Կէս լուրջ — կէս կատակ
Համացանցային որսորդութիւններ
Մայրի՞կ… կրնա՞մ այսօր նանիին տունը քնանալ…
ՄԻՆՍԱՐ
— Մայրի՞կ… կրնա՞մ այսօր նանիին տունը քնանալ…
Լսեցի առաւօտուն ինքնաշարժիս մէջ իրեն դպրոց տարած ժամուս…
Երբ յաջողեցայ դառնալ եւ աղջկանս հարցական երեսը տեսնել, անդրադարձայ, որ բոլորովին անմեղութեամբ ըրած իր այս մէկ հարցումով յաջողած էր ինծի դէպի ետ ուղեւորել… դէպի անցած տարիները…
Այլեւս մօտս չէր…
Ճամբորդած էր հեռո՜ւ…
Ե՞րբ անցաւ ժամանակը…
Մենք… չափահասներս… որքա՞ն արագ կարողացանք վերածուիլ… ձանձրանալի… անմիտ… անիմաստ ու անպէտք առաջնահերթութիւններով լեցուն արարածներու…
Ամէն օր կը ճգնինք բաներու մասին… որոնց կարեւորութեան համար նոյնիսկ մենք մեզի չենք կարողացած համոզել… որ իսկապէս իրենց պէտքութիւնը ունինք…
Նամանաւանդ… երբ իրականութեան մէջ…
Երջանիկ ըլլալու մեր միակ պէտք ունեցածը…
Մեր նանիին տունն է…
Նանիին տո՜ւնը…
Հոն… ուր մեզի հետ միասին… ժամացոյցին սլաքներն ալ արձակուրդ կ’ունենան… վայրկեանները անհոգութեամբ… անգերազանցելիօրէն կ’անցնին…
Նանիին տունը… հոն… ուր պարզ ալիւրով շաղած իր հացը… կարծես տարբեր համ կ’ունենայ… կարծես… աւելի համով կ’ըլլայ…
Նանիին տունը… հոն… ուր ամէնօրեայ սովորական երեկոյ մը… կրնայ վերածուիլ… երեւակայական խաղերու լման աշխարհի մը…
Նանիին տունը… հոն… ուր խոնաւ պահարանները… իր հինցած ու մաշած հագուստներուն կողքին… կը պահէն նաեւ… առեղծուածային գործիքներ…
Նանիին տունը… հոն… ուր գոց տուփերը… բացայայտուելու պատրաստ… գաղտնի գանձերու կը վերածուին…
Նանիին տունը… հոն… ուր խաղալիքները հազուագիւտ անգամներ պատրաստ կ’ըլլան… ու սովորաբար տեղւոյն վրայ կը հնարուին…
Նանիին տունը… հոն… ուր ամէն բան… զարմանալիօրէն կ’իրականանայ… եւ կախարդութիւնը կը պատահի… առանց որեւէ մտահոգութեան…
Նանիին տունը… հոն… ուր մէկտեղ կը գտնուին մեր ծնողքի փոքր տարիքի մնացորդացը… ու… մեր կեանքի նախաքայլը…
Նանիին տունը… հոն… ուր կը գտնուի մեր զգացումներուն ամենախորին գուրգուրանքը… հոն… ուր ամէն ինչ արտօնուած է…
Դժբախտաբար… այս պերճութիւնը… այլեւս ինծի չի պատկանիր…
Նանիս հետս կ’ապրի… յիշողութիւններուս մէջ միայն…
Բայց… նոյնիսկ այնպէս…
Եթէ կարենայի ցանկութիւն մը ունենալ…
Վերջին ցանկութիւն մը…
Միեւնոյն ցանկութիւնը պիտի ունենայի…
— Մայրիկ, կրնա՞մ այսօր նանիին տունը քնանալ…
minsar55@gmail.com