Կազմակերպութեամբ Հայ Գթութեան Խաչի տեղական մասնաճիւղին, տարիներու աւանդութիւն դարձած «Մայրերու օր»-ը, այս տարի եւս նշուեցաւ մեծ շուքով։
Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Գոմոթինիի հայ համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն։
Ներկայ էին Թաղային խորհուրդի անդամներ, Հ. Գ. Խ. անդամներ, Մշակութային միութեան ներկայացուցիչներ, շրջանի միօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմը, մայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք եկած էին հաճելի եւ ընտանեկան մթնոլորտ մը վայելելու իրենց զաւակներուն ներկայացնելիք գեղարուեստական յայտագիրով։
Ելոյթի բացման խօսքը արտասանեց Հայ Գթութեան Խաչի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Հերմինէ Գույումճեան՝ «Մայր» անուանելով մայր եկեղեցին, մայր հայրենիքը, մայր լեզուն եւ մայրաքաղաքը, ապա շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ երբ 100 տարի առաջ Լավրիօ քաղաքին մէջ Հ.Գ.Խ.-ը իր առաքելութիւնը սկսաւ, առաջին քայլը եղաւ հայ ժողովուրդի որբացաց բոլոր զաւակներուն մայրութիւն ընել, որպէսզի հայ առաքինի, հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի ու հայապահպանումի գիտակից զաւակներ մեծնան։ Իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց Հ.Գ.խ.-ը որպէս մայրական մեծ կազմակերպութիւն, որ մինչեւ այսօր այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ։ Ան նաեւ դրուատեց մայրերը եւ մեծ մայրերը իրենց նուիրուածութեան համար։
Աւանդութեան համաձայն, Հայ Գթութեան Խաչը պարգեւատրեց իր վարչութեան անդամուհիներէն ընկ. Ալինա Պօղոսեանը՝ իր երկար տարիներու նուիրուածութեան համար։
Յայտագիրը ներկայացուց միօրեայ վարժարանի տեսչուհի Ռուզաննա Զոհրապեան, ապա Գոմոթինիի փոքրիկներու երգչախումբը երգեց «Հայ եմ» երգը։
Միօրեայ վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւնով, ինչպէս նաեւ՝ խումբ մը երիտասարդ աղջիկներու կողմէ ներկայացուեցաւ մայրերուն նուիրուած յուզիչ երգ մը, որուն մասնակցեցան միօրեայ վարժարանի աշակերտները։
ԹՂԹԱԿԻՑ