«­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 29 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Հ­նա­գի­տա­կան ­Թան­գա­րան»ի շրջա­բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան 101րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, շրջա­նէն ներս գոր­ծող ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հոծ բազ­մու­թեան։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի՝ ընկ. Ա­նա­հիտ ­Գա­րաօղ­լա­նեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց, ինչ­պէս նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց օ­րո­ւան ձեռ­նար­կին կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։ ­Խօսք ա­ռաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րաժշ­տա­կան դպրոց­նե­րու միու­թիւն­նե­րու ա­տե­նա­պետ՝ Եոր­ղոս ­Գոս­տան­դի­նի­տիս, որ շնոր­հա­ւո­րեց ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան 101րդ ­տա­րե­դար­ձը եւ մաղ­թեց, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ միշտ այս­պի­սի մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով ճո­խաց­նէ հա­մայն­քա­յին կեանքն ու ա­ռա­ւել ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հե­ռան­կար­նե­րով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ։
Օ­րո­ւան խօս­քը փո­խան­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, ուր ե­րեք կէ­տե­րու մատ­նան­շում­նե­րով յատ­կա­պէս նշեց, որ «28 ­Մա­յիս 1918ն ­մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան հա­մար ե­ղած է ու կը մնայ սրբա­զան ար­ժէք եւ այդ սրբա­զան ար­ժէ­քին հզօ­րու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պա­հելն է, յա­նուն հա­ւատ­քի, յա­նուն ա­զա­տու­թեան եւ յա­նուն ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նա­կեր­տու­մի տես­լա­կա­նով…»։
Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած «Ա­րա­րատ» պա­րա­խում­բին, ինչ­պէս նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բին, ո­րոնք հայ­կա­կան պա­րե­րով ու ազ­գա­յին եր­գե­րով ճո­խա­ցու­ցին օ­րո­ւան ձեռ­նար­կը։
­Ձեռ­նար­կը վերջ գտաւ «­Սար­դա­րա­պատ»ի եր­գով։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած «Ա­րա­րատ» պա­րա­խումբն ու «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, ե­կե­ղեց­ւոյս կից գտնո­ւող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան պատ­շաճ ընթ­րի­քով մը։
­Յայտ­նենք նաեւ, որ ­Կի­րա­կի՝ 26 ­Մա­յիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ինչ­պէս նաեւ ա­ւար­տին, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն, ու­րա­րա­կիր­նե­րուն, դպիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նէն ներս գոր­ծող ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հոծ բազ­մու­թեան կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն հայ ազ­գի քա­ջա­մար­տիկ զա­ւակ­նե­րու հո­գիի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, ո­րոնք 1918 թո­ւա­կա­նին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի, ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ այլ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց կեան­քը զո­հե­ցին յա­նուն հայ ազ­գի ա­զա­տու­թեան հա­մար։