Մայիս 28-ի տօնը նշուեցաւ Յունաստանի մէջ

0
68

Շա­բաթ, 27 Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, Ֆիք­սի «Ա. Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք, նո­ւի­րո­ւած Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի հռչակ­ման 105-րդ տա­րե­դար­ձին։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. Միու­թեան Ֆիք­սի «Դրօ» խում­բին կող­մէ։ Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի, շրջա­նի կո­մի­տէի, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ պա­տա­նե­կան խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը եւ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը։
Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. Սա­մո­ւէլ Սա­մո­ւէ­լեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Մա­յիս 28-ի խոր­հուր­դին ու պատ­մա­կան ար­ժէ­քին, ա­պա ան յայտ­նեց հայ կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սա­դու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը տէր կանգ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ինք­նիշ­խա­նու­թեան, դէմ ըլ­լա­լով ատրպէյ­ճա­նա­կան ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն։
Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով։
Կի­րա­կի, 28 Մա­յի­սին, Ա­թէն­քի, Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 105-րդ տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով։ Պա­տա­րա­գիչ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը անդրա­դար­ձան ան­կա­խու­թեան ի­մաս­տին, վեր առ­նե­լով 1918-ի հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման հե­րո­սա­պա­տու­մը։
Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ արք. Խա­չե­րեան նա­խա­գա­հեց Ֆիք­սի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած պա­տա­րա­գին եւ օ­րո­ւան պատ­շաճ քա­րո­զով խօ­սե­ցաւ մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դին մա­սին։