարձային հանգրուան կարելի է կոչել անպայման…
Քանի ժողովուրդի մը, հայ ժողովուրդին մնացորդացին կէսէն ալ աւելին, 1915-ի այսպէս ըսուած՝ ցեղասպանական ահռելի սպանդէն ետք, երկրորդ անգամ հայրենահան ու վերջնականապէս հողէն ու բահ-բրիչէն բոլորովին կտրուած հայ ժողովուրդը այլեւս, կրկին անգամ ու ալ աւելի հեռաւոր ափեր հասնելու ուղին էր, որ կը ստիպուէր ընտրել:
Յար ու նման ձեւով Մայքի ապագայ ծնողքը՝ լի արկածախնդրական վտանգներն անտեսելով՝ մայրը (Ազատը) իր քրոջ հետ մազապուրծ ազատած կը յաջողին Իզմիրէն նաւով հասնիլ «Խիոս» յունական կղզին եւ ուր պատսպարան կը գտնեն «Relief»ի կողմէ տեղակայուած որբանոցէն ներս:
Դժբախտաբար, որոշ ժամանակ մը ետք, Մայքի մօրաքրոջ հիւանդութեան պատճառով, մայրը իր քրոջ դարմանման միջոցներ փնտռելու հարկադրանքէն պարտաւորուած, հազար ու մէկ դժուարութիւններ յաղթահարելով վերջապէս կը յաջողին Փիրէա-Աթէնք հասնիլ, ուր դժբախտաբար քոյրը փրկելու համար գործադրուած բոլոր միջոցառումները ի թերեւ կ՚ելլեն ու կը մեռնի…
Հոս՝ Աթէնք, որոշ տարիներ ետք, պատեհ առիթով մը բախտը կ՚ունենայ ճանչնալու Մայքին ապագայ հայրը (Պաղտասարը), որ ան ալ բազմազան չարչարանքներէ ետք եկած ու հաստատուած էր Աթէնք, ու կ՚որոշեն իրենց բախտերը միացնել պսակադրութեամբ ու ապա հաստատուիլ «Տուրղութի»:
Անորոշութեան մէջ կատարուած այս ոստումն է, որ անոնց այս նոր փորձառութիւնն էր, որ կը վերածուէր Մայքի ծննդոցին տուն տուող պատճառին, 1937-ին:
Յաջորդաբար Մայք Տիլսիզեանը իր մանկութենէն՝ պատանութեան-երիտասարդութեան տարիները բոլորելէ ետք, երբ իր արմատախիլ ապագայ գոյութիւնը տնօրինելու փոխընտրութեանց երախտիքներու չգոյութեան մը առջեւ կը գտնուի, այս պարագային կ՚որոշէ այս անգամ որպէս «տնտեսական պանդուխտ» տեղափոխուիլ Գանատա 1956-ին ու ասպարէզ կը գտնէ ոսկերչութեան ծիրէն ներս, կատարելագործելով իր արհեստագիտական բոլոր հետաքրքրութիւնները զինք հասցնելով բծախնդիր վարպետի մը:
Հոն բախտը կ՚ունենայ նաեւ իր սերնդակից եգիպտահայ գաղթական-պանդուխտներու հետ եւս յարաբերուիլ ու անոնցմով շաղուիլ:
Ատլանտեան ովկիանոսէն անդին ծաւալող հայութիւնը ու մանաւանդ այլասերման անոր բոլոր դաժան կարելիութիւններուն դիմաց երբ Մայքը կը զգար որ առանձին ու անօգնական է մնացած, ան իր սոսկական հայու գոյութիւնը պահելու-պահպանելու բացառիկ բնազդային մղումով մը, կը յարի «Համազգային ընկերութեան» շարքերուն որ արդէն հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթական խլեակներուն ոգեղէն պատուարն ու պաշտպանն էր դարձած, 1928 Մայիս 28-ին Գահիրէի մէջ հիմնուելէն ետք, ինչ որ մշակոյթի եւ կրթութեան ճամբով հայապահպանում ու հայակերտում առաջադրելով՝ առաւել պետականութեան բացը դարմանելով եւ դեռ աշխարհացրիւ հայութեան ազգային-քաղաքական պահանջները հետապնդելով:
Տարագիր ու ցիրուցան եղած հայութիւնը այնուհետեւ քայլ առ քայլ պիտի կազմակերպուէր, պիտի միանար, կառուցանելու համար մէկ հայութիւն, ապագայի նոյն տեսլականով:
Մայքին համար ապագայի տենչը ունենալու տեսլականը՝ ապազգայնացնող, ահաւոր պայմաններու դիմաց՝ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մարգարէացում էր ու միաժամանակ ոգեզինացում՝, անսակարգ նուիրում:
