­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան 104-րդ ­տա­րե­դար­ձի ե­լոյթ­նե­րու շար­քին մէջ, յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող «Գ. ­­Լա­զեան», «­­Վա­րան­դեան» եւ «Ա. ­­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէն­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ո­գե­կո­չա­կան ե­րե­կոն, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի, 30 ­­Մա­յիս 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Ֆիք­սի «Լ. Եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի բա­կին մէջ։
­­Հայ­րե­նա­կից­նե­րու բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թեան կող­քին, ու­շագ­րաւ էր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րու խան­դա­վառ ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լիով ծա­ւա­լե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու ներ­կա­յաց­ման պա­հուն։
Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, ­­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի գե­րա­պայ­ծառ ­­Յով­սէփ ծ.վ. ­­Պէ­զա­զեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս տիկ. ­­Յաս­միկ ­­Դաշ­տո­յեան, ­­Գո­քի­նիոյ եւ ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան եւ ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Հայ դա­տի Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ընկ. ­­Գաս­պար ­­Կա­րա­պե­տեան, Հ.Կ.Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Յու­լիա­նա ­­Մա­նու­կեան, Հ.Յ.Դ. ե­րիտ. միու­թեան ­­Կեդր. վար­չու­թեան, շրջան­նե­րու միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ տպա­ւո­րիչ թիւ մը հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
­­Հայ­կա­կան ո­գեր­գի յոտն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­լիս ­­Ֆա­րա­ճեան, որ իր հա­կիրճ խօս­քին մէջ շեշ­տեց. «­­Մա­յի­սեան հան­րա­պե­տու­թեան հա­րիւր­չոր­սա­մեա­կը կա­րե­ւոր ու յի­շա­տա­կե­լի պի­տի ըլ­լար նոյ­նիսկ ե­թէ հան­րա­պե­տու­թեան կեան­քը մէկ օր միայն տե­ւած ըլ­լար:
Ա­նոր ար­ժէ­քը կը կա­յա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի վճռա­կա­նու­թիւ­նը ընդգ­ծող ու շեշ­տող ե­ղե­լու­թեան մէջ: Ե­ղե­լու­թիւն մը, յաղ­թա­նակ մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու իղ­ձե­րուն յա­ւի­տե­նա­կան հա­յե­լին է ու պի­տի մնայ իբր այդ՝ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար եւս:
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով այդ ժա­մա­նակ­նե­րու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, հան­րա­պե­տու­թեան ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի եւս կու գան ամ­րապն­դե­լու այն հա­մո­զու­մը, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նի էր այդ հան­րա­պե­տու­թեան, մինչ մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը ար­ժա­նի էր հայ ժո­ղո­վուր­դին։
­­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան հանգ­րո­ւա­նը ալ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը դառ­նայ այ­սօր, երբ Ար­ցա­խը եւ հա­յրե­նի­քը վտան­գո­ւած են մե­րօ­րեայ թրքա­կան շար­ժում­նե­րէն:
­­Նոյն թշնա­մին իր հա­սա­կը կը փոր­ձէ ցոյց տալ իր զէն­քե­րով ու բար­բա­րո­սու­թեամբ, գիտ­նա­լով հան­դերձ թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը տո­կուն է դա­րե­րու ըն­թաց­քին»:
­­Յա­ջոր­դա­բար, ան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը դի­տե­լու Հ.Յ.Դ. ­­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­­Յա­կոբ ­­Տէր ­­Խա­չա­տու­րեա­նի առ­ցանց յա­տուկ ու­ղեր­ձը յու­նա­հա­յու­թեան, ո­րուն մէջ ան պան­ծա­ցուց մա­յի­սեան յաղ­թա­նա­կի ար­ժէ­քը եւ անդ­րա­դար­ձաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։
Իս­կա­կան վա­յելք մը ե­ղաւ հա­մազ­գայ­նա­կան ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ ­­Հա­մօ ­­Սա­հեա­նի «Ախր ես ինչ­պէս» ո­գե­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան աս­մուն­քը։ Ըն­կե­րու­հին իր ձայ­նի խո­րունկ ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով տո­ւաւ ­­Սա­հեա­նի՝ հայ­րե­նի­քը փա­ռա­բա­նող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ամ­բողջ էու­թիւ­նը եւ խլեց ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։
­­Բեմ բարձ­րա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­­Միու­թեան ան­դամ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­­Մա­նու­կեան, որ ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­գիով եւ յստակ ա­ռո­գա­նու­թեամբ փո­խան­ցեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան վճռո­րոշ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը տէր կանգ­նե­լու հայ­րե­նի­քի դէմ ցցո­ւած խո­չըն­դոտ­նե­րուն։ ­­Քո­վի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։
Օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ընկ. ­­Սեր­գօ ­­Գու­յում­ճեան, որ կուռ խօս­քով մը անդ­րա­դար­ձաւ մա­յի­սեան հե­րո­սա­պա­տու­մի մշտա­կան ար­ժէ­քին, ա­պա ան շեշ­տը դրաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի այ­սօ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կին վրայ։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի հո­ղե­րու կո­րուս­տին, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման հա­մար ստեղ­ծա­գործ լման սե­րուն­դի մը դառ­նա­ղէտ չքաց­ման, ո­րոնք ի­րենց ա­րեան գի­նով ին­կան Ար­ցա­խի մա­տոյց­նե­րուն մէջ։
Ան քննա­դա­տե­լով ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց, թէ ա­նըն­դու­նե­լի է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար եր­թալ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու եւ վտան­գել բո­վան­դակ հայ­րե­նի­քի լի­նե­լու­թեան խնդի­րը։ ­­Բա­նա­խօ­սը պա­խա­րա­կեց ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան փութ­կո­տու­թիւ­նը «խա­ղա­ղու­թեան» դա­շինք­ներ ստո­րագ­րե­լու ի վնաս հա­յու­թեան, ըն­դու­նած ըլ­լա­լով նաեւ ­­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը որ­պէս միջ­նորդ։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ըն­կե­րը յայտ­նեց, թէ ար­տա­քին վտանք­նե­րը եւ ներ­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը պի­տի դի­մագ­րա­ւենք միաս­նա­կա­նու­թեամբ եւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հա­ւատ­քով:
Ըն­կե­րոջ խօս­քի ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը հրա­տա­րա­կենք ներ­կայ թի­ւով։
Ե­լոյ­թի վեր­ջին մա­սը ե­ղաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­­Վար­դան Ա­բո­վեան՝ տու­տու­քով, ­­Լեֆ­թե­րիս ­­Խա­ւու­ծաս՝ կի­թա­ռով եւ  Ան­կե­լոս ­­Փո­լիխ­րո­նիս՝ տհո­լով։ ­­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր ու մե­ղե­դի­ներ, ի­րենց նո­ւա­գակ­ցու­թեան մէջ հրա­ւի­րե­լով ներ­կա­նե­րը մաս­նա­կից դառ­նա­լու եր­գե­րուն։ ­­Մա­նա­ւանդ, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին կող­մէ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը եր­գե­րուն ստեղ­ծեց ջերմ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը, ա­ւե­լի բարձ­րաց­նե­լով օ­րո­ւան խոր­հուր­դի ար­ժէ­քը։
­­Հան­դի­սա­վա­րու­հիին փակ­ման խօս­քէն ետք յա­ջոր­դեց մտեր­միկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

* * *

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, այս տա­րի եւս, շրջան­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ­­Կի­րա­կի, 29 ­­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դրօ­շի օրհ­նու­թիւն, նո­ւի­րո­ւած ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 104-րդ ­տա­րե­դար­ձին։
­­Հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը ի­րենց քա­րոզ­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձան մա­յի­սեան հե­րո­սա­պա­տու­մի խոր­հուր­դին, ներ­կա­յաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­խու­թեան սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ դա­րա­ւոր ե­րա­զի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը։


Ըն­կեր ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի խօս­քը

«­Հե­տա­գայ դա­րե­րի հայ մար­դը պի­տի զար­մա­նայ այն սե­րուն­դի վրայ, որ օր­հա­սի տա­րի­նե­րին հե­րո­սա­կան վճռա­կա­նու­թեամբ, տէր կանգ­նեց իր ան­տէր հայ­րե­նի­քին եւ իր ան­վարժ ու թոյլ ձեռ­քով, բայց եւ ան­վե­հեր հո­գով կա­րո­ղա­ցաւ ա­ւե­րակ­նե­րի եւ սո­վի մի­ջից նոր ­Հա­յաս­տան ստեղ­ծել:
­Սա մի գե­րա­գոյն վճիռ էր, մի հե­րո­սա­կան կե­ցո­ւածք, մի ա­նօ­րի­նակ վճռա­կա­նու­թիւն, եւ նրա փառ­քը պատ­կա­նում է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի խո­նարհ խա­ւե­րին, որ տէր կանգ­նե­ցին հայ հայ­րե­նի­քին, կազ­մա­կեր­պե­ցին նրա պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ դրին ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան հիմ­քե­րը:
Այս բախ­տո­րոշ եւ գե­րա­գոյն վճռա­կա­նու­թեան տօնն է ­Մա­յիս 28ը:»

­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի այս խօս­քե­րով կ­՚ող­ջու­նեմ  մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր թո­ւա­կա­նին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն յաղ­թա­նա­կին՝ 1918 ­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թեան 104-րդ ­տա­րե­դար­ձը, որ մեզ հա­մախմ­բած է հոս այ­սօր, որ­պէս­զի միաս­նա­բար հա­ղոր­դո­ւինք ա­նոր խոր­հուր­դէն, ազ­գո­վին հպար­տա­նանք եւ այդ հպար­տու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գենք, նախ մեր մէջ, ա­պա նաեւ զայն սրսկենք մեր շրջա­պա­տին, մա­նա­ւանդ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն:
Ե­թէ ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ չյաղ­թէինք եւ այդ յաղ­թա­նա­կը չպսա­կո­ւէր նաեւ քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նա­կով, այ­սինքն ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով ու պե­տու­թեան կա­ռու­ցու­մով, յստակ է, որ ցե­ղաս­պա­նը սպան­դի պի­տի են­թար­կէր նաեւ հա­յու­թեան մնա­ցեա­լը եւ հայ գո­յու­թիւն պի­տի չ­՚ու­նե­նար իբ­րեւ ազգ, հայ­րե­նիք ու պե­տու­թիւն:
Այս կը նշա­նա­կէ, որ ­Մա­յիս 28-ը ա­ւե­լի՛ն է, քան օ­տա­րի տի­րա­պե­տու­թիւ­նը թօ­թա­փե­լու ան­կա­խու­թեան թո­ւա­կա­նի մը տա­րե­դար­ձը:
­Մա­յիս 28-ո՛վ է որ  դար­ձանք ազգ, հայ­րե­նիք ու պե­տու­թիւն: Այն կը նշա­նա­կէ նաեւ, որ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ, մեր տօ­նե­րուն մե­ծա­գոյնն է ­Մա­յիս 28-ըն:
Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին, 1919-ին, օ­րո­ւան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէր, թէ իր նպա­տակն է միաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րը, վե՛րջ տալ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի բա­ժա­նու­մին, մոռ­նալ ռու­սա­հայ եւ թրքա­հայ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը եւ բո­լո­րո­ւիլ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ ՄԷԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ գա­ղա­փա­րին շուրջ:
Ա­հա, այն ա­տեն կը բա­նա­ձե­ւո­ւէր Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կը:
­Միայն եր­կու տա­րի տե­ւեց 1918-ի ­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը:
­Բայց այդ եր­կու տա­րո­ւան մէջ, յա­ջո­ղե­ցանք ժո­ղովր­դա­վար սկզբունք­նե­րու վրայ հաս­տա­տել հան­րաա­պե­տու­թիւ­նը, զայն ար­մա­տաց­նե­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան ար­ժէ­քին վրայ:
Ա­պա նաեւ ու­շադ­րու­թի՛ւն.
­Սեւ­րի  մէջ կրցանք առ­նել շուրջ 160.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թեամբ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հաս­տա­տա­գի­րը:
Այս հաս­տա­տա­գի­րը մեր ժա­ռանգն է, ո­րուն տէ­րը պի­տի մնանք մենք, մին­չեւ ա­նոր ի­րա­գոր­ծու­մը:
­Սո­վե­տա­կան ա­նա­զատ վար­չա­կար­գին ու հա­լա­ծան­քի 70 տա­րի­նե­րուն, սփիւռ­քի սե­րունդ­նե­րը դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան ­Մա­յիս 28-ի հպար­տան­քով, ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րով եւ միա­ցեա­լի նպա­տա­կով, ո­րուն հա­մար ար­դար է բարձ­րա­ձայն ը­սել, թէ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ՛նն էր, որ սփիւռ­քը կազ­մա­կեր­պեց հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նին շուրջ, ա­մէն գնով պա­հեց ու պահ­պա­նեց ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան ե­ռա­գոյն դրօ­շը, ո­գերգն ու զի­նան­շա­նը:
Ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն 70 տա­րի ետք, պատ­մա­կան ա­ռի­թը  հա­զիւ ներ­կա­յա­ցած՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը, 1991ի  ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի հան­րա­քո­ւէով, վե­րա­հաս­տա­տեց  ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ­Մա­յիս 28ին՝ որ­դեգ­րե­լով ա­նոր խորհր­դա­նիշ՝ միեւ­նոյն դրօ­շը, ո­գեր­գը եւ զի­նան­շա­նը:
­Հե­տե­ւա­բար, ան­ջա­տո­ւած շղթա­յին օ­ղա­կումն է ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ը, ժո­ղովր­դա­վար կար­գեր վե­րա­հաս­տա­տե­լու օր, վե­րան­կա­խաց­ման մեծ տօն:
­Մա­յիս 28-ի պատ­մա­կան ար­ժէ­քը եւ ան­կէ բխած ու­սա­նե­լի դա­սե­րը ան­ժա­ման­ցե­լի են:
­Շատ բան ու­նինք սոր­վե­լիք նաեւ ­Սար­տա­րա­պա­տի յաղ­թա­նա­կին ու պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման մէջ դե­րա­կա­տար ան­ձե­րէն:
­Սար­տա­րա­պա­տը փաստն է ղե­կա­վար­նե­րու կա­րո­ղու­թեան ու նո­ւի­րու­մին:
­Թէ՝ կա­րե­լի է ե­ղեր, իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, սե­փա­կան ու­ժին ա­պա­ւի­նե­լու կամ­քով զօ­րաց­նել թշո­ւա­ռու­թեան մէջ գտնո­ւող եւ թշնա­միէն սար­սա­փած, յու­սա­հատ ու ա­նօգ­նա­կան ժո­ղո­վուրդ մը, բա­րո­յա­կան կո­րով ու յաղ­թա­նա­կի յոյս ներշն­չել ա­նոր, ան­հա­ւա­սար կռի­ւի մղել ու յաղ­թել:
­Յաղ­թել ու յաղ­թա­նա­կը քա­ղա­քա­կան աք­թով հաս­տա­տել ու պար­տադ­րել ցե­ղաս­պա­նին, որ ըն­դու­նի պար­տու­թիւ­նը:
­Գի­տակ­ցինք սա­կայն, թէ ան­ցեա­լին հա­մար հպար­տու­թիւ­նը կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի, երբ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ եւ յե­նա­րան՝ լաւ գնա­հա­տե­լու այ­սօ՛­րը, ներ­կան, ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:
­Մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն ու­ժե­րու հա­մախմ­բում եւ պայ­քա­րի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն:

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
Այս տա­րո­ւայ ­Մա­յի­սեան տա­րե­դար­ձը, ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը,-­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ սփիւռ­քը-  կը գտնէ 2020-ի Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն շու­քին տակ:
Ան­կա­խու­թեան մեծ տօ­նը մեզ կը գտնէ 2020-ի ­Նո­յեմ­բե­րի յանձ­նո­ւո­ղա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան, հո­ղե­րու յանձ­ման, հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ կեան­քե­րու կո­րուս­տի եւ գաղ­թա­կան դար­ձած հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու ծանր ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ ու պար­տո­ւած ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թիւ­նը մեր վրա­յէն թօ­թա­փե­լու ճի­գին մէջ:
­Մա­յիս 28-ն ­մեզ կը գտնէ հայ­րե­նի­քի տագ­նա­պող ու խռոված ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քով, պար­տո­ւո­ղա­կան մտայ­նու­թեան գե­րի, ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան սե­ղա­նին շուրջ, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ան­կա­րող ու «գլուխ ծռել»ու վար­քա­գի­ծով, մտա­հոգ  ու շո­ւա­րած Ս­փիւռ­քով:

Այ­սօր՝
Ար­ցա­խի հո­ղա­յին տա­րած­քի գրե­թէ 80% ան­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ, երկ­րին մէջ ստեղ­ծո­ւած է ա­նա­պա­հով ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն, ա­մէ­նօ­րեայ սպառ­նա­լիք­նե­րու մթնո­լորտ, ա­նո­րոշ ա­պա­գայ, մինչ սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը կա­խեալ է օ­տար ու­ժե­րէ:
Ե­ռաբ­լու­րի մէջ, 90-ա­կան­նե­րու հե­րոս­նե­րուն կող­քին, կը հանգ­չին հա­զա­րա­ւոր նոր ան­մա­հա­ցած ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք այ­սօր ի­րենց կեան­քո՛վ է, որ պի­տի ծաղ­կեց­նէին հայ­րե­նի­քը եւ պաշտ­պան պի­տի կանգ­նէին ա­նոր ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան:
­Շու­շիի, ­Հադ­րու­թի եւ այլ գրա­ւո­ւած շրջան­նե­րուն մէջ, ի­րենց տու­նե­րը ստի­պո­ւած լքած տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ, ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­պաս­տան գտած ըլ­լա­լով Ս­տե­փա­նա­կեր­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ, այժմ դար­ձած են գաղ­թա­կան:
­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փաս­տօ­րէն ար­տա­քին լուրջ ճնշում­նե­րու են­թա­կայ են, ո­րոնց դի­մաց ընկր­կե­լու, նոյ­նիսկ հայ­րե­նի­քի անխ­զե­լի մաս՝ Ար­ցախն ու սահ­մա­նա­յին այլ տա­րածք­ներ զի­ջե­լու, նա­խան­շան­ներ ցոյց կու տան՝ յա­նուն են­թադ­րեալ «խա­ղա­ղու­թեան» մը ու «դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու»:
­Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին կող­մէ, կը պար­տադ­րո­ւի սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման ըն­թացք, որ յայտ­նի վտանք է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան դէմ, թի­րա­խա­ւո­րե­լով ­Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րէն սկսեալ՝ մին­չեւ ­Գե­ղար­քու­նի­քը, ­Տիգ­րա­նա­շէնն ու ­Սիւ­նի­քը:  ­Մինչ ար­դէն ա­միս­նե­րէ ի վեր Ա­զե­րի բա­նա­կը սահ­ման­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ ներ­խու­ժում­նե­րով, գրա­ւած է սահ­մա­նա­մերձ տա­րածք­ներ ու հաս­տա­տո­ւած հոն:
­Հա­յաս­տա­նի ըն­դի­մու­թեան կող­մէ ղե­կա­վա­րո­ւող, «­Դի­մադ­րու­թիւն» ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը, մէկ ա­միս է ար­դէն որ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ ճամ­բայ ի­ջե­ցու­ցած է եւ կը պա­հան­ջէ վար­չա­պե­տին ան­մի­ջա­կան հրա­ժա­րա­կա­նը ու նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մա­ւո­րու­մը:
Այդ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցե­րու ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նա­կան բիրտ ուժ կը կի­րա­ռո­ւի խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու հան­դէպ, եւ տաս­նեակ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան, վար­չա­կար­գի մը կող­մէ, որ ինք երբ իշ­խա­նու­թեան գլուխ պի­տի գար ­Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեամբ՝ ինք­զինք կը  յայ­տա­րա­րէր դէմ՝ ա­մէն տե­սա­կի եւ ի մաս­նա­ւո­րի ոս­տի­կա­նա­կան բիրտ ու­ժին…
­Դի­մադ­րու­թեան այդ շարժ­ման ա­ւար­տը ճիշդ է, որ կա­խեալ է հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քէն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թեան վճռա­կա­նու­թե­նէն: ­Սա­կայն մենք, իբ­րեւ սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ,  մենք եւս մեր խօս­քը ու­նինք ը­սե­լիք, ազ­գա­յին ի­մաս­տով տագ­նա­պա­լի ու բախ­տո­րոշ այս պատ­մա­կան պա­հին:

Ա­հա այս բե­մէն կը յայտ­նենք ան­վե­րա­պա­հօ­րէն թէ՝
Ա­նըն­դու­նե­լի է մե­զի հա­մար, ո­րե­ւէ զի­ջո­ղա­կան տրա­մադ­րու­թիւն՝ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին, կամ այլ հաս­ցէ­նե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ճնշում­նե­րուն դի­մաց, ուր­կէ որ ալ ըլ­լան ա­նոնք, մա­նա­ւանդ ո­րե­ւէ զի­ջում Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մէջ: ­Զօ­րա­վիգ ենք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին եւ  Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն:
Կ­՚ակն­կա­լենք, որ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք որ ալ ըլ­լան ա­նոնք, կանգ­նին տէր ու պաշտ­պան քա­ջա­րի Ար­ցա­խին ու դէմ կե­նան ո­րե­ւէ փոր­ձի, որ վի­րա­ւոր պի­տի դարձ­նէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, վի­րա­ւոր պի­տի դարձ­նէ հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը, ա­նոր ան­կա­խու­թիւնն ու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ ու պաշտ­պան կե­նալ իր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ­Դա­տին, մեր­ժե­լով այն բո­լոր փոր­ձե­րը որ կ­՚ու­զեն բռնագ­րա­ւո­ւած ­Շու­շին, ­Հադ­րու­թը եւ մնա­ցեալ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րը տես­նել  ա­զե­րի-թուրք դրօ­շի տակ, որ կ­՚ու­զեն մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը եւ պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ թա­ղել Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը:

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
Այդ­քան ալ ժա­մա­նակ չէ ան­ցած այն օ­րէն, երբ ­Հա­յաս­տա­նի այժ­մու վար­չա­պե­տը կը յայ­տա­րա­րէր ամ­բողջ հա­յու­թեան առ­ջեւ թէ, «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է ու վերջ»:
Կ­՚ե­րե­ւի թէ չէր հասկ­ցած այդ խօս­քին ծան­րու­թիւ­նը կամ շատ ա­րագ դրժեց իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: ­Հարց կու տանք ի­րեն այ­սօր.
­Պա­րոն ­Փա­շի­նեա՛ն, ան­կեղծ ե­ղէ՛ք եւ բա­ցա­յայ­տե­ցէ՛ք, թէ ինչ­պէ՞ս կ­՚ըլ­լայ, որ ըն­դու­նե­լի ե­ղած է ձեր կող­մէ ­Մա­յիս 22-ին՝ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հի հրա­ւէ­րով, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ կա­յա­ցած, Ա­լիե­ւի հետ հան­դիպ­ման յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ գոր­ծա­ծո­ւած քա­ղա­քա­կան բա­ռամ­թեր­քը:
­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը գոր­ծա­ծո­ւի «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի էթ­նիկ բնակ­չու­թիւն» եզ­րոյ­թը, որ բա­նակ­ցու­թեանց բա­ռա­պա­շա­րին մէջ մին­չեւ հի­մա եր­բէք չէր ընդգր­կո­ւած:
Այդ եզ­րոյ­թը, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը կը վե­րա­ծէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան մը, այն­պէս ինչ­պէս կ­՚ու­զէ Ատր­պէյ­ճա­նը եւ կ­՚ան­տե­սէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, ինչ որ, ոչ միայն ըն­դու­նե­լի չէ՛ ­Հա­յաս­տա­նին  ու հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար, այլ նոյ­նինքն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած՝ Մ.Ա.Կ.-ի եւ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի սկզբունք­նե­րէն փխող՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քով:
­Հարց կու տանք ու­րեմն պա­րոն վար­չա­պետ, «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է ու վե՞րջ» կա՞մ «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին  հա­մար է՝ վերջ»:
­Մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը մեծ է:
­Կը պար­զո­ւի, թէ  «խա­ղա­ղու­թեան»  օ­րա­կարգ մը ա­ռաջ քշե­լով, ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն վնա­սա­կար, մեր­ժե­լի լու­ծում մը կը փոր­ձո­ւի պար­տադ­րել մե­զի:
Այդ­քա­նը լաւ կը հասկ­նանք, թէ՝ ­Թուր­քիան լաւ ա­ռիթ գտած է՝ «խա­ղա­ղու­թեան» խա­ղա­քար­տով իր վա­ղե­մի ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, այ­սինքն միջ­նորդ դառ­նալ՝ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թեան, իբ­րեւ թէ լու­ծում տա­լու հա­մար:
­Լաւ կը գի­տակ­ցինք նաեւ, որ  խա­ղա­ղու­թիւ­նը թանկ ու բարձ­րա­գոյն ար­ժէք է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ հայ ազ­գին ու ­Հա­յաս­տա­նին, ան­տա­րա­կու­սե­լիօ­րէն նաե՛ւ Ար­ցա­խին հա­մար:
­Սա­կայն, հայ­րե­նի պե­տու­թեան ղե­կա­վար խա­ւը պի­տի գիտ­նար զա­նա­զա­նել, իս­կա­կա՛ն խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու ար­դա­րու­թեան հի­մուն­քով, խա­փու­սի՛կ խոս­տում­նե­րէն, որ կը տրո­ւին պա­հան­ջե­լով սա­կար­կել հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը, ազ­գի ի­րա­ւուն­քը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը:
Այս բո­լո­րին մա­սին խօսք ու­նինք ը­սե­լիք նաեւ մե՛նք, սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, Ս­փիւռ­քը, որ մէկ դար պա­հեց ու պահ­պա­նեց Ա­զատ ու Ան­կախ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը եւ կազ­մա­կերպ ուժ դար­ձաւ ի խնդիր ա­նոր:
Եւ ինչ­պէս որ 2009-ին ստո­րագ­րո­ւած հայ-թրքա­կան փրո­թո­քոլ­նե­րուն մէջ մենք տե­սանք ­Թուր­քիոյ իս­կա­կան նպա­տա­կը եւ դէմ կանգ­նե­ցանք այն օ­րե­րու իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, այ­սօր շատ ա­ւե­լի վճռա­կամ մեր ձայ­նը կը բարձ­րաց­նենք, միաց­նե­լով հայ­րե­նի­քի ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նին, յստակ դարձ­նե­լու հա­մար բո­լո­րին ու մա­նա­ւանդ այ­սօ­րո­ւա՛ն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, թէ ի­րենց պար­տո­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծով, ի­րա­ւունք չու­նի՛ն սա­կար­կե­լու Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:
Այդ ի­րա­ւուն­քը ար­դա­րա­ցո­ւած է  Ար­ցա­խի՛ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով եւ սե­րունդ­նե­րու կեան­քին գնով:
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն վերջ, 1375 թո­ւա­կա­նին, մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­կախ պե­տու­թիւն ու­նե­ցաւ գրե­թէ 550 տա­րի վերջ:
Այդ իսկ ան­կա­խու­թիւ­նը եր­բէք դիւ­րին չե­ղաւ պահ­պա­նել, կո­րաւ, բայց սրտե­րուն մէջ պա­հո­ւե­ցաւ ու վերս­տին կեր­տո­ւե­ցաւ:
Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րի­նե­րը հա­զիւ 33 են՝  եր­կու տա­րի 1918-էն-20 եւ 31 տա­րի՝ 1991-էն աս­դին:
­Պատ­մա­կան այս թո­ւա­կան­նե­րու եւ թի­ւե­րու ի­րո­ղու­թիւ­նը, հասկ­նա­լի կը դարձ­նէ, թէ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը, իբ­րեւ մե­ծա­գոյն ար­ժէք հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ սե­րունդ­նե­րուն ու վառ պա­հո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղովր­դի եւ ազ­գի հոգ­ւոյն մէջ, դա­րեր շա­րու­նակ:
Իբ­րեւ այն­պի­սին, որ­քա՜ն զայն թան­կա­գին կը զգանք, մա­նա­ւանդ ներ­կա­յի պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մէջ:
Ան­կա­խու­թիւ­նը պի­տի պա­հենք մեր աչ­քին լոյ­սին պէս, բո­լո՛րս, ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք:
­Մէ­կը միւ­սին լրաց­նե­լով, ոչ միայն պի­տի պահ­պա­նենք ու պաշտ­պա­նենք ան­կախ հայ­րե­նի­քը, այլ յա­ռաջ­դի­մա­կան ու ար­դար ծրա­գիր­նե­րով, իր թե­րու­թիւն­ներն ու տկա­րու­թիւն­նե­րը փո­խե­լով, պի­տի զար­գաց­նենք մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը բո­լոր մար­զե­րէն ներս:
­Վերջ ի վեր­ջոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կ­՚ու­զեն ու­նե­նալ ի­րենց սե­փա­կա՛ն ա­զատ հայ­րե­նի­քը, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տան որ հոն կրնան յա­ռաջ­դի­մել, զար­գա­նալ ու բար­գա­ւա­ճիլ, ի­րենց ազ­գի ու մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րուն հի­մամբ եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեամբ:
Ար­ժա­նի ըլ­լանք ­Մա­յիս 28-ին:
Ար­տա­քին վտանք­նե­րը եւ ներ­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւենք միաս­նա­կա­նու­թեա՛մբ եւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հա­ւատ­քով:
Ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մեր տես­լա­կա­նի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ, մեր յա­ջորդ թի­րա­խը թող ըլ­լայ, տօ­նել ան­կա­խու­թեան այս մեծ տօ­նը, Ար­ցա­խը տես­նե­լով հոն, ուր որ կը պատ­կա­նի՝ ­Հա­յաս­տա­նի գիր­կին մէջ, եւ բե­մե­րուն վրայ բարձ­րաձ­նե­լով մէ՛կ դրօշ, եր­գե­լով մէ՛կ ազ­գա­յին օրհ­ներգ:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ
ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեա­նի ու­ղեր­ձը

­Յու­նաս­տա­նի իմ սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Մեր ազ­գա­յին փա­ռա­հեղ յա­րու­թեան տօնն է ­Մա­յիս 28-ը:
­Վեհ սլաց­քի, հա­մա­հայ­կա­կան բռնցքու­մի ու յու­սա­հա­տա­կան կա­ցու­թե­նէն ան­նա­խըն­թաց յաղ­թա­նա­կի կեր­տու­մի խորհր­դա­նիշն է ան:
1918-ի  ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի ճա­կա­տա­մար­տե­րէն մին­չեւ 1992-ի ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը` հա­յու­թիւ­նը կը տօ­նէ իր բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն հա­րիւ­րա­մեա­կի փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նակ­նե­րը: ­Մա­յի­սին կը նշո­ւին նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին եւ Ար­ցա­խի բա­նա­կի ստեղծ­ման տօ­նը:
­Մեր պարտքն է նախ խո­նար­հիլ հայ­րե­նա­կերտ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռաջ ու մա­տու­ցել մեր յար­գան­քի տուրքն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը հան­դէպ այն սե­րուն­դին, որ ո­չին­չէն կեր­տեց հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն, ստեղ­ծեց պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ու ա­պա­հո­վեց հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի գո­յա­տե­ւու­մը: ­Մայ­սի 28-ով ստեղ­ծո­ւած հայ­րե­նի­քի հի­մե­րուն վրայ ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու կը շա­րու­նա­կէ զար­գա­նալ ներ­կա­յի մեր վե­րան­կա­խա­ցած հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու մեր գլխա­ւոր գրա­ւա­կանն է:
Երբ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­կաւ դրոշ­մե­լու իր ճնշող լու­ծը հայ մտքին, խղճին, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ, սահ­մա­նե­լով էու­թիւնն իսկ յետ Ե­ղեռ­նեան  տա­րագ­րեալ հա­յուն, ­Մա­յիս 28-ը ե­ղաւ այն ա­ռինք­նող փա­րո­սը որ փա­րա­տեց հա­յուն մտքի ու հո­գիի ա­հա­ւոր խա­ւա­րը ու վե­րա­կանգ­նեց ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Մա­յի­սեան սխրան­քը փշրեց վեր­ջին դա­րե­րու ստրկու­թեան, պար­տու­թիւն­նե­րու եւ ար­հա­ւիր­քի շղթան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ներշն­չե­լով յոյս: ­Յոյս՝ իր ա­պա­գա­յին ա­ռըն­չու­թեամբ եւ հաս­տատ հա­մո­զում՝ իր ոյ­ժե­րուն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ: ­Մա­յի­սեան ար­շա­լոյ­սով հայ ժո­ղո­վուր­դը ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն իր մէջ գտաւ այն­պի­սի նե­րուժ, որ ամ­րապն­դեց գո­յա­տե­ւե­լու իր պող­պա­տեայ կամ­քը եւ յու­սա­հատ կա­ցու­թիւ­նը գլխի­վայր շրջեց:
­Մա­յիս 28-ը ճամ­բան հար­թեց նաեւ 1991 ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ին. ա­նոր­մով ո՛չ միայն հի­մը դրո­ւե­ցաւ հայ ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան, այլ՝ ա­նոր պատ­գա­մով խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան տա­րի­նե­րուն գօ­տեպն­դո­ւե­ցաւ ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թիւ­նը եւ ան­խա­թար պահ­պա­նո­ւե­ցաւ ան­կա­խու­թեան հու­րը: Եւ ա­նոր խոր­հուր­դով հայ­րե­նի­քին վե­րա­դար­ձո­ւե­ցան ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը, ար­ժէք­ներն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը:
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռա­ջա­տար քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար մղող կազ­մա­կեր­պու­թիւն, միշտ խոս­տա­ցած է մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի այն ար­թուն պա­հա­կը, որ կ­՛ա­պա­հո­վէ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու յա­ւեր­ժա­ցու­մը եւ կը յու­նա­ւո­րէ ա­նոնց­մէ փխած ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու կի­րար­կե­լիու­թիիւ­նը: Ան նաեւ ե­ղած է, ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ, ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը զի­րար կամր­ջող գլխա­վոր օ­ղա­կը քած հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով որ հզօր հայ­րե­նի­քի ե­րաշ­խի­քը կազ­մա­կերպ, հայ­րե­նա­կեդ­րոն ու յանձ­նա­ռու սփիւռքն է նաեւ:
Այ­սօր մթագ­նած է հայ­րե­նի հո­րի­զո­նը, վի­րա­ւոր է Ար­ցա­խը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­պազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նա­հան­ջի մէջ են եւ շա­րու­նա­կա­կան զի­ջում­նե­րու՝ պատ­րաստ: Ա­նոնք հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լու եւ հա­մազ­գա­յին տես­լա­կա­նը ջլա­տե­լու սեւ աշ­խա­տան­քին են լծո­ւած:
­Բայց այս մութ օ­րերն ալ կ­՚անց­նին եւ վստա­հա­բար հայ ժո­ղո­վուր­դը իր մէջ կը վե­րագտ­նէ վճռա­կա­նու­թիւնն ու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ հզօր հայ­րե­նիք կեր­տե­լու, Ար­ցա­խի ար­ծու­բոյ­նը հայ­րե­նի­քին վե­րա­դարձ­նե­լու եւ յանձ­նա­ռու Ս­փիւռ­քով ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նա­կերտ­ման գոր­ծին փա­րե­լու հա­մար:
­Մեր գոր­ծի տա­րո­ղու­թիւ­նը ըն­դար­ձակ է, բազ­մա­շերտ ու եր­կա­րա­շունչ: ­Մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէ եր­բէք չենք խու­սա­փած եւ յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քով ենք վե­րա­նո­րո­գած մեր կամ­քը, կո­րովն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը: ­Մեր նպա­տակն է լա­րել բո­վան­դակ հա­յու­թեան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ի սպաս ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն, որ­պէս­զի միաս­նա­կան ու հա­մադ­րո­ւած ճի­գե­րով դուրս գանք պար­տու­թեան պար­տադ­րած ընկ­ճո­ւա­ծու­թե­նէն, կեդ­րո­նա­նանք մեր յաղ­թա­նակ­նե­րու ամ­րապնդ­ման վրայ եւ ազ­գո­վին միա­ւո­րո­ւինք նոր հանգ­րո­ւան­նե­րու հա­մազ­գա­յին տես­լա­կա­նի շուրջ :
­Մենք ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րու ներշն­չող պատ­գա­մին ա­մուր ջա­հա­կիր­ներն ենք ու պատ­րաստ՝ ա­մէն զո­հո­ղու­թեան որ­պէս­զի հզօ­րա­նայ եւ յա­ւեր­ժա­նայ մեր հայ­րե­նի­քը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն

 

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան
ան­դամ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նի ու­ղեր­ձը

­Մա­յիս 1918: Թր­քա­կան բա­նա­կը հա­սած է Ե­րե­ւա­նի դռնե­րը: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տա­ւոր է ընտ­րել: Կ­ռո­ւիլ կամ կրկին դար­նալ ստրուկ: ­Լի­նել կամ չլի­նել: 1918 ­Մա­յիս 28-էն ամ­բողջ 60-ա­մեակ մը ա­ռաջ՝ ո­գե­կան, հո­գե­կան ու մտա­ւոր զար­թօն­քի ար­դիւնքն էր, որ այդ օր­հա­սա­կան ժա­մուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ո­րո­շեց ըլ­լալ, ան­հա­ւա­սար կրիւ տա­լով ­Բաշ Ա­բա­րա­նի, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի եւ ­Սար­տա­րա­պա­տի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, հի­մը դնե­լով Ա­զատ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան:
1918-ի մա­յի­սեան պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձը ոչ միայն վե­րա­կա­րու­ցեց հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, ստեղ­ծե­լով ա­զատ հայ­րե­նիք, այլ նա մա­նա­ւանդ վե­րա­կանգ­նեց հա­յուն հա­մար դա­րե­րէ ի վէր կոր­սո­ւած ան­կախ լի­նե­լիու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը: Այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն էր, որ հա­կա­ռակ ան­կա­խու­թեան կարճ ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեան, դար­ձաւ փա­րոս, ա­ռաջ­նոր­դե­լու ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը, թէ հայ­րե­նի­քի եւ թէ սփիւռ­քի մէջ, զի­նո­ւած մա­յի­սեան ի­տեալ­նե­րով, պայ­քա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն ի խնդիր, նո­ւա­ճե­լու Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով կեր­տե­լու ներ­կա­յի եր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը:­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­գամ մը եւս կը գտնո­ւի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին պա­հու մը: ­Հա­յաս­տա­նի թրքաց­ման վտան­գը կրկին ներ­կայ է: 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մով Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րէն 3/4-ը ան­ցան ա­զե­րի­նե­րու ձեռ­քը ու մնա­ցեալ 1/4-ը շրջա­փա­կո­ւած թշնա­միէն կը փոր­ձէ գո­յա­տե­ւել, հա­կա­ռակ բո­լոր ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րուն: ­Հա­յաս­տան կորսն­ցուց իր անվ­տան­գու­թեան հիմ­նա­կան դար­պաս­նե­րէն մէ­կը։ ­Կորսն­ցուց նաեւ իր զար­գաց­ման միակ ու­ժա­նիւ­թը։ Ամ­բողջ սե­րունդ մը։ ­Միա­ժա­մա­նակ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը կը ձգտի սեր­տաց­նել երկ­րի դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ հետ, հա­կա­րակ այն ի­րո­ղու­թեան որ ­Թուր­քիան էր ա­զե­րի­նե­րու կող­քին, 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը ծրագ­րո­ղը եւ մա­տա­կա­րա­րո­ղը:
Այ­սօր, ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար վեր­յի­շել այն մա­յի­սեան ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնք 104 տա­րի ա­ռաջ, տո­ւին ի­րեն ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­լու ան­հա­ւա­տա­լին: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դե­ցին 1918-ի ժո­ղո­վուր­դը: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնց հա­ւա­տա­ցին 70 տա­րի յե­տոյ Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը, երբ ­Շու­շին ա­զա­տագ­րե­ցին: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնց հա­մար սե­րունդ մը ամ­բողջ, եր­կու տա­րի ա­ռաջ, զո­հո­ւե­ցաւ, քա­ջա­բար կռո­ւե­լով, հա­կա­ռակ իշ­խա­նու­թեան կող­մէ նա­խա­հա­մա­ձայ­նո­ւած դա­ւա­ճա­նու­թեան։
­Մենք Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը հպարտ ենք, որ կը պատ­կա­նինք այն կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ միշտ պայ­քա­րե­ցաւ ու կը պայ­քա­րի իր բո­լոր ու­ժե­րով վառ պա­հե­լու մա­յի­սեան փա­րո­սը: ­Խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցինք դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, բայց միա­ժա­մա­նակ վստահ ենք, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մէջ պի­տի վե­րա­զարդ­նի ­Հայ­կի ա­զա­տա­տենջ ո­գին ու պի­տի կեր­տէ նոր ­Մա­յիս 28-եր:
­Յար­գանք մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տող­նե­րու յի­շա­տա­կին:
­Յա­րա­տեւ կռիւ՝ մին­չեւ միա­ցեալ եւ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծու­մը: