«Մայրերու Օր»ուան առթիւ սրտագին կոչ հայ մօր

«Մայրերու Օր»ուան առթիւ սրտագին կոչ հայ մօր

0
3129

ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ — ԱՇՐԵԱՆ

­Սի­րե­լի հայ մայր,
­Դուն, որ Աս­տու­ծոյ կամ­քով ծնունդ ես տո­ւեր հա­յոր­դիի մը եւ ա­մէն օր քիչ առ քիչ քու կեանքդ կու­տաս, որ­պէս­զի ան դառ­նայ լաւ մարդ, դի՛ր, քու ան­սահ­ման նո­ւի­րու­մովդ, ա­նոր մատ­ղաշ հոգ­ւոյն մէջ ա­ռա­ջին թան­կա­գին սեր­մե­րը գի­տա­կից ու հայ­րե­նա­սէր հայ նոր սե­րուն­դի մը կազ­մա­ւոր­ման ի խնդիր:
Ե­թէ բախ­տը ու­նիս հայ­րե­նի հո­ղին վրայ շնչող եւ հայ­կա­կան մթնո­լոր­տով յա­գե­ցող զա­ւակ մեծցնե­լու, փո­խան­ցէ ա­նոր մայր հայ­րե­նի­քի ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէք ըլ­լա­լու ճշմար­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ի­մա­նայ, թէ միակ ու­ղիղ ճա­նա­պար­հը գի­տա­կից պայ­քարն է ա­մէն տե­սա­կի դժո­ւա­րու­թեան ու թշնա­միի դէմ, հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան ու հզօ­րաց­ման հա­մար: ­Տար­բեր ընտ­րանք­նե­րը կ­‘ա­ռաջ­նոր­դեն միայն օ­տա­րու­թեան դառ­նու­թիւ­նը ճա­շա­կե­լու, մի­լիո­նա­ւոր հայ­րե­նա­զուրկ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան նման:
Իսկ ե­թէ սփիւռ­քա­հայ մայր ես, դի՛ր քու ան­խառն մայ­րա­կան սի­րովդ զաւ­կիդ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­մուր հի­մե­րը: ­Քան­զի օ­տար ա­փե­րու վրայ ծնած ու հա­սակ նե­տող նոր սե­րուն­դին հա­յա­կեր­տու­մը, օ­րօ­րո­ցէն սկսեալ, սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն է ա­մէն սփիւռ­քա­հա­յու հա­մար եւ յատ­կա­պէս քե­զի է վե­րա­պա­հո­ւած ա­ռա­ւե­լա­բար այդ պա­տի­ւը, բայց եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը:
Ե­թէ շրջա­նիդ մէջ գո­յու­թիւն ու­նի հայ վար­ժա­րան, շրջան­ցե­լով ա­մէն խո­չըն­դոտ՝ ա­ռաջ­նոր­դէ՛ զա­ւակդ այն­տեղ, ո­րով­հե­տեւ հայ վար­ժա­րա­նը, գե­րա­գոյն ար­ժէք ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի, «ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին ազ­գա­յին սրբա­վայր է եւ գա­ղու­թի մը ող­նա­սիւ­նը»,- ինչ­պէս կը շեշ­տէ Ա­րամ Ա.՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը իր 2006ի հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մին մէջ:
Ե­թէ նոյ­նիսկ միայն միօ­րեայ վար­ժա­րան գո­յու­թիւն ու­նի քա­ղա­քիդ մէջ, մի՛ ստո­րագ­նա­հա­տեր զայն: ­Միօ­րեա­ներն ալ նո­ւա­զա­գոյն ժա­մե­րու մէջ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւն­քի հաս­նե­լու ձգտող հա­յա­կեր­տու­մի օ­ճախ­ներն են:
Մ­շա­կէ՛ զաւ­կիդ հոգ­ւոյն մէջ աշ­խար­հի ա­ռա­ջին պե­տա­կա­նօ­րէն քրիս­տո­նեայ ազ­գին զա­ւա­կը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ հպար­տան­քը, զայն միշտ պա­հե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ հո­վա­նիին ներ­քեւ, որ­պէս­զի իր կեան­քը պայ­ծա­ռա­նայ ­Լու­սա­ւոր­չի կան­թե­ղին լոյ­սով, քան­զի ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի տո­ղե­րով՝ «Երկ­նի ան­թիւ աստ­ղե­րէն, մե´ր­ն է միայն ա­նի­կա»:
­Պա­հէ՛ զա­ւակդ մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ազ­գափր­կիչ մթնո­լոր­տին մէջ եւ փո­խան­ցէ ի­րեն ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ազ­նո­ւա­կան ո­գին:
«­­Լի­նե­լու թէ չլի­նե­լու» վճռո­րոշ պա­հեր ապ­րած է — դա­րա­ւոր մեր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին — ցե­ղաս­պա­նո­ւթեան են­թար­կո­ւած, բայց յա­րու­ցեալ մեր ազ­գը: Ա­մէն ան­գամ, սա­կայն, նոր զար­թօն­քով մը վե­րա­կանգ­նած է իր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը:
Ուս­տի այժմ, երբ ճա­կա­տագ­րա­կան պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ, ազ­գի 3/4ը հայ­րե­նի­քէն հե­ռու կ­‘ապ­րի, մէ´կ­ է միայն ճա­նա­պար­հը՝ ինք­նա­ճա­նա­չում, սերտ կա­պեր հայ­րե­նի­քի եւ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի հետ, ազ­գա­յին վե­րած­նունդ հի­մա: ­Վա­ղը՝ ուշ կրնայ ըլ­լալ:
Ը­սէ՛, ու­րեմն, սի­րե­լի հայ մայր, քու պատ­մա­կան «ա­յո՛»ն­ ան­ցեա­լի կո­չին, տո՛ւր ա­մէն գնով ու յա­րա­տեւ կեր­պով գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին ծա­ռա­յե­լու խոս­տումդ մո­խիր­նե­րէն վե­րա­շի­նո­ւած ու վե­րա­ծաղ­կող հայ­րե­նի­քիդ ա­ղեր­սին: ­Խոս­տա­ցի՛ր մեր ա­լե­հեր ­Մա­սի­սին, որ պի­տի դաս­տիա­րա­կես զա­ւակդ մես­րո­պեան շուն­չով, որ­պէս­զի ան մայ­րե­նի լե­զո­ւի մի­ջո­ցով ծա­նօ­թա­նայ մեր հի­նա­ւուրց ազ­գի պատ­մա­կան պա­տո­ւա­բեր ան­ցեա­լին ու բարձ­րո­րակ մշա­կոյ­թին, սի­րէ իր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ գի­տակ­ցօ­րէն բարձր պա­հէ իր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, թէ­կուզ իբ­րեւ օ­րի­նա­կե­լի օ­տար քա­ղա­քա­ցի, մեզ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րուն մէջ:
Յս­տակ է, ու­րեմն, հայ մայր, թէ մեծ է ա­ռա­քե­լու­թիւնդ ազ­գի ա­պա­գա­յին հետ առն­չո­ւող ճա­կա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ: ­Զի­նո­ւէ՛ ա­ռա­ւել նո­ւի­րու­մով, կամ­քով ու հա­ւատ­քով, ո­րով­հե­տեւ դո՛ւն պի­տի պատ­րաս­տես վա­ղո­ւան հա­յը օ­րօ­րո­ցէն սկսեալ:
­Հա­ւա­տա՛, որ ո՛չ մէկ ար­գելք այն­քան զօ­րա­ւոր է, որ թու­լու­թիւ­նը կամ օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը պատ­ճա­ռա­բա­նէ:
­Հա­յեացքդ ուղ­ղած միշտ դէ­պի բիբ­լիա­կան Ա­րա­րա­տի մայր հայ­րե­նի­քիդ՝ քու ան­սահ­ման սի­րովդ, դի՛ր զաւ­կիդ հոգ­ւոյն ու մտքին մէջ ­Հայ ­Դա­տի եւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցնե­րու ար­դար լուծ­ման թի­րա­խը եւ Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին մեր ե­րա­զին ի­րա­կա­նա­ցու­մը:
Ես ալ սփիւռ­քա­հայ մայր եւ ար­դէն մեծ մայր ըլ­լա­լով՝ քաջ գի­տեմ, թէ օ­տա­րու­թեան մէջ չա­փա­զանց դժո­ւար է հայ­րե­նի­քը բե­րել տու­նե­րէն ներս: Կր­նանք բե­րել, սա­կայն, ­Հա­մաս­տե­ղի ներշն­չու­մով այն ո­գին «…որ կը գաղ­թէ, կ­‘ել­լէ ճամ­բայ մեր եր­կին­քէն ու մեր հո­ղէն…»:
­Մեր հո­գի­նե­րուն մէջ պի­տի գտնենք զայն «ար­ձա­գան­գի պէս թաք­նո­ւած» հա­յու ո­գին:
«­­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան ա­ռի­թով, ի սրտէ կը մաղ­թեմ, սի­րե­լի հայ մայ­րեր, որ բո­լորս յա­ջո­ղինք ար­ժա­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րը դառ­նալ այն հայ մայ­րե­րուն, որ դէ­պի ստոյգ մահ քա­լե­լով հան­դերձ, պա­հե­ցին թան­կա­գին այդ Ո­գին, իբր ազ­գա­յին հա­ւա­տոյ հան­գա­նակ:
­Հեր­թը մե´րն­ է հի­մա՝ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ փո­խան­ցե­լու զայն յա­ջոր­դ ­սե­րունդ­նե­րուն: