Կիրակի՝ 28 Մայիս 2017ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ Մայիս 28ի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւնը: Ժամը 11ին տեղի ունեցաւ Մայիս 28ի Գոհաբանական մաղթանք եւ հայկական դրօշի օրհնութիւն՝ գլխաւորութեամբ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի: Ապա, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եկեղեցիէն ներս:
Օրուան նախագահ-հանդիսավարն էր տիկին Արաքսեայ Գանապետեան, որ բացման խօսքը կատարեց՝ ըսելով.- «Մայիսը մեր ազգին համար մեծ յաղթանակներու ամիս է՝ արիւնալի Ապրիլէն ետք նոր շունչով, նոր յոյսով, ապրելո՛ւ ամիս՝ հերոսական մարտերու ու նշանակալից յաղթանակներու»։ Ապա՝ ան հրաւիրեց պրն. Գրիգոր Մարուքեանը, որպէսզի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին անունով փոխանցէ իր սրտի խօսքը՝ ըսելով.- «Յունաստանի Հայ Երիտասարդական Միութիւնը կը հաւատայ, որ հայ ազգը պիտի գոյատեւէ եւ իր վսեմ նպատակները իրականացնէ, ինչպէս որ անցեալին մեր զինեալ ուժերը մղեցին Սարդարապատեան ճակատամարտը, նոյնպէս այդ ոգիով Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի պահէ իր անկախութիւնը: Մենք որպէս անկախութեան 4րդ Սերունդը, մեր սրտի պարտքն է պատուել մեր հերոսները, որոնք զոհուեցան մեր փոքր, բայց պատուական Հայաստանին համար: Կեցցէ՛ Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը»:
Օրուան բանախօսն էր Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ իր բանախօսութեան խորագիր ընտրած էր՝ «Յաւերժութեան Անկախութիւն»: Հայր Սուրբը, պատմական տուեալներ տալէ ետք, ըսաւ.- «Սիրելիներ, Մայիս 28ը լոկ անկախութեան տօն չէ, այլ հայոց պատմութիւնը յեղաշրջող այն սերմն է, որ մեզ տուաւ անկախութեան արժէքը, իմաստաւորելու մեր կեանքերէն ներս: Այդ անկախութեան պատճառով է, որ մենք ունեցանք մեր պետական առաջին համալսարանը, որ սերունդներ պատրաստեց եւ միչեւ այսօր հայեր, ըլլան անոնք Հայաստանէն կամ սփիւռքէն, հպարտութեամբ կը յաճախեն այդ համալսարանը՝ ապրելով ազգային արժէքներու օրրանին մէջ: Այս անկախութեան պատճառով մենք ունեցանք մեր բանակը, որ միակ փրկիչը եղաւ սահմանին, Հայաստանին եւ Արցախին, եւ այդ նոյն բանակին համար է, որ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ բարձրեալն Աստուած: Այդ անկախութիւնը մեզ շնորհեց այն սրբութիւնը, որ մասունքի պէս կը պահենք եւ այդ ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր եռագոյն դրօշը: Երեք գոյներ, որոնք դարձան համայն հայութեան պատիւը:
«Ճիշդ է, որ այդ անկախութեան ժանակաշրջանը կարճ տեւողութեամբ ընթացաւ, բայց յաւերժականացուց մեր ազգային արժէքները, եւ այդ պատճառով՝ այսօրուան մեր բանախօսութեան ենթախորհագիրն է «ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ»: «Սիրելի ներկաներ, այսօրուան դրութեամբ մարդիկ կրնան ծիծաղիլ 2 տարուան անկախութիւն ըսուած արտայայտութեան վրայ, սակայն հաւատացէք, որ այդ անկախութեան ոգին է, որ այսօր կը գործէ, այդ անկախութեան հետքերով մենք կը շարունակենք անկախ Հայաստանը պահպանել թշնամիին ճիրաններէն:
«Այսօր Արամ Մանուկեանի ներշնչած ոգին մեր հայ զինուորի աչքերուն մէջ կը փայլի, ան յանձն առնելով զոհուիլ ի սէր ազգին եւ հայրենիքին: Այսօր մեզի կեցցէներ արտայատելէն աւելի, արժեւորելն է կարեւոր՝ հայ զինուորի ապրումները զգալն է եւ ամէնէն կարեւորը անոր ՀԱՒԱՏԱ՛Լն է:
«Այսօր, ամէն մէկ գաղութ, ամէն մէկ համայնք ստեղծած է նոր Հայաստան մը՝ հաստատելու համար, որ եթէ Հայաստանի մէջ պատերազմի նշոյլներ սկսին, ազատ ու անկախ սփիւռքահայութիւնը հայրենիքին պիտի զօրակցի իր արեան եւ կեանքին գնով:
«Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերուն միջեւ տարբերութիւն չկայ. հայը հա՛յ է, ուր որ ալ ըլլայ ան։ Օտարութիւնը կրնայ մեզ բաժնել, սակայն միայն հեռաւորութեան առումով: Այսօր շատեր հայրենիքի տենչը կը զգան, հայրենիքի կարօտը ունին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Մայիս 28ի անկախութեան հետքերով՝ անոնք Մայր Հայաստանը կը տեսնեն միշտ անկախ ու հպարտ:
«Սիրելի հաւատաւոր հայ ազգի զաւակներ, Մայիս 28ի ոգիով տոգորուած՝ այսօր մենք ուխտ ունինք նորոգելու հանդէպ այն հերոսներուն, որոնք նահատակուեցան ի սէր ազգին: Այսօր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր դրօշը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին միացնելով՝ կþուխտէ մնալ հաւատարիմ այն պայքարին, այն պահանջատիրութեան, որ սկսաւ Մայիս 28ի անկախութեամբ: Ինչքան վսեմ է այն նահատակը, որ անկախութեան սիրոյն համար արժանացաւ վէրքերով լի երգին, եւ ինչքան պանծալի է այս կուսակցութիւնը, որ պատրաստեց ու կը պատրաստէ սերունդեր՝ Արամ Մանուկեանի ոգիով թրծուած: Այսօր մենք բոլորս կը յարգենք ու կը մեծարենք այն Ռահվիրաները, որոնք Դաշնակցութեան գաղափարականին հետեւելով՝ իրականացուցին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի ու Սիմոն Զաւարեանի նպատակները:
«Վերջապէս, կþուզեմ աւարտել իմ խօսքս ազգային երգի բառերով, որ կը մարմնաւորէ պայքարի ոգին բոլոր այն ֆետայիներուն, որոնք նահատակուեցան ի սէր հայրենիքին.
Դուշմանը մեզ տուեց ջան ֆետա անուն,
Այդ անուան համաձայն տեսաւ զօրութիւն,
Մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն,
Ուխտել ենք կռուիլ, այդ սիրով մեռնիլ,
Համոզուած ենք, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն։
Ստամբոլը պիտի լինի արեան ծով,
Ամէն կողմից կռիւ կը սկսի շուտով.
Կոտորենք Բաշկալա անցնենք հեշտ կերպով,
Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը,
Գրաւենք Աղբակ, տարածենք սարսափ,
փա՜ռք Դաշնակցութեան։»
«Կեցցէ՛ Մեր Մայր Հայաստանը.
«Կեցցէ՛ Մեր Անկախ Արցախը.
«Կեցցե՛ն մեր քաջարի Հայոց Բանակի Զինուորները.
«Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»։
Հայր Սուրբի խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցան Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները՝ ներկայացնելով շարք մը բանաստեղծութիւններ եւ երգեր: Ապա՝ տիկին Աստղիկ Գանապետեան արտասանեց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» բանաստեղծութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտելէ ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի խաչքարի հրապարակ, ուր կատարուեցաւ հաւաքական «Յաղթանակի շուրջպար» մը, գլխաւորութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբին, եւ Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ դպրոցի պարախումբին, անշուշտ ներկայ ժողովուրդին մասնակցութեամբ։ Ապա՝ փուչիկներ արձակուեցան հայկական եռագոյն դրօշակին գոյներով: Մայիս 28ի տօնը Թեսաղոնիկէէն ներս նշուեցաւ յաղթական կերպով, եւ ունեցաւ յաղթական աւարտ մը՝ հայ երգի ու հայ պարի ձայնն ու ոգին տարածելով Թեսաղոնիկէի կեդրոնի ամբողջ տարածքին:
ԹՂԹԱԿԻՑ