«­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Մա­յիս 2020ի կէ­սօ­րո­ւան ­Դի­մա­տետ­րի իր­ է­ջին վրայ վրայ ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 102րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած առ­ցանց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կը։
Ո­րո­շո­ւած ժա­մուն, ե­լոյ­թը սկսաւ ընկ. ­Ռո­զա ­Թէր­զեա­նի կող­մէ ջութակի նուա­գակ­ցու­թեամբ Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի «­Ջա­հա­կիր» գոր­ծէն մա­սով մը, ա­պա յու­նա­րէն լե­զո­ւով հան­դէս ե­կաւ ընկ. ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան՝ ու­ղերձ ուղ­ղե­լով տօ­նին կա­րե­ւո­րու­թեան հա­մար։ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, պա­րու­սոյց ու­նե­նա­լով ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեա­նը, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճոխ պա­րե­րով հան­դէս ե­կաւ ու ա­ռա­ւել մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով կա­րո­ղա­ցաւ մա­յի­սեան փա­ռա­տօ­նին ար­ժէ­քը վառ պա­հել մշա­կու­թա­յին ա­րո­ւես­տի ճամ­բով։
­Հուսկ, Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րէն՝ ­Մա­րիա ­Շա­տի­նո­վա, Ան­նա ­Խա­չիեւ եւ ­Մա­րիա ­Խա­չիեւ աս­մուն­քե­ցին ­Հա­մօ ­Սա­հեա­նէն եւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ։ Ա­պա, սրտի խօս­քով եւ տօ­նին նո­ւի­րո­ւած ու­ղեր­ձով հան­դէս ե­կաւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Փոք­րիկ Եր­գիչ­ներ» երգ­չա­խում­բի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար ­Տիգ­րան ­Հէ­քէ­քեան, որ ցու­ցադ­րեց իր երգ­չա­խում­բի կա­տա­րողու­թիւն­նե­րէն՝ Առ­նօ ­Պա­պա­ճա­նեա­նի «Տ­ղեր­քը, ո­րոնք չկան…» գոր­ծը, որ կա­տա­րո­ւած էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով։ ­Յայտ­նենք, որ սոյն տե­սա­նիւ­թի պատ­րաս­տու­թիւ­նը կա­տա­րեց մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն՝ ընկ. ­Վա­հագն ­Կա­րա­պե­տեան։
Ե­լոյ­թը վերջ գտաւ «­Սար­դա­րա­պատ» եր­գի ներ­կա­յա­ցու­մով։