Ու զինուորագրուեցաւ «Համազգայինին» ու որպէս հաւատաւոր ուխտեալ ծառայեց անոր անսակարկ:
Մայք Տիլսիզեանը կը վերադառնար Յունաստան 1970-ին ու այդ ժամանակաշրջանին էր, որ Յունաստանի «Համազգայինն» ալ որոշած էր վերաքննութեան ենթարկել իր ծրագիր-կանոնագիրը, արդէն Յունաստանի դատական ատեանին յանձնած կը սպասէր անոր վաւերացման որը բարեբախտաբար իրագործուեցաւ ան, հետեւաբար Յունաստանի «Համազգայինն» ալ որպէս Շրջանային վարչութիւն կը գործէր Սուրիոյ, Լիբանանի, Գանատայի, Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու կողքին եւ որուն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Մայքը:
Ժամանակը հասած էր:
Նորերը կամաց-կամաց փոխարինելով հիմնադիրները կը շարունակէին յառաջխաղացքը:
Բնութեան իսկ օրէնքով, մշտափոփոխ-յարափոփոխ կեանքը նոյն հունով կ՚ընթանար ու վերանորոգուած կառոյցով մը կրկին ու միշտ Մայքն ալ այս հանգրուանին եւս, նոյն արմատներուն յենած ու թեւերը սոթտած կը գործէր ու նորագրեալ անդամներու մասնակցութեամբ «Համազգային»ի ուռճացման համար կը տքնէր:
Վերանորոգման նոյն աւիշով կենսաւորուած «Համազգային»ը ինքզինքն էր, որ կը հաստատէր եւ իր լրիւ անդամներու մասնակցութեամբ քանի անոնք՝ պարախումբին, թատերախումբին, երգչախումբին ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպչական յանձնախումբին մասնակցող անդամներն էին:
Մշակութային նորաստեղծ իրադրութեանց պայմաններուն մէջ, «Համազգային»ի գործունէութիւնը վստահ որ կրկնակ գործունէութեամբ, ճիգի կրկնակ լարումի ու ընդհանուր զօրաշարժ մըն էր, որ ի սպառ ենթարկուած էր. Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ քանի ժամանակները այդ կը պահանջէին, երբ մանաւանդ յաջորդող տարիներու ընթացքին, տարուէ-տարի ալ աւելի կը բազմանային օտար երկիրներու կողմէ ճանաչումներու հոսանքը՝ «Հայոց ցեղասպանութեան» ուղղութեամբ:
Այդպէս էին բոլոր մեծ գործերը. երկու լծակներու վրայ է որ կը յենուին՝ երազին ու աշխատանքին՝ «աշխատանքը առանց երազի երկրի մէջ կը մնայ, իսկ տեսիլքը առանց աշխատանքի երկինքին մէջ կը մնայ» հետեւաբար ամէն աշխատանքի արդիւնք, որպէս շէնք ու կառուցում կը նկատուի՝ երազին մարմնաւորումը՝ բոլորին աշխատանքով:
Այդ մարմնացումն էր նաեւ Մայքը երազի, ձգտումի ու անսպառ աշխատանքի ճամբով ու մանրամասն քննելով «Համազգային»ի կողմէ կատարուած որեւէ ձեռնարկ:
Այսպէս ահա, բախտորոշ ճակատագրին յանձնուելէ ետք շնչասպառ կը մեկնի տքնաջան մահկանացուն, որն իր պարտաւորութիւնները լրիւ կատարել-յանձնելէն ետք:
«Համազգային»ի հարիւրաւոր անդամ-անդամուհիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխութեան Դաշնակցութեան Յունաստանի գերագոյն պատասխանատու մարմնոյ, ինչպէս «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի-կոմիտէութեան ու հարիւրաւոր գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներուն կողմէ բարի ճանապարհ:
Ու հողդ թեթեւ, հապա ցաւակցութիւններ՝ իր բոլոր հարազատներուն ու պարագաներուն: