Նորա Գույումճեան-Քիւրտօղլեան
«Մայիս 28ի բացառիկ էջին համար յօդուած մը՝ մեր սերունդի ապրումներն ու մտածումները ներկայացնելու համար»:
Ասիկա խնդրանքն էր Ազատ Օրի խմբագրութեան:
Իրապէս. ի՞նչ կարելի է գրել մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն տօնին մասին, բացի պարծանքի ու փառաբանանքի խօսքերէ: Այո, պարծենալ ու հպարտանալ ամէ’ն տարի, ամէ՛ն տարեդարձի, ամէ՛ն օր:
Իմ սերունդի մանկութեան յուշերուն մէջ Մայիս 28ի օրը ուրախ, տօնական երանգով դրոշմուած է: Դպրոցական միօրեայ պտոյտի մը հնարքով եւ ընդլայնուած շրջանակով՝ աշակերտներ, ծնողք եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ փափաքող ազգայիններ, փուլման-հանրակարքերու շարանով, երգով ու խանդավառութեամբ այդ օր ճամբայ կ՛ելլէինք դէպի Ատտիկէի ծովեզերեայ գեղեցիկ վայր մը, ուր կ‘անցընէինք ամբողջ օրը խաղով եւ…ծովու առաջին լոգանքով: Պտոյտի օրուան աւարտի ժամերուն, բոլորս միասին, զուարթ ու խրախճանքի մթնոլորտի մէջ հաւաքաբար կը յիշատակէինք Սարտարապատն ու Անկախութեան մեծ տօնը՝ եռագոյնի շուքին տակ եւ այնպիսի ժամանակներուն, երբ տակաւին եռագոյնը արգիլուած ըլլալուն՝ չէր ծածաներ հայրենիքին մէջ: Պտոյտի ընթացքին կատարուած այդ փոքրիկ հանդիսութիւնները, ոգեշնչող երգերով, արտասանութիւններով ու աշակերտական ներկայացումներով, հպարտանքի մթնոլորտ կը ստեղծէին եւ եզրափակիչ ծանօթ կարգախօսով՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը կը դրոշմուէր իմ սերունդի հոգիներուն մէջ:
Տարիները անցան, բայց այդ գաղափարը եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը հաստատ մնաց բոլորիս մէջ իբրեւ ուղեցոյց:
Տարիները անցան եւ աշակերտական անգիտակից տարիներու դրոշմը ամբողջական իմաստ ստացաւ եւ մեր ապրումներն ու մտածումները աւելի խորքային դարձան:
Մեր ազգի պատմութեան մէջ մեծագոյնը կարելի է նկատել Մայիս 28ի յաղթանակը: Ան աւելի՛ն է, քան օտարի տիրապետութիւնը թօթափելու անկախութեան թուականի մը տարեդարձը: Սարտարապատի, Բաշ-Աբարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ ռազմական ու քաղաքական յաջողութիւնները պարզ յաղթանակի մը բնորոշումէն շատ աւելին են, քանի որ անոնք ջարդերէ, տեղահանութենէ ու թշուառութենէ դեռ տառապող ժողովուրդին կողմէ նոյնինքն ցեղասպանին դէմ տարուած յաղթանակներ ըլլալէ ետք, եղան նաեւ հայրենիքի կերտում եւ պետականութեան հաստատում: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն (1045թ.) 873 տարի վերջն էր, որ հռչակուեցաւ անկախութիւնը եւ հիմնուեցաւ հայութեան առաջին պետութիւն-հանրապետութիւնը: Ապա նաեւ՝ Մայիս 28ի Անկախութեան առաջին տարեդարձին՝ 1919ին, առաջին անգամ բանաձեւուեցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի քաղաքական նպատակը, երբ օրուան կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ իր նպատակն է միացնել Հայաստանի հողերը, վերջ տալ Արեւելահայաստանի ու Արեւմտահայաստանի բաժանումին, մոռնալ ռուսահայ եւ թրքահայ բացատրութիւնները եւ բոլորուիլ Մէկ Հայրենիք եւ Մէկ Հայութիւն գաղափարին շուրջ:
Մայիս 28էն ուսանելի դասերը բազմաշերտ են, բայց նաեւ անոնք իրարու շաղկապուած են եւ այդ շաղկապուածութիւնն է, որ կը բնորոշէ Մայիս 28ի խորհուրդը:
Այսինքն՝ Սարտարապատի հերոսական յաղթանակին մէջ՝ ժողովուրդի սեփական ուժին ու միասնական գործին ապաւինելու հաւատքը, կամքը եւ վճռականութիւնը որոշիչ եղան:
Անկախութեան ու պետականաշինութեան նուաճումները հնարաւոր դարձան, շնորհիւ միասնական ոգին դարբնող ու նուաճումները իրականացնող ղեկավար գործիչներու գաղափարապաշտութեան, անձնուիրումին, վճռականութեան: Ղեկավարներ, որոնցմով կը հպարտանանք այսօր եւ որոնց յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք բոլորս:
Բոլոր ժամանակներուն մէջ, նաեւ ներկայիս մեզի պէտք են գաղափարով, հաւատքով եւ կազմակերպական տաղանդով ու հմտութեամբ, Արամ Մանուկեաններու տիպարին ձգտող քաղաքական գործիչներ, ղեկավարներ, որոնք դիրքի ու պաշտօնի մէջ միա՛յն ծառայութիւն տեսնեն, էապէ՛ս ժողովրդավար ըլլան, ընկերային բոլոր խաւերը իրենց գործակից դարձնեն, հարստահարողին անխնայ հարուածեն, պատիւներէ խուսափին: Հեղինակութիւններ, որոնք ոչ թէ «image maker»ի կամ «PR»ի նպաստով դիրքերու հասնին, այլ իրենց անկեղծութեամբ, պարզութեամբ, համեստ ապրելաձեւով, գաղափարական պատրաստութեամբ ու կենդանի գործով ժողովուրդ հմայեն ու առաջնորդեն եւ իրենք ալ լծուին հայրենիքի բարգաւաճման գործին:
Ներկայ եւ բոլոր ժամանակներուն մէջ մեզի պէտք է մանաւանդ միասնական ոգին: Յուսալքիչ է, երբ նոյնինքն ժողովուրդը կ’ընտրէ անտեսել իր իսկ պատմութեան դասերը:
Շնորհիւ Մայիս 28ին էր, որ ունեցանք հայրենիք եւ անկախ պետութիւն, որ հազիւ երկու տարի դիմացաւ՝ տարածաշրջանին մէջ տիրող այդ օրերու ռազմաքաղաքական բարդ իրավիճակին հետեւանքով: Այդ կարճատեւ անկախութեան շրջանին, քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական շա՜տ դժուար պայմաններու մէջ իսկ, պատկերացնենք, որ դար մը առաջ, յաջողեցանք հանրապետութիւնը հաստատել ժողովրդավար սկզբունքներու վրայ, մարդկային իրաւունքի հաւասարութեան ըմբռնումով:
Այսօր մեր անկախ պետութիւնը բոլորիս ձգտումները խտացուցած պիտի ըլլայ, եթէ միայն բարգաւաճի իրա՛ւ ժողովրդավարութեան եւ ընդհանուր ապահովութեան մէջ: Ապահով՝ արտաքին թշնամիներէն, ապահով՝ ընկերային արդարութեան մէջ, ապահով՝ ազատութեան, տնտեսական վերելքի, յառաջդիմութեան, կրթական ու մշակութային զարգացման մէջ:
Կ՚ենթադրեմ, թէ սփիւռքածին իմ սերունդս Մայիս 28ի եզակիութիւնն ու մեծութիւնը կը տեսնէ անոր պատմական մեծ իրագործումին մէջ եւ կ’ակնկալէ, որ հայրենի քաղաքական ներկայ գործիչները օրինակուին Մայիս 28ի սերունդէն: