­Հայ Գ­թու­թեան Խա­չի Գո­մո­թի­նիի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վարչու­թիւ­նը, Կի­րա­կի՝ 20 Մա­յիս 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30ին, ազ­գա­յին սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց Մայ­րե­րու տօ­նը։ Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ Պա­րէտ Քհնյ. Խա­չե­րեան, Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան Մատ­թէո­սեան եւ ան­դամ­ներ, Հայ Գ­թու­թեան Խա­չի Շրջ. Վարչու­թեան ան­դամ տիկ. Հեր­մի­նէ Գու­յում­ճեան, խա­չու­հի­ներ ու գնա­հատե­լի թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։
Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. Թու­լա Խա­չա­տու­րեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ ներ­կա­յա­ցուց նո­րըն­տիր վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը։ Ան իր խօս­քին մէջ յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ մօր մը սուրբ ա­ռա­քե­լու­թեան ու պար­տա­կա­նու­թեան մա­սին։ Մայ­րը հիմքն է ըն­տա­նի­քին։ Ա­պա հեր­թա­բար հրա­ւի­րեց Քա­հա­նայ հայ­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու Շրջ. Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հին, որ­պէս­զի փո­խան­ցեն ի­րենց ող­ջոյ­նի ու շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րը։
­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին վար­չու­թիւ­նը այս տա­րո­ւան հա­մար «­Մօր» յա­տուկ յու­շա­նո­ւէ­րով մը պա­տո­ւեց ե­րից. Մա­րալ Խա­չե­րեա­նը։ Ետ­քը հայ­կա­կան միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ներ­կա­յա­ցուցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր, գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չու­հի տիկ. Ռու­զան­նա Զոհ­րա­պեա­նի։ Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ հիւ­րասի­րու­թիւն եւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