Գնա՛ մեռիր եկո՛ւր սիրեմ…
ՄԻՆՍԱՐ
Գործը արդէն երէկուընէ կարգադրուած էր: Իրմէ խնդրեցին, որ՝ «վարպետ, ի՞նչ կ‘ըլլայ, հատ մը գործատունէն անցիր եւ սա մեր մեքենային «աչք մը նետէ»: Կարծես շիտակ չաշխատիր կոր»:
Չի կրցաւ մերժել: Կը տեսնես Հարուստեան եղբայրները իր լաւ յաճախորդներէն էին: «Լաւ, վաղը առտու կ‘անցնիմ», ըսաւ:
Առաւօտուն, կանուխէն ելաւ եւ զաւակները համբուրելէ ետք, կնկան պատուիրեց.
— Նայիր հա, ես խանութ չգացած, մէկ հատ Հարուստեան եղբայրներուն գործատունէն պիտի անցնիմ, մեքենանին աւրուեր է եղեր: Երթամ նայիմ ինչ ունի: Հաճիս այսօր ինծի մի խանգարեր:
— Լաւ, ըսաւ կնիկը եւ իրեն համբուրելով ճամբայ դրաւ:
Գործատուն հասան, ինքը առջեւէն օգնականն ալ ետեւէն ու գործի անցան:
— Եկուր նայինք սա զըխըմը ինչ ունի, ըսաւ օգնականին:
— Այո՛ վարպետ, հնազանդութեամբ պատասխանեց օգնականը:
Մեքենային առջեւը ծունկի եկաւ ու անմիջապէս գործի անցաւ:
Բաւական ժամ անց, թէեւ ձեռքերը մրոտած եւ քրտինքներուն մէջն ալ մնացած էր, տակաւին չէր յաջողած ծայր մը գտնել:
Անպիտան մեքենային կարծես թէ էշու տամարը բռնած էր եւ շինուելու նպատակ չունէր:
Ասանկ փորձեց, անանկ փորձեց… անօգուտ:
— Վարպետ, միթէ թէլը աւրուած է, հարցուց օգնականը:
Առանց պատասխանելու, օգնականին ծուռ — ծուռ նայեցաւ, մէկ կողմ քաշուեցաւ ու սիկարէթ մըն ալ վառելով սկսաւ մտածել:
Նոյն վայրկեանին լսուեցաւ իր բջիջային հեռաձայնին կանչը:
— Ձեռքերս աղտոտ են, նայիր ո՞վ է, ըսաւ օգնականին:
— «Մայրիկ» կ‘ըսէ կոր վարպետ, ըսաւ օգնականը, հեռաձայնին պաստառը նայելէն ետք:
— Գոցէ-գոցէ, հիմակ ժամանակ չունիմ: Գործ ունինք, գործ:
«Սա կնիկը զարմանալի է հա, ծօ տակաւին երէկ քովն էի: Ի՞նչ կ‘ուզէ կոր նորէն: Ուրիշ գործ չունի կը հեռաձայնէ՞ կոր: Թող սպասէ, յետոյ կը հեռաձայնեմ», մտածեց ջղայնացած:
Իսկապէս ալ՝ «երէկ» քովն էր: Խանութը գոցելէն ետք, պապենական տունէն անցած էր: Ասանկ՝ ոտքի վրայ:
— Ինչ ունիս տղաս, նեղուած կ‘երեւիս կոր:
— Բան չունիմ մայրիկ, յոգնութենէս է: Ամէն ինչ լաւ է:
— Սիրած ճաշդ շիներ եմ: Պնակ մը դնե՞մ որ ուտես:
— Չէ մայրիկ, չէ, անօթի չեմ: Ասանկ անցայ քիչ մը քեզի տեսնելու: Դուն բան մը կ‘ուզե՞ս:
— Իմ ուզածս արդէն դիմացս կայներ է տղաս, ուրիշ ի՞նչ պիտի ուզէի, ճակատէն համբուրելով ըսաւ մայրը, ըսէ նայիմ, կ‘ուզե՞ս ասանկ համով սուրճիկ մը շինեմ, որ միասին խմենք:
— Չէ մայրիկ, չէ, սուրճ չեմ ուզեր, շնորհակալ եմ: Ուրիշ անգամ կը խմենք: Արդէն պէտք է որ կամաց-կամաց տուն երթամ:
Թէեւ իր մայրիկին հետ կը խօսէր, խելքը-միտքը սակայն՝ իր վաղուան ունեցած գործերուն վրայ էր: Համբուրուեցան եւ մեկնեցաւ:
Դարձեալ լսուեցաւ իր բջիջային հեռաձայնին զանգը:
— Օհօ՜օ՜օ՜, նայիր, որ ասոնք մեզի այսօր աշխատիլ պիտ’ չձգեն: Ո՞վ է ծօ նորէն: Հարցուց օգնականին:
— Չեմ գիտեր վարպետ, թիւը անծանօթ է: Պատասխանե՞մ:
— Ոչ, չպատասխանես: Գոցէ եւ հեռաձայնս ալ բոլորովին անջատէ ցանցէն: Մինչեւ սա մեքենան չկարգաւորենք, չեմ ուզեր ոեւէ մէկը ինծի խանգարէ:
Ծխած սիկարէթը վերջացուց ու անգամ մը եւս անցաւ վնասուած մեքենային առջեւը:
Բաւական ժամ չարչարուելէն ետք, վերջապէս յաջողեցաւ կարգի բերել: Ժամը արդէն շատոնց երեկոյեան եօթն անցեր էր:
— Ի՜ւֆ, ժամը արդէն բաւական անցեր է եղեր. ասկէ ետք ուրիշ որեւէ գործի չենք հասնիր երթալու, ըսաւ օգնականին, հատէ նայիմ, գործիքները հաւաքէ, որ խէրով-բարով ելլանք երթանք:
Ինքնաշարժին մէջ, վերադարձի պահուն, հեռաձայնը դարձեալ ցանցին միացուց:
— Նայինք մեզի ո՞վ հեռաձայներ է այսօր, ըսաւ:
Մէկ — երկու հեռաձայներ նոյն անծանօթ թիւէն եւ քանի մը հատ ալ իր կնկան կողմէն: Հեռաձայնեց տուն: Պատասխանող չեղաւ: Կնկան բջիջային հեռաձայնին հետ կապուեցաւ:
— Ինծի փնտռեր ես. խէր ըլլայ, ո՞ւր ես:
— Հիւանդանոց…
— Հիւանդանո՞ց, պզտիկնե՞րը: Հարցուց մտահոգուած:
— Ոչ, ոչ, մենք բոլորս ալ լաւ ենք…
— Հապա՞…
— Մայրիկը… կրցածիդ չափ արագ հիւանդանոց եկուր:
Կէս ժամէն հիւանդանոց հասաւ ու հանդիպեցաւ կնկան:
— Ի՞նչ պատահեցաւ, ո՞ւր է մայրիկս…
— Խնդրեմ պաղարիւն մնացիր… մայրիկը…
— Մայրի՞կը… ի՞նչ պատահեցաւ մայրիկիս…
— Մայրիկը այլեւս մեր մօտը չէ… կեանքը մեզի եղաւ…
— Բայց ինչպէ՞ս… ե՞րբ… ես ինչո՞ւ լուր չունեցայ…
— Այս առաւօտ քիչ մը անհանգիստ զգալով, քեզի հեռաձայներ է, սակայն չես պատասխանած: Ուրեմն դրացիէն խնդրեր է, որ իրեն հիւանդանոց տանի: Կնիկը ափալ-թափալ իրեն հիւանդանոց բերեր է ու ապա ուղղակի ինծի հեռաձայներ է:
— Մարդ Աստուծոյ, ինչո՞ւ ինծի ալ լուր չէ տուած:
— Թէ՛ ինքը եւ թէ ալ հիւանդանոցին բժիշկները, քեզի քանի մը անգամ հեռաձայներ են, սակայն հեռաձայնդ անջատեր ես եղեր:
Չխօսեցաւ: Ամբողջ մարմնով ինկաւ աթոռի մը վրայ ու գլուխն ալ ձեռքերուն մէջ առնելով, սկսաւ ցած ձայնով լալ:
Մտածեց մօրը յաճախ գործածած, սովորական մէկ խօսքը:
«Տղաս, բանը բանէն անցնելէն ետք, նեղանալդ կամ վշտանալդ օգուտ մը չունին: Այն ատեն՝ «գնա՛ մեռիր եկո՛ւր սիրեմ կ‘ըլլայ»:
Որքա՜ն զղջած այդ չխմած սուրճին համար:
Այդ երէկուան սուրճին համար, որ իր մայրիկը այդքա՜ն փափաքած էր, որ միասնաբար խմեն:
Իսկ հի՞մա…
Հիմա… ինքը ժամանակ պիտի ունենար սուրճեր խմելու… բաւական սուրճեր խմելու, բայց դժբախտաբար… առանց իր մայրիկին:
* * *
Սիրելիներս, դուք, որ տակաւին բախտը ունիք ձեր մայրիկները ձեր մօտ ունենալու, կրցածնուդ չափ հետը սուրճ խմեցէք… ամէն առիթով սուրճ խմեցէք:
Որովհետեւ դժբախտաբար պիտի գայ օրը, որ թէեւ դուք բաւական ժամանակ պիտի ունենաք, սակայն ձեր մօտ պիտի չունենանք ձեր մայրիկները, իր ձեռքերէն պատրաստուած, ասանկ՝ «համով սուրճիկ մը խմելու» համար:
Երբե՛ք որպէս տուեալ մի՛ ունենաք իր գոյութիւնը:
Կը տեսնէք… գոյութիւնը յաւիտեան չէ:
Աստուած թող հոգին լուսաւորէ, մեր հանգուցեալ բոլոր հայ մայրիկներուն:
minsar55@gmail.com